ՎԱՐԴԵՐԵՍ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԳՈՐԾԻՉԸ (ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ)

 

 

karagoz44

Վարդերես Գարակէօզեան պոլսահայ նոր գրականութեանՙ այսինքն Հանրապետական շրջանի հայ գրականութեան դէմքերէն մէկը եղաւՙ Հայկազուն Գալուստեանի, Ա. Շաւարշի (Արամ Փեհլիվանեան) եւ Կարպիս Ճանճիկեանի բացած արահետը լայնցնելով ու մանաւանդ կարողանալով ինքզինք պահել այդ մթնոլորտին մէջ եւ զարգացնել զայն:

Յետեղեռնեան քսանամեայ շրջանին, քաղաքական պայմաններու բերումով, Պոլսոյ մէջ գրական ստեղծագործական մեծ շարժումներ չէին կրնար ըլլալ, սակայն շնչառութիւն տուող ու մանաւանդ ներդրում ունեցող քանի մը աննուններ որոշ գործեր հրատարակեցին, ինչպէս Մատթէոս Զարիֆեան, Յակոբ Մնձուրի, Հայկանուշ Մառք, Զոհական, Գուրգէն Թրենց, Արեգ Տիրազան, Եղիշէ Այվազեան, Թորոս Ազատեան, Ատրինէ Տատրեան, Բագրատ Թեւեան եւ ուրիշներ: Նոյնիսկ նոր թերթեր սկսան լոյս տեսնել, սակայն առանց երկար կեանք ունենալու:

Բարեբախտաբար, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքի նոր անուններ սկսան յայտնուիլ պոլսահայ մամուլին մէջ, թէեւ թիւով քիչ, սակայն ուշագրաւ դէմքեր, որոնք տակաւ առ տակաւ շարժումի մը նախանշանները սկսան յայտնաբերելՙ հունաւորելով գրական նոր ճանապարհ մը, որ 1940 թուականէն անմիջապէս ետք սկսաւ ինզինք զգալի դարձնել եւ ճանցուիլ իբրեւ նորարական գրական շարժում մը: Կաղապարուած կապանքներէ ձերբազատուած նորեր սկսան արտայայտուիլ քիչ մը զգոյշ, սակայն ինքնավստահ: Քաղաքական համոզումներ ունեցող մտաւորականներ էին անոնքՙ յատկապէս համայնավարական կամ ձախակողմեան ազատամտութեան ուղի որդեգրած, ինչպէս Ա. Շաւարշ, որ Թուրքիոյ Համայնավար կուսակցութեան մէջ կարեւոր եւ բարձր պաշտօններ ստանձնած էր, Կարպիս Ճանճիկեան եւ Հայկազուն Գալուստեան, Ժագ Իհմալեան եւ ուրիշներ:

Ճանճիկեան այն անձերէն մէկն էր, որ խթան հանդիսացաւ Գարակէօզեանին բանաստեղծութեան մէջ ընդգրկուելու, նպաստելով հայ մշակոյթի զարգացման:

Նորարական այս շարժումը ներշնչուած էր քիչ մը ռուսական գրականութենէն, քիչ մըն ալ ժամանակակից թուրք յառաջադէմ բանաստեղծներէն, որոնցմէ երեքը կը կազմէին «Ղարիպ» խումբը – Օքթայ Ռիֆաթ, Օրհան Վելի Քանիք եւ Մելիհ Ճեւտէթ Անտայ: Այս շարժումը, որ կը պիտակուէր «Բանաստեղծական իրապաշտութիւն», ստեղծեց առաւելաբար ազատ եւ համարձակ քերթողութիւն մը, առօրեայ մարդուն հանապազօրեայ տուայտանքները պատկերելով, պարզ, նոյնիսկ պարզունակ թուացող բառերու օգտագործումով, յաճախ առանց կէտադրութեան, շատ քիչ անգամ որդեգրելով բանաստեղծական մինչ այդ ընդունուած չափն ու կշիռը, սակայն ներքին արուեստով երկնուած, եւ անկեղծօրէն իրապաշտ ըլլալու բոլոր տուեալները յայտնաբերելով, որ մինչեւ այսօր պոլսահայ գրականութեան նկարագիրն է եւ կը յամենայ տակաւին մասնաւորաբար մեր լաւագոյն բանաստեղծներուն մէջ: Այդ շարժումին փայլուն դէմքերը եղան Զահրատ, Զարեհ Խրախունի, Խաչիկ Ամիրեան, Յակոբ Խաչիկեան, Վարդերես Գարակէօզեան, Անթան Էօզէր, Իգնա Սարըասլան, եւ նոյնիսկ մինչեւ Վերճիհան Զիֆլիօղլու: Արձակագիրներէն Ռոպէր Հատտէճեան, Զաւէն Պիպեռեան, Մկրտիչ Մարկոսեան, Ռաֆֆի Քեպապճեան եւ ուրիշներ, ինչպէս նաեւ որոշ թատերագիրներ:

Յետպատերազմեան այս շարժումին մէջ կարճ շրջան մը իր կարեւոր դերակատարութիւնը ունեցաւ Գարակէօզեանՙ թէ իբրեւ ստեղծագործող, թէ իբրեւ խմբագիր-հրատարակիչ եւ թէ իբրեւ տարածիչը հայ մշակոյթի հսկայ ժառանգութեան:

Գարակէօզեան, թէեւ պոլսահայ գրականութեան պարունակին մէջ սկսաւ յայտնուիլ, սակայն 30 տարի ստեղծագործեց Պոլիսէն դուրսՙ Հայաստան եւ Սփիւռքՙ շուրջ 25 տարի: Եւ այս պատճառով ալ յաճախ կը յիշուի որպէս սփիւռքահայ գրող:

Առաջին Քայլերը

Գարակէօզեան ծնած է Պոլիս, օգոստոս 18, 1939ին, սեբաստացի ընտանիքի մէջ: Պօղոսեան-Վառվարեան վարժարան յաճախելէ յետոյ, իր գիտելիքները հիմնաւորած է Կեդրոնական վարժարանէն ներս, ուր ունեցած է հանրածանօթ դաստիարակներ – Վարդան Կոմիկեանՙ հայերէնի, Հրանդ Անդրէասեանՙ գրաբարի եւ Հայր Ներսէս Սեթեանՙ մատենագրութեան:

Կեդրոնականը հայ դպրութեան տուած է բազմաթիւ մտաւորականներ, որոնք հայ մշակոյթի վերընձիւղման կերտիչներ եղան` Վահան Թէքէեան, Կարօ Սասունի, Գուրգէն Մխիթարեան, Նիկողոս Սարաֆեան, Միսաք Մեծարենց, Լեւոն Սիւրմէլեան եւ ուրիշներ: Այսպիսի աւանդ ունեցող կրթարանի մէջ իր ուսումը ստացաւ նաեւ Գարակէօզեան, որ կանուխ տարիքէն ցոյց տուած էր իր սէրը գրականութեան հանդէպ, երբ 21 տարեկանին հրատարակած է իր երախայրիքը «Իմ Մասիս» խորագիրով բանաստեղծութիւններու գրքոյկը (1960), Պոլիս, արժանանալով գրաքննադատներու ջերմ ու լուրջ գնահատանքին: Անշուշտ եղան մէկ-երկու անձեր, որոնք տակաւին պահպանողական մթնոլորտի մէջ բանտարկուած կ՛ապրէին ու վարժուած չէին նորարական երեւոյթներունՙ կիսահեգնական մօտեցում ցուցաբերեցին Գարակէօզեանի եւ այլոց նկատմամբ:

Նոյն այդ տարիներուն, զգալի աշխոյժ մթնոլորտ մը կազմաւորուած էր եւ քանի մը բանաստեղծներ նաեւ իրենց առաջին հատորները հրատարակեցին նոյն տարիներուն 1960 ին Զահրատ («Մեծ քաղաքը»), 1962-ին Հայկազուն Գալուստեան («Գործիս ճամբուն վրայ»), 1964-ին Զարեհ Խրախոինի («Քար կաթիլներ»), 1964-ին Արսէն Ճանեան («Արեւուն տակ») եւ ուրիշներ:

Ահաւասիկ նմոյշ մը տակաւին 21 տարեկանը չաւարտած Գարակէօզեանի այդ երախայրիքէն.

ԵՐԳ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ

Անգոյն ես ծովի նման

գոյն ես փոխեր դարերով

արքաներու թագերու շուկաներէն յ ամրընթաց

անցեր ես գառի նման

Անգոյն ես հզօր խրոխտ

մեծ վանքի քարի նման

աղէկ ու գէշ նորն ալ կ՛անցնի

կը մնաս ծովի նման:

Երկու տարի ետք նոր հատոր մըՙ «Զոյգ աչքերէս» (1962) Պոլիս, ապա (1967) Երեւանՙ հաստատելով եւ ամրագրելով բանաստեղծը Գարակէօզեանի մէջ:

Բանաստեղծութիւններու յաջորդ գիրքըՙ «Շատ լաւ», լոյս տեսաւ Փարիզ 1965-ին:

Գարակէօզեան կարեւոր ներդրում ունի նաեւ մանկապատանեկան հայ գրականութեան մէջ: Վաղ ժամանակէն ինքնագիր գործեր հրատարակած է, ինչպէս «Շնիկիս հետ» Իսթանպուլ 1961ին, ապա Փարիզ, 1970ին: «Կենդանիներս խաղերով» Իսթանպուլ 1962ին, իսկ երկրորդ տպագրութիւնըՙ Փարիզ 1970ին, «Վարդերես Գարակէօզեանի հանելուկները» 1981ին եւայլն, իսկ Զարեհ Խրախունիի հետ արեւմտահայերէնի վերածած է Յովհաննէս Թումանեանի պատմուածքներըՙ յատկապէս մանկական աշխարհին համար, եւ զայն հրատարակած է:

Կը մեկնի Հայաստան

Յաջորդ տարին անկիւնադարձ մը եղաւ Գարակէօզեանի կեանքին մէջ. 1963-ին մեկնեցաւ Երեւան ուսանելու եւ 1967-ին աւարտեց Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժինըՙ աշակերտելով Մկր Մկրեանի, Էդուարդ Ջրբաշեանի, Հրանդ Թամրազեանի եւ ուրիշներուՙ աւելի խորացնելով իր գրական գիտելիքները, զօրացնելով իր ստեղծագործական կիրքը, մինչ իր երրորդ հատորըՙ «Շատ լաւ», լոյս կը տեսնէր Փարիզի մէջ 1965ին:

Գարակէօզեան 1967ին մեկնեցաւ Փարիզՙ հետեւելու Սորպոնի գրականութեան եւ գրականագիտութեան բաժինի դասընթացքներունՙ ուսումնասիրելու Անատոլուի հայ աշուղներու, քրտական բանահիւսութեան եւ ընդհանրապէս ժողովրդական մշակոյթներու հանգիտութիւններն ու մասնայատկութիւնները: Այս յաւելեալ գիտութիւնը անտարակոյս կարեւոր դեր ունեցաւ իր բանաստեղծութեան իւրայատուկ արգասիքին մէջ:

Յաջորդ գիրքըՙ «Հատընտիր», 1971ին, մաս կը կազմէր «Սփիւռքահայ ժամանակակից բանաստեղծներ» մատենաշարինՙ Պէյրութ: Գարակէօզեան 1981ին լոյս ընծայեց «Կեանքին զուգահեռ» բանաստեղծութեան հատորը Լոս Անճելըսի «Ապրիլ» գրատան հովանաւորութեամբ եւ Էրեբունի հրատարակչութեամբՙ 144 էջերու վրայ տարածուող, 6 բաժիններով: Այս քերթուածները երկնուած են Փարիզ, Մարսէյ, Հելսինքի եւ Պէյրութ. 1974-1980 շրջանին: Ձեւաւորում եւ գծանկարներՙ Վիգէն Թադեւոսեանի: Գարակէօզեանի ուրիշ հատորներն ալ Թադեւոսեանի կողմէ ձեւաւորուած են: Այստեղ եւս Գարակէօզեանի խոհերն ու մտորումները հիմնուած են կեանքի փորձառութեան վրայ, միշտ թելադրական ճանապարհով կեանքի այլազան վիճակներու ստեղծած հաճելի կամ խոտելի երեւոյթները իր պրիսմակէն անցընելով իր իսկ համոզումներուն վրայ հիմնուածՙ նոր ճանապարհ ցոյց կու տայ: Թէեւ անձնական մտածումներ են, սակայն իր մասին չեն այնքան, որքան ընկերութեան եւ մարդկութեան մասին:

Ապա 1989ին «Վերցրէք մի պուտ երկնքի մովից» հատորը, դարձեալ Էրեբունի հրատարակչականի կողմէ լոյս ընծայուածՙ 135 էջերով եւ 5 բաժիններով: Բանաստեղծութիւնները գրուած են տարբեր վայրերու մէջ, 1979-1986 տարիներուն:

Այս հատորն ալ ոստում մըն է դէպի նոր հորիզոններՙ ստեղծագործական, բանաստեղծական եւ արուեստի ուշագրաւ նշանաձող մը ըլլալով Գարակէօզեանի գրական կեանքին մէջ: Այստեղ կը գտնենք, տեղ-տեղ, հայրենիքի հանդէպ ունեցած իր անապական սէրը, իր հաւատքն ու առհաւատչեանՙ արուեստի շողերով պայծառացած առանց ձեւականութեան եւ առնչուած երկու «մայրերու» շաղախումով: Կարդանք.

Հայրենի հողում դու դարձար հողՙ Մայր

Մայրենի հողը քիչ էլ քաղցրացաւ

քիչ էլ մայրացաւ

Կը ներես մայր իմ իմ քթի առաջ

չեմ կարողանում այցելել շիրմիդ

հողակոյտդՙ սիրտ ու մտքումս

խնկարկում եմ եսՙ ողջ հայրենիքիս

Զի պտուղս անպէտքՙ համբակ-անարժան

քու սուրբ արգանդի

արժանի դառնայՙ յանուն քո սիրոյՙ

Մայր հայրենիքի:

«Արարման հետ» հատորը նոր հրատարակուած էր 2005-ին, Լոս Անճելըս, երբ նոյն տարին Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մատենաշարով լոյս ընծայուեցաւ «Դեռ չեմ սպառել» խորագիրովՙ 309 էջերու վրայ տարածուած հատորը:

«Արարման հետ» գիրքի մուտքին հեղինակը մասնաւոր շնորհակալութիւններ կը յայտնէ իր ընկերոջՙ Երուանդ Գոչունեանին, որ տիւ ու գիշեր աշխատեցաւ Գարակէօզեանի այս հաւաքածոն հրատարակութեան պատրաստելու համար: Ան ձեռագիրները դասաւորեց, մեքենագրեց եւ համոզեց հեղինակին որ յանձնէ տպագրութեան: Գիրքի խմբագրման մէջ իրենց ներդրումը ունեցած են նաեւ բանաստեղծներ Գարուշ Հարեանց եւ Գէորգ Գրիստինեան:

Հատորը, որ ունի 8 բաժիններ, 296 էջերու վրայ տարածուած խոհերու, մտածումներու, ինքնախոստովանանքի, տարակուսանքի եւ այլ երեւոյթներու շարան մըն է, որ ամենայն լրջախոհութեամբ կարդալ պէտք է:

Երբ փորձեցի անոք-անձուկ

Ես իմ իւղի մէջ տապակուել

նեղսրտեցան – երես թեքին

ինքնահաւան անուանեցին

Երբ մնացի – ճիշդ կամ սխալՙ

հաւատամքին իմ անսասան

կասկածն սողացՙ մտատանջուած

գոռոզամիտ որակեցին

Երբ թողեցի ինչ որ ուզեն

թող մտածեն ու բամբասեն

այպանեցին-բանադրեցին

կառափնարան ուղարկեցին:

Շրջան մը Գարակէօզեան փոքրիկ տետրակներով շարունակած էր ստեղծագործել, ինչպէս «Նրանք եւ մենք», «Չանցնել յամպէտ», «Ազատ շուկայ», «Սիրուց անդին», «Կեանքն է այսպէս» եւ ուրիշներ, 48 էջերով, որոնք տարբեր նիւթեր ունենալով հանդերձՙ իրականութեան մէջ կրնային մէկ հատորով ներկայանալ: Բարեբախտաաբար 1988-1999-ի տարիներուն հրատարակած վերոնշեալ գրքոյկները նորագիր քերթուածներու յաւելումովՙ կազմեցին իր այս հատորը: Վերջին երկու բաժինները առաջին անգամ լոյս կը տեսնեն:

Մարդկային լաւ նկարագիրի ջատագովն է այս բանաստեղծը, որուն նիւթերը կը յածին ազգասիրութեան կողքին մարդասիրութեան ոլորտներու մէջ, ինչ որ շատ բան կ՛ըսեն իր ներաշխարհին մասին, իր հոգեկան ապրումներուն մասին, իր մտածումներուն մասինՙ համեմուած իմաստասիրական խոհերով:

Միամիտ խոհեր մանկամիտ խոհեր

Թեւածէք այլուր ինձ հանգիստ թողէք

Խիղճն այս աշխարհիսՙ վաղուց է քնել:

Կամ ուրիշ տեղ մը աւելի յուսալի քանի

մը թելադրիւթիւններ եւ հայացքներՙ

Ծլող հունտըՙ ընկած հողին

անգին կարծեալ ադամանդից

ոչ թէ օրինՙ այլ ժամ առաջ

գերադասել պէտք է գիտնալ:

Մինչ իր առաջին երկու հատորները լոյս տեսած էին Պոլիս եւ արեւմտահայերէնով, 1963էն ետք սակայն Գարակէօզեան որդեգրեց արեւելահայերէնը, որովհետեւ ապրեցաւ Հայաստան, սակայն նաեւ գործածեց Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը:

Հաւասարակշռուած քերթողութիւն մը

Գարակէօզեանի քերթողութիւնը, որ հաւասարակշռուած քնարական շունչ մը ունի, էատարրը իր բանաստեղծութեան, չի խուսափիր նաեւ ըլլալու կրքոտ եւ առնական: Իմաստասիրական զեփիւռ մը կու գայ իր տողերուն ընդմէջէն, գիտակցուած ու խորապէս ուսումնասիրուած եւ իր փորձառութեան վրայ հիմնուած փիլիսոփայութիւն մը, որ շաղախուած է առաւելաբար ընկերային երեւոյթներով, մարդուն բացասական երեսները հակադրելով մարդկայնութեան, պարզութեան, արդարութեան եւ ողղամտութեան հետ: Ներանձնական յոյզերը լայն տեղ գտած են իր տաղերուն մէջ, տեղ-տեղ դրսեւորելով իր քաղաքական արեւելումը, իր ընդունած ընկերային գաղափարախօսութիւնը, մարդկային արժէքներու նկատմամբ իր դրական ըմբռնումը, որոնք կը վկայեն Գարակէօզեան մարդուն աշխարհահայեացքը, խառնուածքն ու նկարագիրը:

Բազմազան նիւթեր եւ ընկերային ու մարդկային երեւոյթներ իր աչքերէն չեն վրիպիր, իր ներշնչման քուրայէն կ՛անցնին եւ անպայման ձեւ կը ստանան ու կը յանձնուին թուղթին: Չափի զգացողութիւն մը ունի: Թէեւ ներանձնական զգացումներ ունի, սակայն իր ստեղծագործութիւնները առաւելաբար համամարդկային իմաստ կը զգենուն ու թերեւս քիչ մըն ալ յորդորանման կը թուին:

Իր լեզուն ունի արեւմտահայերէնի ասոյթներ, սրսկումներ, դարձուածքներ, ոճային շեշտերՙ հանգիտութիւններ ունենալով Վահագն Դաւթեանի լեզուին հետ, սակայն անջատաբար եւ անկախաբար (կը շեշտեմ), պարզապէս երկուքն ալ օգտագործած են հաճելի կերպով արեւմտահայերէնի համեմանօթը, եւ վստահ եմ այսպէսով հարստացած է իրենց լեզուն: Անշուշտ կան եւս ուրիշ գրողներ, որոնք նոյնանման փորձեր կատարած են:

Իր լեզուն անպաճոյճ է, վերադիրները նուազագոյնին իջած: Արդեօք պէ՞տք է ըսել, որ Գարակէօզեանի հայերէնը հարուստ է, ճոխՙ չափաւոր կերպով եւ մանաւանդ անթերի:

Գարակէօզեանի բանաստեղծութիւններուն մէջ յաճախ կը հանդիպինք ժողովրդական ասոյթներու ուր որ անկ էՙ ստեղծելով անմիջականութիւն մը, մօտիկութիւն մը հեղինակին եւ ընթերցողին միջեւ, մտերմութիւն մը, որ նոյն ժամանակ հեղինակին անկեղծութիւնն ու պարզութիւնը կը ցուցաբերէ:

Իր առանձին բանաստեղծութիւններէն շատերը անվերնագիր են: Ոմանք թուական ունինՙ ժամանակը եւ մթնոլորտը յայտնաբերող, թէեւ գիրքերուն մէջ կը յիշուին ընդհանուր ժամանակահատուածը այդ ստեղծագործութիւններուն, նոյնիսկ վայրերը:

Մշակոյթի նուիրեալ, սկզբունքային մարդ, գաղափարական համոզումներու տէր, մտածածը ուղիղ արտայայտող սքանչելի հայ մըն է բանաստեղծ Վարդերես Գարակէօզեան, որ 50 տարիէ իվեր կը ստեղծագործէՙ կեանքի տաքն ու պաղը զգալով, բազմաթիւ երկիրներու մէջ ապրելէ յետոյ, անփոխարինելի փորձառութիւն կուտակելովՙ իր խօսքը կը հրամցնէ մարդուն, հայրենիքին ու մարդկութեան մասին:

Արժանացած է Ֆրանսայի «Սարգիս Պօղոսեան» գրական մրցանակին:

Վարդերես Գարակէօզեան հայ մշակոյթի տարածիչը

Վարդերես Գարակէօզեան, ստեղծագործական աշխատանքին կողքին, զբաղեցաւ նաեւ նոյնքան կարեւոր երկու ծրագիրներով – հիմնելով «Երեբունի» հրատարակչութիւնը 1967ինՙ երկու վայրերու մէջՙ Փարիզ եւ Պէյրութ, եւ երկրորդըՙ տարածելով հայ մշակոյթըՙ ի մասնաւորի Հայաստանի մշակոյթը Սփիւռքի տարածքինՙ մատուցելով զայն հայ եւ օտար հասարակութեան:

Պոլիս գտնուած միջոցին, Գարակէօզեան Օննիկ Ֆըչըճեանի հետ շրջան մը խմբագրած է «Մարմարա» օրաթերթի մանկա-պատանեկան էջըՙ առիթ ընծայելով նոր ծիլերու փթթումին: Կարեւորութեամբ կը շեշտեմ ժամակահատուածը, տիրող մթնոլորտն ու տարածուող մտայնութիւնը, ու մանաւանդ Գարակէօզեանի եւ Ֆըչըճեանի տարիքները. առաջինը հազիւ 21 տարեկան, իսկ երկրորդը` 29:

Եռուն շրջան մը կ՛ապրէր պոլսահայութիւնը այդ օրերուն, քաղաքական նոր խմորումներ սկսած էին թափ ստանալ, սակայն ընդհանրապէս զգուշաւոր եւ շրջահայեաց վիճակ մը կը տիրէր եւ շատեր հասկնալի պատճառներով գիտակցական ինքնագրաքննութեան դիմած էին:

Այդ տարիներուն, 1959-ին, Մկրտիչ Մարկոսեանի հետ կը հիմնէր, կը խմբագրէր եւ կը հրատարակէր «Թօ» ամսագիրը, որ այդ շրջանի պոլսահայ նոր գրականութեան ամբիոնը պիտի ըլլարՙ առիթ ընծայելով նոր գրողներուն որ փարին նոր կազմաւորուող գրական շարժումին, յանդուգն տեսակէտներ պարզելով ու մանաւանդ գրական դասական կապանքներէն ձերբազատՙ նոր ոճ ու գրական նոր լեզու գործածելով, նոր գաղափարներ, նոր միտքեր, նոր ըսելիքներ արտայայտելու: Նոր խօսք ըսելու պատեհութիւն մը: Յանդուգն ու դժուարին առաքելութիւն մը արդարեւ, որ հազիւ տարի մը դիմացաւ, սակայն թողուց իր կնիքը: Բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի համար առիթը ներկայացած էր բացատրելու եւ մեկնաբանելու իր ստեղծած «Առարկայական խորհրդանշապաշտութիւն» շարժումը:

Գարակէօզեանի «Թօ» հրատարակչութիւնը անվեհեր կերպով լոյս կ՛ընծայէր աւելի քան 50 մանկապատանեկան գրքոյկներ, առիթ ընծայելով նորահաս սերունդին հայերէն կարդալու, հայ լեզուին հետ մտերմանալու կարելի եղածին չափ, ճոխացնելով հայ մշակոյթի ու գրականութեան գանձարանըՙ երբ Գարակէօզեան տակաւին 23 տարիքը չէր բոլորած: Հայակերտումը երկարաձգելու կարեւոր աշխատանք մը արդարեւ:

Ապա 1967-ին ստեղծելով «Երեբունի» հրատարակչութիւն-մատենաշարը, լոյս ընծայեց սփիւռքահայ ժամանակակից բանաստեղծներու հատընտիրներ – Արսէն Ճանեանէն, Բիւզանդ Թօփալեանէն, Զահրատէն, Զարեհ Խրախունիէն, Մուշեղ Իշխանէն եւ այլ բանաստեղծներէ, իւրաքանչիւր գրքոյկը 1500 տողովՙ ընտրուած հեղինակներուն կողմէ:

Նաեւ իր նախաձեռնութեամբ Գարակէօզեան յարաժամ եւ մեծ եռանդով ու նուիրումով փարեցաւ հայ արուեստը տարածելուՙ ըլլալով հրատարակիչը նախանձելի որակով հատորներու: Այսպէս.

1981 -Գրիգոր Խանճեանի պատրաստած «Ս. Էջմիածին» պատկերազարդ հատորը:

1984 «Էջմիածինի գանձատուն», որ կը պարունակէ բազմաթիւ արուեստի գանձեր, որոնք կը գտնուին Ս. Էջմիածինի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան թանգարանին մէջ եւ հրատարակուած էՙ հովանաւորութեամբ Մանուկեան ընտանիքին: Բացատրութիւններն ու պատմականը գրած է Մանիա Ղազարեան:

1984 «Արարատ» ալպոմը, ուր կը գտնենք Մեծ լեռը նկարուած տարբեր դիտանկիւններէՙ իւրաքանչիւր լուսանկարի կողքին քառեակ մը բանաստեղծութիւն Արարատի մասին:

1984 «Ս. Էջմիածինի գանձերը», ուր մէկտեղուած նմոյշները կը ներկայացնեն հայ ճարտարապետութիւն, գորգագործութիւն, խաչքարի արուեստ, ասեղնագործութիւն, դաջարուեստ, եւայլն: Դոկտ. Սիրարփի Տէր Ներսէսեանի նախաբանով 400 էջերէ բաղկացած այս գեղատիպ մեծածաւալ հատորին մէջ ներդրուած են փոքրիկ յօդուածներ մասնագէտներու գրիչին պատկանող (Մանիա Ղազարեան, Արմիկ Սամուէլեան, Խաչիկ Մուշեղեան), հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն:

Գարակէօզեան անդուլ աշխատող, արուեստի սիրահար մը ըլլալով, ծրագրեց եւ իր «Երեբունի» հրատարակչութենէն հրատարակեց փոքրատիպ գունաւոր «Մանրանկարիչներ» շարքը (Թորոս Տարօնացի – 1984, Ծերուն -1984, Սարգիս Պիծակ – 1986, Գրիգոր – 1986, Թորոս Ռոսլին – 1986, Աւագ եւ ուրիշներ): Լոյս ընծայեց նաեւ «Վրձնի հայ վարպետներ» շարքը` Վարդգէս Սուրէնեան, Բաշինջաղեան, Յովհաննէս Այվազովսկի, Մարտիրոս Սարեան, Յակոբ Յակոբեան, Մինաս Աւետիսեան եւ ուրիշներ):

Հրատարակեց նաեւ գեղարուեստական գրքոյկներ նուիրուած հանրածանօթ գեղանկարիչներ Ռուտոլֆ Խաչատրեանի (1985), Գրիգոր Խանճեանի (1998) եւայլն:

«Խաչքարեր», «Հայրենի կերպարուեստ», «Հայ գորգ», եւ ուրիշներ, շքեղ ու պատուաբեր մատեաններ, գրքոյկներ, մէկ խօսքովՙ Գարակէօզեան եղած է հայ մշակոյթի յաւերժացման նպաստող անսակարկ եւ անխոնջ նուիրեալ մը: Այս հատորները միջազգային շուկային մէջ իրենց նախանձելի ու կարեւոր տեղը ունին մասնաւորաբար իրենց բարձր որակին համար: Հատորներուն լուսանկարները պատրաստած է հանրածանօթ լուսանկարիչ Պօղոս Պօղոսեան:

Գարակէօզեան նաեւ առաջին անգամ ըլլալով հրատարակեց Խորհրդային Հայաստանի փոստային բացիկները (post cards)ՙ փայլուն, գեղեցիկ եւ բարձր որակով: Հրատարակեց նաեւ օրացոյցներՙ ազգային բուրմունքով, արուեստի ալպոմներՙ բարձր մակարդակով: Հայ արուեստի եւ գեղանկարչութեան պատմութեան մէջ գոյութիւն ունեցող պակասները լրացուց:

Բոլոր հրատարակութիւններն ալ բարձրորակ, գեղատիպ, գունագեղ հատորներ, որոնք կը մրցին միջազգային արուեստի ոլորտի նմանատիպ հրատարակութիւններուն հետ եւ մանաւանդ ոչինչ զիջելով անոնց:

Գարակէօզեան եղած է նաեւ արուեստի տարածիչ այլ իմաստով. Խորհրդային Հայաստանի աուեստագէտներու շրջագայութինները կազմակերպելով աշխարհի զանազան ոստաններու մէջՙ միջազգային չափանիշով: Գեղանկարիչներէն մինչեւ կատարողական արուեստի ներկայացուցիչները, շնորհիւ Գարակէօզեանի կազմակերպչական հմտութեան, հայ արուեստը ծանօթացուցին աշխարհին, մանաւանդ խորհրդային կարգերու ժամանակ, իրենք ալ դառնալով հանրաճանաչ:

Սփիւռքը առիթ պիտի չունենար վայելելու Հայաստանի պարի պետական համոյթը, Օրբելեանի Էսթրատային նուագախումբը, Հայաստանի պետական ակադեմական երգչախումբը, «Մարաթուկը» կամ Հայաստանի պետական օպերան, որուն ելոյթներէն ետք, «Լոս Անճելըս Թայմս»-ի արուեստաբան քննադատը գրեց. «Օպերայի սիրահարներ, օպերայի մասին երբ կը մտածէք, Մեթրոպոլիթընի, Սքալայի, Թէաթր Քոլոնի կողքին աւելցուցէք նաեւ Երեւանի օպերայի անունը»:

Իր այս բազմատեսակ, բացառիկ եւ բազմածախս միջոցառումներովՙ Գարակէօզեան Սփիւռքը աւելի մօտեցուց Հայաստանին, որ իր կարգին աւելի ճանչցաւ արտասահմանի համայնքները, նաեւ բարձրացուց արուեստագէտներու մակարդակըՙ թէ Հայրենիքի եւ թէ արտասահմանի մէջ: Թերեւս ամէնէն կարեւորըՙ հայ մշակոյթի լաւագոյն ներկայացուցիչները եւ հայ մշակոյթը ծանօթացուց ոչ-հայ ժողովուրդներուն Ամերիկայէն մինչեւ Միջին Արեւելք: Առանձինն կազմակերպութեան մը, ինչու չէ` պետական հիմնարկի մը գործը կատարեցՙ շնորհիւ արուեստի ու մշակոյթի իր նախանձելի սիրոյն ու նուիրուածութեան:

 

 

 ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Լոս Անճելըս

 

Share

Most Recommended