ԱՐԱՐԱՏ ԷՍՔԻՃԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ ՀԱՅ ԻՐԱՒԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ (ՆԱԱՍՐ) Կը ներկայացնեն ՆԱԻՄ ՊԷՅԻ ՅՈՒՇԵՐՆ ՈՒ ԹԱԼԷԱԹ ՓԱՇԱՅԻ ՀԵՌԱԳԻՐՆԵՐԸ Արդեօք անոնք «Հայկական կեղծիքներ» էի՞ն Դասախօսութիւն՝ Տոքթ. ԹԱՆԷՐ ԱՔՉԱՄի կողմէ Րապըրթ Արամ եւ Մարիան Գալուստեան եւ Սթէֆըն ու Մարիան Մուկար Փրօֆ. Գլարք Համալսարանի Հայոց Ցեղասպանութեան Ուսումնասիրութիւններու Կիրակի, Նոյեմբեր 20, 2016 երեկոյեան ժամը 4:00ին Արարատ էսքիճեան Թանգարանի «Շին Մատրան» մէջ 15105 Mission Hills Road, Mission Hills, CA Մուտքը ազատ (նուիրատուութիւնները քաջալերելի են) զատ (նուիրատուութիւնները քաջալերելի են) 1920-21 թուականին, Հեղինակ եւ խմբագիր Արամ Անտոնեան հրատարակած է գիրք մը, որ ճանչցուած է անգլերէնով, որպէս Նաիմ Պէյի Յուշերը, իսկ Հայերէնով որպէս Մեծ Ոճիրը: Ան կը պարունակէ է գրուածքներ Օսմանեան պաշտօնեայի եւ հեռագրեր Թալէաթ փաշայի, որոնք կը պարունակեն Հայերը սպաննելու հրահանգներ: 1983ին, թուրք հեղինակներ sinasi Orel եւ Sureyya Yuca հրատարակեցին գիրք մը հաստատելու համար որ Յուշերը կեղծ էին եւ հեռագրերը կեղծիքներ էին: Փաստարկը ունէր երեք հիմնական սիւներ: 1) Չկար Նաիմ Պէյ անունով մարդ մը 2) Չկար իրական Յուշեր, քանի որ գոյություն չունեցող անձը չկրնար յուշեր գրել 3) Այսպէս կոչուած Թալէաթ փաշայի հեռագրերը, ենթադրեալ յուշեր էին յօրինուած Անտոնեանի կողմէ: Չնայած անոր, որ հետազօտող Տէր Գրիգոր Կէրկէրեան (kriger), 1965 թուին Հրատարակած է մանրամասն քննութիւն Անտոնեանի հրապարակած եւ անտիպ նիւթերուն եւ Փրօֆ. Վահանգն Տատրեան 1986 թուին հրապարակած է ծաւալուն պատասխան Orelի եւ Yucaի, ընդհանրապէս գիտական աշխարհը դադրեցաւ օգտագործելէ յուշերն ու հեռագիրները իբրեւ վստահելի աղբիւրներ: Մինչեւ հիմա, Անտոնեանի յաւակնութեան դէմ մնացած են անպատասխան եւ դարձած մերժողականութեան անկիւնաքարը: Թանէր Աքչամը, վտանգեց նախաձեռնարկելով այս շատ վիճելի տարածքին եւ հետապնդեց հարցը իր անհրաժեշտ եզրակացութեան, դուրս ձգտելով արխիւային աղբիւրները եւ փաստաթուղթերը, որոնք անհրաժեշտեն գիտական պատշաճ գնահատման: Հարց պէտք է տրուի: Արդեօ՞ք ժամանակ՞ն է հեռացնել ժխտողական պատի վերջին աղիւսներէն մին եւ դիտել ճակատի քանդումը: