October 29, 2015
Տիգրանուհի Կիւզելեան
ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին
Ճեմիլ Քիւնեհ
մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրի աշնանային դասախօսութեանց շարքին մաս կազմող ներկայացումի մը ընթացքին, դոկտորական թեկնածու Ումիթ Քիւրթ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին պիտի խօսի Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հայեր փրկած՝ օսմանեան բանակի քիւրտ սպայ Ճեմիլ Քիւնեհի իրագործումներուն մասին։ Նշենք, որ «Քիւրտ Շինտլեր» անուանումը ստացած Քիւնեհը աւելի ուշ ամուսնացած է Տիգրանուհի Կիւզէլեանի հետ։
Ումիթ Քիւրթ ներկայիս Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ այցելու դասախօս է։
Ձեռնարկը, որ կազմակերպուած է «Լիան Փիթըրզ» հիմնարկին հովանաւորութեամբ, տեղի պիտի ունենայ համալսարանի գործարարական բաժանմունքի «Էլիս Փիթըրզ» սրահին մէջ: Ձեր ինքնաշարժները կարելի է ձրիաբար պահել P5 կամ P6 կանգառներուն մէջ։
Մուտքը ազատ է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: