ՊԱՏԳԱՄ՝ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵՆԷՆ –

When: Back to Calendar August 5, 2014 @ 4:45 PM - 5:45 PM
Categories:
Uncategorized

ՊԱՏԳԱՄ՝

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵՆԷՆ

Պոլսահայ Միութեան սիրելի անդամներ եւ բարեկամներ,

 

Անգամ մը եւս խորապէս մեծարուած ենք այլ շրջանի մը համար ձեր բոլորին դիմաց կանգնելու իբրեւ Ատենապետը մեր մեծ Միութեան եւ իբրեւ Նախագահը Գործադիր Յանձնախումբին: Մեր վերջին շրջանին ընթացքին, մեր լաւագոյնը կատարեցինք շարունակելու մեր միութեան առաքելութիւնը: Պոլսահայ Միութիւնը կազմակերպեց բազմաթիւ յաջող միջոցառումներ` նպաստելով Հայկական մշակոյթին եւ ժառանգութեան: Մենք անգամ մը եւս յարգանքի տուրք մատուցանեցինք մեր նահատակ Հրանդ Տինքին, նաեւ առաջին անգամ ըլլալով Հրանդ Տինքի Հոգիի ազատութեան եւ արդարադատութեան մետալը շնորհեցինք համայն հասարակութեան դիմաց, կազմակերպեցինք համայնքային ներկայութեամբ համաժողովներ եւ բարձրացուցինք մակարդակը մեր դիրքին եւ համարժէքին:

Չնայած մեր զանազան Յանձնախումբերուն եւ մեր բազմաթիւ կամաւորներու  ջանքերուն, մենք կազմակերպեցինք մշակութային, կրթական եւ ընկերային միջոցառումներ. նաեւ հաւաստիացուցինք թէ մեր առաքելութեան կարիքներէն մին է՝ կրթաթոշակներու շնորհումը Քոլէճի արժանի ուսանողներուն, ինչպէս նաեւ նիւթական աջակցութեան կարիք ունեցող ընտանիքներուն, որոնք իրենց զաւակները հայկական վարժարաններ կ՛ուղարկեն: Մեր Շրջանաւարտից Յանձնախումբերը կը կազմակերպեն նաեւ իրենց աւանդական տարեկան ընթրիքները Հիմնադրամի ֆոնտերուն դրամահաւաքի համար: Մխիթարեան Վարժարանի Սանուց Յանձնախումբը կազմակերպեց յաւելեալ յատուկ դրամահաւաքի ձեռնարկներ որոնք օգնեցին շէնքին շինարարական ծախսերուն պարտքերուն նուազեցման: Նաեւ, մենք հաճոյքով ողջունեցինք մեր նորագոյն Շրջանաւարտներու խումբը, Ֆէրիգիւղի Մերամէթճեան Վարժարանի նորակազմ Յանձնախումբը: Յառաջիկայ տարիներուն, մինչ  մենք կը նայինք դէպի իրենց ներդրումներուն, ինչպէս նաեւ Պոլսահայ Միութեան ընտանիքին, մենք խորապէս երախտապարտ ենք բոլոր Յանձնախումբերուն, մեր նուիրատուներուն, ինչպէս նաեւ մեր կամաւորներուն:

Մինչ կը ձեռնարկենք նոր շրջանի մըշատ ուշադիր ենք որովհետեւ մենք Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընթացքին մէջ կը գտնուինք: Բացի անկէ, ըլլալով անդամ Համահայկական Միացեալ Մարմնին որ երկար տարիներէ ի վեր կը կազմակերպէ ամենամեայ ոգեկոչումներ Մոնթէպէլլոյի մէջ, Պոլսահայ Միութիւնը անդամ դարձաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման Յանձնախումբին Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն (AGCC-WU): Այս կարեւորագոյն Յանձնախումբը բաղկացած է ամենակարեւոր հայկական կազմակերպութիւններէն՝ որոնք պատասխանատու են տարբեր յիշատակի միջոցառումներու կազմակերպման, հարիւրամեակի տարուան ընթացքին: Մինչ ասիկա իբրեւ հպարտութեան աղբիւր պէտք է ներառնուի, այն նաեւ կարեւոր պատասխանատուութիւն ալ է: Մենք, ի հարկ է, մեր բաժինը եւ մեր իւրայատուկ ներդրումը պիտի կատարենք, որպէս վերապրածներու որդիները, դուստրերն ու թոռները, որոնք մնացած են մեր Հայրենիքին մէջ Ցեղասպանութենէն ետք:

Մենք պիտի շարունակենք հաւաստիացնել, թէ մեր նիւթական տունը կարգին է, նաեւ պիտի շարունակենք ապահովել մեր Միութեան գոյքերուն, ինչպէս նաեւ  Հիմնադրամի ֆոնտերու նկատմամբ  խելամիտ եւ պատասխանատու տնտեսավարութիւն: Մենք պիտի կազմակերպենք Հոգեհանգիստ՝ մեր սիրելիներուն, որոնց յարգալիր յիշատակին համար անոնց ընտանիքները հիմնեցին Հիմնադրամի Ֆոնտեր Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան ներքեւ:

Մինչ մենք կը մօտենանք դրամահաւաքներ կատարելու մեր զանազան գործունէութիւններով եւ ձեր առատաբուխ նուիրատուութիւններով, կարենալ ներգրաւելու համար մեր երիտասարդութիւնը: Անոնք ե՛ն եւ կը մնան Պոլսահայ Միութեան հիմնական նպատակը, որովհետեւ առանց լաւապէս մշակուած, հիմնաւորուած եւ նուիրուած երիտասարդական խումբերու, մեր համայնքին ապագայ առաջնորդներ չենք ունենար:

Մենք մտադիր ենք կազմակերպել աւելի շատ միջոցառումներ, որպէսզի զբաղի մեր երիտասարդութիւնը: Միութեան «Գուրեան դարատափ» անունով, տանիքին բարեփոխումները լաւ յառաջացման մէջ են եւ ոգեւորուած կը սպասուի  իր աւարտին, որովհետեւ ան կարող է դառնալ այն գրաւիչ վայրերէն մին՝ ընդունելութիւններ սարքելու:

Մինչ Պոլսահայ Միութիւնը կը ծառայէ կրտսեր տարիքային խումբի՝ յայտնի պարային դասընթացքներու ընդմէջէն,  Տիկին Լեռնա Գարաթաշի ուսուցման տակ, Հայ Երիտասարդաց Համացանցը գլխաւորութեամբ Օրդ. Մոնիք Ակինեանի եւ Իրաւաբան Սեւակ Շիրվանեանի, կը շարունակէ անդրադառնալ մեր քոլեճի տարիքի երիտասարդներու անհրաժեշտութեան եւ կարիքներուն, աշխատանքային եւ համացանցային ուղղութիւններ տալով: Մենք մօտ ատենէն պիտի սկսինք գործարկել մեր նոր կայքէջը, որ պիտի ըլլայ շատ օգտակար, բարեկամական եւ տեղեկատուական գծով, առաջնորդութեամբ Հոգաբարձու՝ Պր. Եսայի Պալճեանի: Մենք նաեւ շատ հպարտ ենք մեր Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբով, որոնք ոչ միայն կը կազմակերպեն հիմնական միջոցառումներ, ինչպիսիք են՝ Մայրերու օրուան ճաշեր, այլ՝ անոնք ողնաշարն են Պոլսահայ Միութեան,  քանի որ անոնք կ՛ապահովեն կարեւոր աջակցութիւն գրեթէ մեր բոլոր գործունէութիւններուն:

Մենք հաւաքական Միութիւն մըն ենք որ բաղկացած է նուիրեալ անձերէ, որոնց նիւթական աջակցութիւնը, կամաւորականութիւնն ու  զոհաբերութիւնները դարձուցած են այն կարեւոր անդամը Հայկական Սփիւռքի, ինչպէս նաեւ մեծ համայնքը Մեծն Լոս Անճէլըսի տարածքին:

Մինչ մեր անունն է Պոլսահայ Միութիւն, մեր անդամութիւնը կազմուած է այն հայերէն, որոնց արմատները կը գտնուին բոլոր Փոքր Ասիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի բոլոր անկիւններուն մէջ: Մենք լաւապէս դիրքաւորուած ենք, ըլլալով մեր նախնիներուն ձայներէն մին: Մեր նպատակն է հաւաստիացնել, որ մեր ազգային ժառանգութիւնն ու մշակոյթը պահպանուած է, մինչ մենք կ՛ապրինք, իբրեւ արդիւնաւէտ անդամները ամերիկեան հասարակութեան. մենք նաեւ կը հարստացնենք զայն չմոռանալով, թէ ո՞վ ենք մենք եւ ու՞րկէ կու գանք:

Կրկին շնորհակալ ենք ձեր շարունակական աջակցութեան համար եւ կը խնդրենք ձեզմէ չերկմտիլ, տալով մեզի ձեր կառուցողական առաջարկները, դիտողութիւններն ու գաղափարները: Մենք կարիքն ունինք ձեր մասնակցութեան աւելի քան երբեք:

 

                                                         ՊՈԼՍԱՀԱՅ  ՄԻՈՒԹԵԱՆ

Share

Most Recommended