[AZTAG] Hampig Bilalyan


Երիտասարդական Պրիսմակ. Հայ Դաստիարակը Անորոշութեան Սեմի՞ն (Ուսուցչաց Տօն – 9 Մարտ)


ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ


Իւրայատուկ է այս տօնը իր իմաստով, որովհետեւ կը պարփակէ խոհական մթնոլորտ եւ հրաշալի հնչեղութիւն:


Սերունդներու դաստիարակութեան կոչուած իր պահուածքով, գեղեցիկին ու վեհին նուիրուելու իր նախանձախնդրութեամբ հայ ուսուցիչի դերակատարութիւնը անփոխարինելի է եղած դարեր շարունակ եւ ցարդ կը մնայ իբրեւ այդպիսի՛ն:


Անոր առաքելութեան մասին տարբեր ժամանակներու ընթացքին բարբառուած երախտարժան խօսքերն ու ի խորոց սրտէ կատարուած մաղթանքները ապացոյց են հանդիսացած այն փաստին, որ ուսուցիչի բարի, վսեմ, առաքինի եւ առհասարակ դաստիարակի կերպարը ցուցանիշ է դարձած իրերայ&#

Share

Most Recommended