Ցեղասպանութեան Ուրացումը Քրէականացնող Բանաձեւը Վաւերացուեցաւ Փարիզի Մէջ
ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.», «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի խորհրդարանը Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 22ին, վաւերացուց Ֆրանսայի կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւններու, ներառեալ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող բանաձեւը, որ օրէնքի ուժ ստանալու պարագային, մինչեւ մէկ տարուան բանտարկութեան եւ 45 հազար եուրօ տուգանքի պիտի դատապարտէ ուրացողները:
Օրինագիծը պէտք է ներկայացուի Ծերակոյտին եւ հոն եւս վաւերացուելէ ետք, պէտք է ստորագրուի հանրապետութեան նախագահին կողմէ:
Բանաձեւին հեղինակն էր իշխող կուսակցութենէն երեսփոխան Վալեր