Գրեց՝ Մարիէթ Մինասեան-Օհանէս
Վեց տարիներ անցան Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագիր՝ ողբացեալ Հրանդ Տինքի մահուան մեր բաժանումէն եւ տակաւին կը կրենք ճշմարտախօս այս հերոսին սպանութեան խոր վշտին ծանր լուծը, հայկական հարցին համար, ազատութեան խօսքի այս նահատակին, որ ջանաց ապահովել փայլուն ապագայ մը հայ ժողովուրդին կեանքին, խրախուսելով թուրք ժողովուրդը իրազեկ ըլլալու իրենց անցեալին կարգ մը ճշմարտութիւններուն մասին:
Կիրակի, Յունուար 13, 2013ին, Պոլսահայ Միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ մը, ուր ներկայ էին Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տէմիրճեան, Տ. Վիգէն Ա. Քհնյ. Վասիլեան, The Armenian Observer շաբաթաթերթի տէր եւ տնօրէն՝ Փրօֆ. Օշին Քէշիշեան, Հայ Իրաւաբաններու Կաճառի նախագահ՝ Իրաւաբան Կարօ Ղազարեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան Կեդրոնական Կոմիտէի Ատենապետ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, Ս.Դ.Հ.Կ. ներկայացուցիչ՝ Մասիս շաբաթաթերթի խմբագիր՝ Գաբրիէլ Մոլոյեան, մամլոյ եւ մշակութային քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Հրանդին յիշատակը յարգող մեծ թիւով ներկաներ:
Բացման խօսքը կատարեց Պոլսահայ Միութեան հոգաբարձու եւ Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ ներկաները ողջունելէ ետք խնդրեց վայրկեան մը յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցանել Մեծ Եղեռնի մէկուկէս միլիոն նահատակներուն եւ Հրանդին յիշատակին:
Տոքթ. Աւետիքեան, խօսեցաւ Հրանդ Տինքին հայութեան գոյապահպանման նպատակներուն համար զոհուած ըլլալուն, յետ մահու ազատօրէն ապրող յելուզակներու, պետական պաշտօնեաներու անարդար վարձատրութեան մասին որոնք սպանութիւնը գործադրել տուին անչափահաս պատանիի մը ձեռամբ: Աւետիքեան շեշտեց թէ մշակոյթով է որ պիտի կարենանք ապահովել մեր հայ գոյութիւնը: Ան իր շնորհակալութիւնները յայտնեց Միութեան Հոգաբարձութեան, Գործադիր Մարմնի Վարչութեանց ատենապետ եւ վարչական անդամներուն, Ասպարէզ օրաթերթի խմբագիր՝ հանդիսավար Աբօ Պողիկեանին, տուտուկահար Ալպըրթ Վարդանեանին, Ս. Պետրոս Եկեղեցւոյ «Կոմիտաս» երգչախումբի վարիչ Մելիք Կավրիլոֆի որ ձեռնադաշնակի վրայ ընկերացաւ իր դուստրին՝ Իրէն Կավրիլոֆի երգեցողութեան: Հոգաբարձութեան փոխ ատենապետ Տիար Րաֆֆի Մարուքեանին եւ իր կողակցին՝ Գործադիր Մարմնի Վարչութեան հայերէնի ատենադպրուհի՝ Տիկին Էրլին Մարուքեանին՝ որոնք ընդունելութեան հիւրասիրութիւնը ստանձնած էին, ձեռնարկը դասաւորող՝ Գանձապահ Յակոբ Հալըճըին, Տիկնանց եւ Ընկերային Ձեռնարկներու Յանձնախումբէն հրուշակը (helva) պատրաստող Տիկիններ՝ Մայրենի Չամին եւ Պայծառ Այնէճեանին, Միութեան քարտուղարուհի՝ Տիկ. Մարիէթ Մինասեան-Օհանէսին, Մշակութային Յանձնախումբի փոխ ատենապետ՝ Տիար Կարպիս Սարաֆեանին, Սրահի պատասխանատու՝ Սարգիս Սալկընին, եւ օրուան բանախօս՝ երիտասարդ մտաւորական՝ Խաչիկ Մուրատեանին: Ապա ընթերցեց ձեռնարկի հանդիսավար Ասպարէզ օրաթերթի խմբագիր՝ Տիար Աբօ Պողիկեանին հակիրճ կենսագրականը եւ բեմ հրաւիրեց զայն:
Տիար Աբօ Պողիկեան բացատրեց թէ այս վերջին տարիներուն Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ թուրք մտաւորականութեան մօտեցումին նոր եռանդ մը մուտք գործեց թուրք յարաբերութիւններուն մէջ որ չկար, Հրանդ Տինքի ոճով եւ փիլիսոփայութեամբ ու մօտեցումով որ աւելի թափ առաւ իր նահատակութենէն ետք: Տինքի երեւոյթը տակաւին շատ կանուխ է ամբողջութեամբ արժեւորել, որովհետեւ այդ հիմնական փոփոխութիւնը որ բացաւ մեր դիմաց չենք կրցած լրիւ ընկալել»:
Ընթերցեց Մելիք եւ Իրեն Կավրիլօֆի, նաեւ տուտուկահար Ալպըրթ Վարդանեանի կարճ կենսագրականները եւ հրաւիրեց զանոնք որոնք նուագով եւ երգերով ներկայացուցին «Սարի աղջիկ», «Պինկէօլ» եւ »Ատանա»յի ողբը:
Պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Երգչուհի Լուսիա Մունի «Տէր Զօր» երգը, որմէ ետք հրաւիրուեցաւ Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ եւ Հայ Իրաւաբաններու Կաճառի նախկին ատենապետ՝ իրաւաբան Էտվին Մինասեան, որուն հակիրճ կենսագրականը հանդիսավարին ընթերցումէն վերջ, երբ խօսքը տրուեցաւ իրեն Տիար էտվին ըսաւ. «Այսօր մենք դարձեալ հաւաքուած ենք մեր յարգանքի տուրքը մատուցանելու լաւ անձի մը, լաւ հայորդիի մը, որ երազեց.. խօսեցաւ յստակ իրականութիւններ, երկարօրէն անտեսուած եւ ուրացումի ենթարկուած հակամարդկային ոճիրի մը: Հրանդը անձ մըն է մեզ նման, որ իր կեանքը տուաւ իրականութեան եւ սիրոյ համար մղուած պայքարի մը՝ զոր ինք կը հաւատար»: Իրաւաբան Մինասեան շեշտեց թէ պէտք է տեսնենք այն փոքր քայլերը որ նոր Թուրքիան ձեւով մը չկամիր առնելու.. կ՛ուզենք որ ան բանայ սահմանները առանց պայմանի.. ճիշդ ինչպէս Հրանդը, «ես ալ կը հաւատամ» ըսաւ ան «որ կրնանք հոն հասնիլ աւելի ժողովրդավարական եւ աւելի գիտակից Թուրքիայով, որուն համար ուրիշ նախընտրութիւն չկայ»:
Ան իր շնորհակալութիւնները յայտնեց Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետին, Գործադիր Մարմնի վարչութեան ատենապետ՝ Գուրգէն Պէրքշանլարին որ այդ օր կարեւոր գործի բերմամբ քաղաքէն դուրս կը գտնուէր, ՀՅԴ շրջանային վարչութեան ատենապետ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանին, Ս.Դ.Հ.Կ. ներկայացուցիչ՝ Մասիս շաբաթաթերթի խմբագիր՝Գաբրիէլ Մոլոյեանին եւ Փրօֆ. Օշին Քէշիշեանին: Ապա բեմ հրաւիրեց Հայ Իրաւաբաններու Կաճառի նախագահ՝ իրաւաբան Կարօ Ղազարեանը որ ազդեցիկ ձեւով նկարագրեց Հրանդ Տինքի հերոս եւ խիզախ արտայայտութիւնն ու մօտեցումը, անոր ապրած կեանքին հետեւանքը որակելով «իմացեալ» որ հետեւաբար՝ «անմահութիւն էր», հիմնուած «մահ իմացեալ անմահութիւն» նշանաբանին վրայ: Ան մաղթեց որ վառ մնան Հրանդի խօսքերը եւ յորդորեց ըսելով «մեզմէ ամէն մէկը որ մենք մեզ հայ կը կոչենք, պարտինք ըլլալ հաւատարիմ հայ ազգին յիշատակին, Հրանդ Տինքին յիշատակին, չմոռնալով որ տարիներ անցնելէ յետոյ աւելի ուժեղացած ազգ մ՛ըլլալով պիտի շարունակենք մեր պայքարը, մինչեւ որ մեր նահատակները հանգիստ ննջեն, մինչեւ որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուի, մինչեւ Ապրիլ 24, ոչ միայն տարուէ տարի, այլ՝ օրէ օր:
Դարձեալ բեմ բարձրացաւ տուտուկահար Ալպըրթ Վարդանեան եւ նուագեց «Տըլէ Եաման»ը:
Հանդիսավարը ընթերցեց օրուան գլխաւոր բանախօս Bostonի «The Armenian Weekly” խմբագիր Խաչիկ Մուրատեանի կենսագրականը, ծանօթացնելով զայն իբրեւ հասարակական գործիչ, թուրք եւ քիւրտ մտաւորական շրջանակներու հետ գործակցութիւններ ապահոված եւ յարաբերութիւններու միջեւ կամուրջ ստեղծող անձ մը, որ նաեւ մասնակցած է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Տէր Զօրի հայութեան ոչնչացման քննարկումներուն, խորհրդատու ունենալով Փրօֆ. Թանէր Աքչամը:
Տիար Մուրատեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց այդ գիշեր սոյն ձեռնարկին ներկայ ըլլալուն համար ապա սկսաւ իր խօսքին բացատրութիւններ տալով պատմական Հայաստանի իրականութիւնը ջանալ զետեղելով մեր հասկացողութեան մէջ, երեք տարածութիւններ իրար քով բերելով.
Ա. Հողը
Բ. Մշակութային ներկայացումը
Գ. Թաքուն հայերու իրականութիւնը
Ան շեշտեց թէ հողը, մարդը, քարը, կառոյցն ու կոթողը իրար հետ կապ ունին իրենց շրջապատին եւ այդ տարածաշրջանի մարդուն հետ: Հայաստանի գոյութիւնը հայկական կոթողներուն մէջէն է որ կը տեսնուի, ինչ որ մնացած է պատմական Հայաստանի մէջ, արդիւնքն է որոշ գործնականութեան մը: Թաքուն հայերու մասին ան յայտնեց թէ կան վերապրողներ որոնք իրենց կեանքը ապրեցան սուտի իրավիճակին մէջ: Հրանդ Տինքը այն անձերէն էր որ ճիգ թափեց դուրս բերելու այն անձերուն իրականութիւնները որոնք իրենց հայկական ծագումին մասին գիտնալ կ՛ուզէին: Դասախօսը անդրադարձաւ Չնքուշ (Չիւնկիւշ) շրջանին մասին ուր տակաւին որոշ չափով կանգուն մնացած է եկեղեցի մը, ուր ամենավայրագ դէպքերէն մին տեղի ունեցած էր եւ բնակչութեան ջախջախիչ մեծածմասնութիւնը տեղւոյն վրայ ջարդուած է: Իսկ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ ինը իսլամներ մկրտուեցան որոնք թաքուն հայեր էին եւ անոնցմէ մին հսկայական գումար մը նուիրած է եկեղեցւոյ վերանորոգման համար: Նաեւ նշեց թէ Տիգրանակերտի մէջ է որ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին բռնագրաւուած հողերը վերադարձնելու համար լուրջ աշխատանք կը տարուի քաղաքապետութեան կողմէ:
Դասախօս Մուրատեան իր վերջին խօսքերով խորհուրդ տուաւ գիտակցիլ մեր ունեցած արժէքին, մեզմէ իւրաքանչիւրը իր դերակատարութիւնը ունենալով այս բոլորին մէջ, որ պահ մը այս վիպականութենէն անդին մեր այսօրուայ ունեցածին գիտակցութիւնը պէտք է որ ըլլայ: Ան դատարկ աթոռներու նմանութեամբ օրինակ տուաւ բացատրելով թէ հոն նստած պիտի ըլլար Հրանդ Տինքը, եթէ այսօր Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքները մինչեւ այսօր չշարունակուէին, որոնք դիտումնաւոր կերպով դատարկուեցան Թուրքիոյ Խորհրդարաններուն մէջ հայ խորհրդականներու սպանութեամբ, սոյն դատարկ աթոռներու իրականութիւնը պարտինք դիմագրաւել եւ անոնց դատարկութեան ուրկէ գալը եւ արդարութիւնը պահանջել, անոնց պարապութիւնը պէտք է որ լեցնենք այսօր, ջանալով գտնել այն մէկ ժամը ուր մենք կը տեսնենք որ օգտակարութիւն ունենայ այս դատին համար, որովհետեւ այս պարապ աթոռներն են որ մեզ պիտի մղեն պահանջելու արդարութիւնը:
Հրաւիրուեցան հոգեւոր հայրերը Տէրունական աղօթքով փակելու այս շատ հանդիսաւոր երեկոն:
Պատկերահանումէն ետք տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
Իւրայատուկ գիշեր մըն էր զոր ներկաները ապրեցան, գիշեր մը, ուր փաստուեցաւ որ իրաւունքը պէտք է որ յաղթահարէ ուժին: Հետեւաբար, պէտք չէ մոռնանք խիզախ Հրանդ Տինքը որ իր կեանքով մեր իրաւունքի ազատութեան գինը վճարեց, ջանալով այդ ազատութեան բոցը վառ պահել: