Թորոնթոյի «Մաշտոց » գրական խմբակը որ ամէն ամիս կանոնաւոր կերպով եւ մեծ յաջողութեամբ կը շարունակէ հաւաքոյթներ կազմակերպել հայ գրականութեան հեղինակաւոր գրագէտ ու բանաստեղծները ծանօթացնելու նպատակով։ Վերջերս այս խմբակին արթած մեծ հետաքրքրութեան շնորհիւ օրստ օրէ կաւելնայ անդամներու ու հետեւողներու թիւը։
«Մաշտոց » Գրական խմբակի վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 20 Նոյեմբեր 2013 Չորեքշաբթի երեկոյ։ Մեզի համար մեծ անակնկալ եւ ուրախութիւն էր ներկայութիւնը վայելել Պոլսոյ Պետական օփերայի նախկին վաստակաւոր արուետագիտուհի՝ Տիկ. Ալիս Մանուկեանի, որ քաղաքս եկած էր իր հարազատները այցելելու համար։
Օրուայ զեկուցաբերն էր խմբակի վարիչ ու հիմնադիր անդամներէն նախկին գրադարանագէտ, հայ գրականութեան հմուտ, կրթական մշակ Սարգիս Համպոյեան։ Պրն. Համպոյեան իր ելոյթի ընթացքին անդրադարձաւ հայ գրականութեան քաջածանօթ յայտնի գրագէտ, գրականագէտ եւ 46 տարիներէ ի վեր «Մարմարա » օրաթերթի Խմբագրապետ՝ Ռ.Հատտէճեանի գրական վաստակին, այցելութիւն մը տալով անոր ստեղծագործական աշխարհին։ Պրն.Համպոյեան Ռ.Հատտէճեանի գործերով այնքան խանդավառուած եւ տոգորուած էր որ իր զեկուցումը փոխանակ երկու ժամէն աւարտելու կէս ժամ աւելիով վերջացուց։
Ռ. Հատտէճեան այն բացառիկ գրագէտնէ որ Փոխ Խմբագրապետուհի Օր. Մաքրուհի Պ. Յակոբեան իր մասին կ՛արտայայտուի հետեւեալ կերպով, « Որպէս սրատես եւ բանիմաց լրագրող, անմրցելի բեմբասաց, եւ թէ մանաւանդ որպէս բազմարդիւն եւ ներհուն գրագէտ, իր առաջնորդող յօդուածներով, հաւասարակշռեալ լրատուութեամբ, հիւթեղ եւ առինքնող գրականութեամբ, առաջատարը եղաւ լրագրական եւ գրական զարթօնքի մը, անհատուցանելի ծառայութիւն մատուցանելով մեր ազգային կեանքին, նաեւ հանդիսանալով աշխարհի մէջ հայ լրագրական ասպարէզէ ներս ամէնէն երկարատեւ շրջանով ծառայող խմբագրապետը ։»
Սարգիս Համպոյեան իր բանախօսութեան ընտրած էր՝ « Ռոպէր Հատտէճեանի գրականութեան մտերմութեան մէջ » թէման։ Ան յայտնեց թէ երեք տարի առաջ ալ խօսած էր իր մասին, նոյնպէս աւելի առաջ դարձեալ երկու դասախօսութիւններ նուիրուած էր մեծահամբաւ գրագէտին։ Պրն. Համպոյեան կը յայտներ որ Ռ. Հատտէճեանի համար պատրաստուած բոլոր այս գրական երեկոները մէկմէկ ներածականներ են գրական այն հսկայ աշխարհին համար, որ ստեղծուած է Ռ. Հատտէճեանին կողմէ։ Ռ. Հատտէճեան իր գրականութեան մէջ ստեղծած է գրական աշխարհ մը, գրական, իմացական հսկայ ու գեղեցիկ աշխարհ մը, որուն այցելութեան երթալու եւ վայելելու համար երկու ժամը անբաւարար է։
Համպոյեան Ռ. Հատտէճեանի գործերը նմանցուց հետեւեալ օրինակին « Երբ ծարաւ էք եւ կ՛երթաք աղբիւրի մը որուն ջուրը զուլալ է, ընտիր է եւ ձեզ կը հիացնէ, կը յագեցնէ, դուք այդ աղբիւրին միշտ կամ աւելի յաճախ կ՛ուզէք երթալ ու վայելել։»
Պրն. Համպոյեան իր խօսքերը շարունակեց հետեւեալ խօսքերով « Բոլորս ալ գիտենք թէ Ռ.Հատտէճեան Իսթանպուլահայ գրող մըն է, բայց որեւէ գրող չէ, որովհետեւ իր շատ մը տուեալները նկատի առնելով հաւանաբար ներկայիս ան ամէնէն հռչակաւոր եւ ամէնէն մեծ հայ գրողն է։ Թէ իր տեղը ու՞ր է մեր ընդհանուր գրական պատմութեան մէջ, այդ կը ձգեմ ապագայ գրական պատմագէտներուն։ Ես վստահ եմ որ ան ապահով տեղ մը եւ դիրք մը պիտի ունենայ Մեսրոպ Մաշտոցի, Մովսէս Խորենացիի, Եղիշէի, Գրիգոր Նարեկացիի, Ներսէս Շնորհալիի եւ Գրիգոր Տաթեւացիի եւ ասոնց նմաններու կողքին։ Ռոպէր Հատտէճեան 1946 թուականէն ի վեր գրած է եւ տակաւին կը գրէ ու գրելէ աւելի ճիշդ է ըսել որ կը ստեղծագործէ։
Իր գրական ստեղծագործութեան եթէ լրջօրէն մօտենալու ըլլաք ապշեցուցիչ է, ապշեցուցիչ է որպէս քանակ, որպէս որակ, որպէս արուեստ եւ որպէս գրական սեռ։»
Ներկայ գրասէրներ լարուած ուշադրութեամբ եւ խիստ հետաքրքրութամբ կը հետեւէին Համպոյեանի զեկուցումներուն։ Ան մասնաւորաբար կ՛ընդգծէր թէ, Ռ. Հատտէճեան ցարդ հեղինակած եւ հրատարակած է 71 գիրքեր եւ ներկայիս տպագրութեան պատրաստ է 30-40 գիրքեր եւս, ասոնցմէ զատ ունի թարգմանութիւններ, գրական վէպեր զորս հայերէնի թարգմանած է ֆրանսերէն կամ անգլերէնէ։
Պրն. Համպոյեան ներկաներուն հետեւեալ հարցումը ուղղեց « Գ՞իտէք ոեւէ հայ գրող մը -ներկայիս կամ անցեալին- որ ստեղծագործած է այդքան թիւով գործեր։ Կը տարուիմ հարցնելու թէ ան այս արտակարգ միտքը, ուղեղը ու՞րկէ կը գտնէ կամ այս քանակութամբ գրելու եւ ստեղծագործելու կարողութիւնը ու՞րկէ կու գայ, իսկապէս հանելուկ մըն է։ կրնանք հարցնել՝ թէ արդեօք ժամանակ ունի՞ քնանալու, ժամանակ կու տայ՞ ուտելու կամ սնանելու, ժամանակ կու տայ՞ քիչ մը զբօսանքի։»
Պրն. Համպոյեան յայտնեց թէ, այս բոլորին կողքին Ռ. Հատտէճեան ունի «Մարմարա » թերթին աշխատանքն ու պատասխանատուութիւնը։ Ներածական այս խօսեքերէն ետք այժմ ունի մտահոգութիւն մը, ի՞նչպէս կրնար յառաջիկայ երկու ժամուայ մէջ ներկայացնել այս իմացական հսկան եւ անոր ստեղծած հսկայ աշխարհը։ Միջազգային մեծ գրողներու համար Համալսարաններու գրական բաժիններու մէջ ամիսներու վրայ երկարող դասընթացքներ գոյութիւն ունին, այս դասընթացքներու ընթացքին ուսանողներ մօտէն կ՛ուսումնասիրեն, կը սերտեն, կը ծանօթանան այդ մեծ գրողներու կեանքին ու գործերուն։ Պրն. Համպոյեան շեշտաց որ արտասահմանի մէջ այսպիսի դասընթացքներ չկան, իսկ չի գիտեր թէ Երեւանի համալսարանները ի՞նչ կ՛ընեն մեր մեծ գրողներու մասին, եթէ այսպիսի դասընթացքներ ըլլային պէտք էր որ Ռ. Հատտէճեանն ալ ուսումնասիրուէր համալսարանական մակարդակի վրայ։
Պրն. Համպոյեան շարունակեց իր խօսքերը հետեւեալ կերպով « Ինծի համար շատ յստակ է. Ռ.Հատտէճեանի գրական վաստակը հասկնալու եւ գնահատելու համար, ամիսներ ու տարիներ շարունակ պէտք է կարդալ ու սերտել իր ստեղծագործութիւնները։ Իրմէ մէկ, երկու գիրք կարդալը ընթերցողին կը շնորհէ վայելք մը կամ սնունդ մը, բայց ընդհանուր պատկերին մէջ փոքրիկ մաս մըն է այդ։ Ռ. Հատտէճեան ըսուած ընդհանուր պատկերը տեսնելը իսկապէս զօրաւոր փորձառութիւն մըն է։
Թորոս Թորանեան որ մասամբ կը նմանի Ռ. Հատտէճեանին, ինքն ալ յորդառատ գրիչ մըն է, Ռ.Հատտէճեանը կը կոչէ ամբողջական գրագէտ, թէ ի՞նչու. երկու պատճառներ կու տայ, նախ կը խորհի թէ Ռ.Հատտէճեան արուեստագէտ գրող մըն է, երկրորդ Ռ. Հատտէճեան փորձած է արձակի բոլոր սեռերը, գրած է պատկերներ, պատմուածքներ, խորհագրութիւններ, թատրերգութիւններ, վէպեր, գրաքննադատութիւններ, գրական վերլուծումներ։ Այս բոլորին մէջ շարունակ ի յայտ բերած է իր գրական բարձր ճաշակը, իր իմաստասիրական խորքը, հետաքրքրական եւ իմաստալից գաղափարներու շարահիւսութիւնը եւ միշտ տրամաբանական կառուցուածքը։ Իր բոլոր գործերը այս յատկանիշները ունին։»
Զեկուցաբերը նուազագոյն ժամանակ տուաւ Հատտէճեանի կենսագրութիւնը բացատրելու, փափաքն այն էր որ աւելիով ծանօթացնել զինք իր գրականութեան ընդմէջէն։ Ինք կարդալով Հատտէճեանի շատ մը գիրքերը, եղած է իր գրականութիւնը բարձր գնահատող եւ գրականութեան սիրահար։ Հատտէճեանի մասին հետեւեալ կերպով կ՛արտայայտուէր. « Իր միտքը, սիրտը, հոգին ճանչնալու, ըմբռնելու, գնահատելու եւ վայելելու համար պէտք է կարդալ իր գրութիւնները, իր գրականութիւնը, այսինքն այն ամէնը ինչ որ յանձնած է թուղթին, ինչ որ արձանագրած է իր գրականութեան մէջ, հոն է, այս գիրքերուն մէջ է իսկական, իրաւ, ճշմարիտ, թեւաւոր, առինքնող Ռ.Հատտէճեանը։ Հոն գիրքերուն մէջ իր արձանագրած խօսքին ու բառերու ընդմէջէն կը զգաք ու կը տեսնէք Ռ. Հատտէճեանի պայծառ, փայլուն, խօսուն, թռչող, պրպտող, միտքն ու հոգին
( զեկուցաբերը մասնաւորաբար հոս շեշտեց թէ՝ այս բառերը շատ գիտակից կերպով կը գործածէ)։ Մենք կարդալով շատ բան կը սորվինք իրմէ, կը գնահատենք զինք, կը սկսինք մտածել իր հետ, մեր առջեւ կը տեսնենք շատ բան ընդարձակ հորիզոնի մը վրայ, իր գրութիւններուն մէջ միշտ ներկայ է իմաստասիրական ոգին եւ հոգեբանական վերլուծումը։»
Ապա Պրն. Համպոյեան հակիրճ կենսագրականը տուաւ Հատտէճեանին, որ կը տիրապէտէ չորս լեզուներու, տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ իր ընտանեկան անդամներուն, դասընկերներուն մասին, մասնաւորաբար անդրադարձաւ լեզուագէտ Յակոբ Մարթաեանի հետ Հատտէճեանի ունեցած ծանօթութեան, մտերմութեան նշելով որ Հատտէճեան վայելած է Մարթայանի հովանաւորութիւնը նաեւ բարեկամանալով իր հետ անհաւատալի մէկ ընթերցողը կ՛ըլլայ եւ կ՛օգտուի իր գրադարանէն։
Սարգիս Համպոյեան, Հատտէճեանի լրագրական ասպարէզին մասին անդրադառնալով, յայտնեց թէ՝ «1967 ին կը դառնայ « Մարմարա » օրաթերթի արտօնատէր եւ խմբագրապետ, այդ օրէն ի վեր « Մարմարա »ն կը նշանակէ Ռ. Հատտէճեան եւ Ռ. Հատտէճեան կը նշանակէ « Մարմարա »։
« Գրական վաստակին մասին կրնանք ըսել որ ովկեանոսային է, ոչ մէկ այլ հայ գրող մը մեր գրական պատմութեան մէջ հեղինակած է այնքան գիրք, որքան Ռ. Հատտէճեանը, աւելին եթէ քանակին հետ նկատի ունենանք հրատարակուած գործերուն որակական արժէքը չեմ կարծեր որ ոեւէ այլ հայ գրող իրեն պիտի հաւասարի։ Որպէս գրասէր եւ ընթերցասէր իմ համեստ գնահատանքով իր բարձրորակ գործերու կողքին չեմ տեսներ, չեմ գտներ որեւէ գործ, որուն համար պիտի ըսեմ թէ թոյլ է կամ տկար յարաբերաբար։ Բոլորն ալ պրպտող մտքով գրուած են ընթերցողին բան մը սորվեցնելու, փոխանցելու տրամադրութեամբ գրուած գիրքեր են։»
Զեկուցաբերը Հատտէճեանի գիրքերը նմանցուց լեռնաշղթայի մը, որոնք բոլորն ալ բարձր են, բոլորն ալ բարձր լեռներ, բոլորն ալ բարձր որակով գրուած որոնք սքանչելի իրագործումներ են։ Ան ընդգծեց. «Հայերէն կարդալ գիտցող եւ հայերէն կարդալ սիրող անձի մը համար իւրաքանչիւր գործ ունի արտակարգ իւրայատկութիւն մը, արտասովոր գրագրչութիւն մը եւ իւրայատուկ արժէք մը, իւրաքանչիւրը անխաբան կը պատճառեն վայելքի եւ յափշտակութեան փորձառութեան վայելք։»
Յետոյ շարունացեց սա տողերով « Հատտէճեան գրած է թատերախաղեր, պատմուածքներ, վէպեր, ուղեգրութիւններ, կենսագրութիւններ, յուշատետրերու երկար շարք մը։ Յուշատետրերն ալ կարելի է բաժնել քանի մը խումբերու։ Հայ գրականութեան նուիրուած յուշատետրներ, լեզուաքննական գրքեր, ազգային հարցերու մասին « ինչեր տեսանք, ինչեր լսեցինք» նաեւ թարգմանութիւններ։ Միայն չէ փորձած գրել յանգաւոր բանաստեղծութիւններ, բայց ունի արձակ բանաստեղծութիւններ։ Ռ.Հատտէճեանի գրականութեան հիմնական առանցքը մարդ արարածն է իր արօրեայ երեւոյթներով, ակնկալութիւններով, պայքարներով, ուրախութիւններով, տագնապներով, յաջողութիւններով, ձախողութիւններով։ Այս բոլորը այլ եւ այլ վայրերու եւ կացութիւններու մէջ։ Իր գործերուն մէջ միշտ ներկայ է իմաստասէր եւ հոգեբան Ռ. Հատտէճեանը, բառերու եւ նախադասութիւններու ետին այնքան լաւ ծանօթ է մարդկային մտքին եւ հոգիին, մարդկային արարքները, որոշումները, քայլերը, արտայայտութիւնները կ՛արձանագրուին, կը հասկցուին, կը բացատրուին եւ կ՛իմաստաւորուին հոգեբանական, պատմական եւ աժմէական տուեալներով եւ ան այս բոլորը կը շարադրէ այնքան պարզութեամբ եւ մատչելիութեամբ։ Դիտող, մտածող Ռ.Հատտէճեանի եւ իր գրիչին միջեւ այնքան սէր ու անմիջական յարաբերութիւն մը կայ որ ընթերցողին միտքը միայն երախտագիտական զգացումներով կը լեցնէ։»
« Հայ լեզուի հսկայ վարպետ մըն է, այնքան գեղեցիկ կերպով ու վարպետօրէն գիտէ գործածել մեր մեծասքանչ լեզուն, ան այնքան քաջածանօթ է մեր լեզուի բոլոր նրբութիւններուն, ինչպէս նաեւ մեր գրականութեան եւ պատմութեան բոլոր մանրամասնութիւններուն ու կարծես քալող համայնագիտարան մըն ալ ինքն է եւ ինչ որ կը գրէ եւ ինչ որ կը պատմէ այնքան դիւրասահ, մատչելի, հաճելի, հասկնալի կերպով կը ներկայացնէ։ Ռ. Հատտէճեանի գործերուն մէջ մերթ ուղղակի, մերթ անուղղակի միշտ ներկայ է պատուական հայը, իր զգայուն սրտով ու հոգուով եւ արժանապատուութեամբ։»
« Եզրակացնելով կրնանք ըսել թէ՝ իր գրական կեանքը, իր գրական ներդրումը, ինչպէս նաեւ իր նուիրումը նկատի առնելով, Ռոպէր Հատտէճեան ներկայ գրականութեան իմաստուն Վեհափառ Հայրապետն է եւ ամէնէն հզօր ներկայութիւնը մեր գրականութենէն ներս։ Իրմով է որ արդի հայ գրականութիւնը կը մնայ լուսաւոր, լուսաճաճանչ եւ լուսավառ, ներկայիս հայ գրականութեան հմայքը իրեն կը պարտինք։
Ռ.Հատտէճեան մտքով, սրտով պատուական ու զօրաւոր հայ մըն է, որքան երջանիկ է ու հպարտ իր պատկանած ազգին յաջողութիւններով, նոյպէս մտահոգ է իր ազգին ձախողութիւններով եւ հիւանդութիւններով, բայց ան միշտ կ՛ակնկալէ լաւագոյնը իր ազգին։»
Այնուհետեւ Սարգիս Համպոյեան, յաջորդաբար կարդաց Ռ. Հատտէճեանի գրական գործունէութեան 40 ամեայ հանգրուանին առիթով իրեն ուղղուած շնորհաւորական եւ գնահատական նամակներէն Գրիգոր Շահինեանի շնորհաւորական նամակը։ « Պտոյտ հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ » հատորէն «Պոլսահայ մտաւորական կիները եւ Կոմիտաս », եւ « Զրոյց հինցած գրիչի մը հետ » գրքէն համանուն գրութիւնը։
Ռ. Հատտէճեանի գրականութենէն կտորներ ներկայացուեցաւ նաեւ « Մաշտոց » գրական յանձնախումբի անդամուհիներէն՝ Սօնա Դերձակեանի կողմէ։ Ան կարդաց « Հայկական առածներ » գրքէն « Բերանդ բանալու տեղ աչքդ բաց », ապա ներկայացուց « Առաստաղ » վէպէն զանազան էջեր։
Տաղանդաւոր դերասանուհի ու բեմադրիչ՝ Սիրարփի Աճէմեան խօսք առնելով բացատրեց թէ՝ ինչպէս սկսաւ թատրոնի կեանքին եւ թէ ինչպէս բեմ ելաւ ծանօթ դերասան Արթօ Պէրպէրեանի հետ եւ զանազան միութիւններու մէջ աւելի քան 35 անգամ ներկայացուց Ռ. Հատտէճեանի « կեանքի մը երեք Կիրակիները » թատրերգութիւնը։ Ապա Տիկ. Աճէմեան Ռ. Հատտէճեանի « Մահը ա՞յս է արդեօք » յուզումնալից թատրերգութենէն ապրումով ու մեծ յուզումով մասեր ներկայացուց ցոյց տալով իր դերասանի կարողութիւնը ու յատկութիւնը, որ արժանացաւ բոլորին ջերմ գնահանքին։
Սարգիս Համպոյեան վերջին կտոր ըլլալով Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի « Անվերջակէտ զրոյց՝ մեր գրականութեան երախտաւորներուն հետ » հատորէն Ռ.Հատտէճեանի « Աղօթք »ը կարդաց։ Բացառիկ ոգեւորութեամբ ունկնդրուեցաւ այս բանախօսութիւնը, որ մեծապէս գնահատուեցաւ խանդավառութեամբ եւ ջերմ ծափահարութիւններով։ Ներկայ գրասէրներ Հատտէճեանի գրականութեան աւելի մօտէն ծանօթանալով յագեցումի վայելքով ակամայ մեկնեցան։
Nor Marmara