Թանէր Աքչամ կը շարունակէ 1915-ը դատապարտող մէջբերումներ ընել Աթաթիւրքէն

 

Թանէր Աքչամ կը շարունակէ 1915-ը դատապարտող մէջբերումներ ընել Աթաթիւրքէն

2013/12/07

 

ՄԱՐՄԱՐԱ«Մուսթաֆա Քէմալն ու 2015-ը»

Թուրք պատմաբան Թանէր Աքչամ սկսած է «Թարաֆ»ի մէջ յայտնաբերել Աթաթիւրքի կողմէ յայտնուած գաղափարներ, որոնք յստակօրէն կը դատապարտեն Հայոց տեղահանութեան ու անոնց դէմ գործուած սպանդներուն պատասխանատուները ու կը պահանջեն, որ պատասխանատու իթթիհատականները պատժուին, բայց պատժուին ոչ թէ թուղթի վրայ, այլ գործնապէս, որովհետեւ իթթիհատականներու մտայնութեան վերակենդանացումը կրնայ վնասակար ըլլալ երկրին։

Ընթերցողները պիտի յիշեն, որ Թանէր Աքչամ նախորդ յօդուածով մը դիտել տուած էր, որ վարչապետ Էրտողան Տիյարպաքըրի մէջ Քիւրտիստան անունը արտասանած էր եւ ինքզինք արդարացուցած էր`  յիշեցնելով որ Մուսթաֆա Քէմալն ալ (Աթաթիւրք) արտասանած էր այս անունը։ Եթէ այսօր կարելի էր Քիւրտիստան անունը արդարացնել Մուսթաֆա Քէմալին խօսքերով, արդեօք նոյնը կարելի չէ՞ ընել նաեւ դատապարտելու համար 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Թանէր Աքչամ խոստացած էր իրերայաջորդ կերպով հրատարակել փաստաթուղթեր, որոնց մէջ Մուսթաֆա Քէմալ դատապարտասծ է պատերազմի ընթացքին Հայոց դէմ գործուած ոճիրները։ Մուսթաֆա Քէմալին այդ գաղափարները այսօր Թուրքիոյ ղեկավարներուն կրնան օգնական ըլլալ, որպէսզի անոնք ընդունին ցեղասպանութեան իրականութիւնը ու վերջ տան ուրացումի քաղաքականութեան։

Այս նպատակով է, որ Թանէր Աքչամ երէկ իր երկրորդ յօդուածով կը յիշեցնէր այն փրոթոքոլները, որոնք Ամասիոյ մէջ ստորագրուած էին 1919-ին Մուսթաֆա Քէմալի գլխաւորած Ներկայացուցիչներու ժողովի ու Իսթանպուլի Ալի Րըզա Փաշա կառավարութեան միջեւ։ Այս փրոթոքոլներու ստորագրութենէն առաջ Մուսթաֆա Քէմալ հեռագիր մը քաշած է Իսթանպուլ եւ պաշտպանած է այն գաղափարը, թէ իթթիհատական ղեկավարները պէտք է պատժուին պատերազմի ընթացքին իրենց գործած յանցանքներուն համար։

Այդ պատիժը պէտք չէ մնայ թուղթի վրայ, այլ պէտք է հանդիսաւոր կերպով գործադրուի, որպէսզի տեսնեն Թուրքիոյ բարեկամներն ալ, թշնամիներն ալ։ Մուսթաֆա Քէմալի ասութեամբ` «Պատերազմի յանցագործութիւններուն յայտնաբերումն ու պատժուիլը ցոյց պիտի տայ, որ մեր հայրենիքին մէջ պատասխանատուութիւնները հաւասարապէս կը բաժնուին թէ մեծերուն, թէ պզտիկներուն միջեւ։»

Մուսթաֆա Քէմալի կարծիքներուն մէջ արտասանուած է նաեւ «տեղահանութիւն» բառը։ Թանէր Աքչամ կը յիշեցնէ անոր սա նախադասութիւնը. «Իթթիհատականներու մտայնութեան վերակենդանացումը, այդ ուղղութեամբ կարգ մը ազդանշաններու յայտնութիւնը քաղաքական տեսակէտէ վնասակար է։ Անոնք, որոնք տեղահանութեան պատճառաւ յանցանք գործած են, անխուսափելիօրէն պէտք է պատժուին դատական եւ քաղաքական տեսանկիւնէն»։

Թանէր Աքչամ կը յիշեցնէ այլ նախադասութիւն մըն ալ, զոր կարելի է արտագրել որպէս Մուսթաֆա Քէմալի մտածումը։ Մուսթաֆա Քէմալ 24 ապրիլ 1920-ին Խորհրդարանի բացման առթիւ ըրաւ երկար ճառախօսութիւն մը եւ հոն Հայոց դէմ գործուած սպանդներուն մասին խօսեցաւ` գործածելով «ֆէզահաթ» բառը, որ կը նշանակէ ամօթալի արարք։ Թանէր Աքչամ կը յիշեցնէ, որ ատենօք լրագրող Էրթուղրուլ Էօզքէօք իր վրայ յարձակած էր պնդելով, որ Աթաթիւրք այդպիսի բան մը չէ ըսած, բայց յետոյ ան ստիպողութեան տակ մնացած էր իր թքածը լիզելու։ Թանէր Աքչամ կը գրէ, որ այս նիւթի շուրջ պարկ մը լեցուն փաստ կրնայ յիշեցնել Աթաթիւրքէն ու պիտի շարունակէ անոնցմէ օրինակներ նշել։

Share

Most Recommended