-
-
-
Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է բանաստեղծ Զարեհ Խրախունին: Այս մասին վերահասու դարձանք Պոլսոյ մեր աղբիւրներէն: 88-Ամեայ Խրախունի (բուն անունով Արթօ Ճիւմպիշեան) ծնած է Պոլիս 1927 թուականին: Ան իր նախակրթութիւնը Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանին մէջ ստանալէ ետք Փարիզի մէջ կը հետեւի գրականութեան եւ արուեստի պատմութեան վերաբերող դասընթացքներու: Անոր բանաստեղծական հատորներէն կարելի է յիշել ՝ «Քար-Կաթիլներ», «Ես Եւ Ուրիշներ», «Լուսնապարտէզ», «Ստուեր Եւ Արձագանգ», «Տօնակարգ», «Սրտի Խօսք» բանաստեղծական երկերը: Լայն ճանաչում ունեցող բանաստեղծը արժանացած է տասնեակ մրցանակներու եւ պարգեւներու: Նշենք, որ Զարեհ Խրախունի Զահրատի եւ Ռոպէր Հատտէճեանի հետ միասին կը համարուի Պոլսոյ արդի գրականութեան հիմնադիրներէն մէկը: www.arevelk.am
__________________________________________
Պոլսահայութիւնը հրաժեշտ կու տայ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիին, որու Ազգային յուղարկաւորութեան կարգը վաղը տեղի պիտի ունենայ Պէյօղլուի մէջ։ Մեր ամլացած մշակութային կեանքի պայմաններով անփոխարինելի է այս կորուստը։ Ճիշդ է՝ վերջին շրջաններուն այս նոյն բնորոշումը կու տանք նման բոլոր կորուստներու պարագային, սակայն սա կաղապարեալ բանաձեւում մը չէ միանշանակ։ Մեր մտաւորական աշխարհը այնքան գունատած է, որ մեզմէ անվերադարձ հրաժեշտ առած բոլոր նուիրեալ մշակները կը դառնան անփոխարինելի։ Առկայ ամայութեան մէջ թէ՛ կը բազմապատկուի Խրախունիին արժէքը եւ թէ կը սաստկանայ ահազանգը մեր հաւաքական կեանքէն ներս։ Նահանջին առթած խուճապը կու գայ կրկնապատկել նաեւ Խրախունիի մահուան պատճառած սուգը։ Իր վաստակն ու աւանդը ծանօթ է բոլորին։
Կեդրոնական սանուց միութեան երդիքին տակ, 1990-ական թուականներու սկիզբին գործած Գրական ակումբին շրջագծով եղած էր մեր հիմնական ծանօթութիւնը։ Պոլսահայ իրականութեան մէջ մտաւորականութեան համախմբման գրեթէ վերջին փորձն էր այդ մէկը։ Կարելի չէ ըսել՝ որ ձախող փորձ մըն էր այդ մէկը, սակայն մնաց կիսաւարտ, չեղաւ երկարակեաց։ Մեր շփումը, ուրեմն, հաստատուած էր այդ մթնոլորտին մէջ։ Շատ մարդ կը յաճախէր այդ ակումբը՝ Ռուբէն Մաշոյեանէն սկսեալ մինչեւ Հրանդ Տինք։ Բոլորն ալ իրերայաջորդ գրաւեցին իրենց տեղը այդ «անփոխարինելիներու» շարքին. ոմանք բնական ժամանակագրութեամբ՝ իրենց ճակատագրով, իսկ ոմանց ալ վախճանը եղաւ անժամանակ ու անբնական։ Իսկ այսօր, նախախնամութեան տնօրինութեամբ, ահա քանի մը նախադասութիւն կը մրոտենք Խրախունիին հրաժեշտ տալու համար։
Գրական ակումբի գործած տարիներուն ամենակարգապահներու շարքին էր ան, նաեւ հետեւողական։ Մենք կը շփուէինք որպէս «տարբեր ճամբարներու» մարդիկ, սակայն այդ երեւոյթը արգելք չէր հանդիսանար մեր յարաբերութեան զարգանալուն։ Չէինք մտերմանար թէեւ, սակայն մեր կապը կ՚ամրապնդուէր։ Միշտ չափաւոր էր, շատ զուսպ։ Առ երեւոյթ այդքան մատչելի կամ հասանելի անձնաւորութիւն մը չէր, սակայն նկարագիրը ունէր շարք մը ստորոգելիներ, որոնք պատկառանք կ՚առթէին։ Կալաթասարայ ուսանած տարիներուս, կարգ մը առաւօտներ Պէյօղլուի մէջ կը հանդիպէինք իրարու։ Միշտ կը բարեւէր գլխարկով։ Քանի մը անգամ պատահած էր, որ այդ դրուագը ապրուած էր դասընկերներու ներկայութեամբ։ Անոնց զարմանքին ի պատասխան՝ երկար ժամանակ հարկաւոր կ՚ըլլար, բացատրելու համար, թէ այդ գլխարկը իրականութեան մէջ զուտ ինծի համար չէր շարժեր։
Գրական ակումբը հրատարակած էր քանի մը գիրքեր։ Թերթերու խմբագրութեանց կողմէ պատրաստուած գիրքերը կտրօններու փոխարէն կը տրամադրուէին ընթերցողներուն, ընթերցասէրներուն։ Մեր թերթը այդ հանգրուանին չունէր համապատասխան մարդուժ կամ ներուժ՝ զանազան պատճառներով։ Մեզի վիճակած էր Դանիէլ Վարուժանի գործերէն մին վերահրատարակելու ծրագրին պատասխանատուութիւնը։ Ընդհանուր նախագծին յաջողութիւնը երաշխաւորելու նպատակին հետամուտ՝ Խրախունի գրեթէ ինքնակամ ստանձնած էր զայն խմբագրելու, հրատարակութեան պատրաստելու պարտականութիւնը։ Այդ շրջանին էր, որ սրբագրութիւններու տրցակներն ի ձեռին քանի մը անգամ այցելած էր մեր խմբագրատունը, այս անգամ աւելի տարբեր կարգավիճակով մը՝ քան հիւր մը, որ կը փութար նուիրելու իր մակագրած նոր գիրքերը։
Այդպէս տարիներ էին, շատ կարճ շրջան մըն էր թէեւ, բայց նոյնքան յատկանշական։ Կ՚երեւի մեր մտաւորական կեանքէն ներս աւելի վերջ անգամ մըն ալ կարելի չեղաւ այդպէս լայնախարիսխ համագործակցութեան մը միջավայրը ստեղծել։ Վստահաբար, այդ ակումբը այսօր քաղցր յուշ մը դարձած ըլլայ բոլոր մասնակիցներու յիշողութեան մէջ։ Իսկ մենք այս բոլորը կը մտաբերենք ահա Խրախունիին հրաժեշտ տալու հանգրուանին։
Վերջին տարիներուն, երբ փոխադրութիւններու ստիպողութեամբ կը վերադասաւորէի մեր ընտանեկան երէցներու կամ թերթին գրադարանները, անձնական արխիւները՝ հանդիպած էի նաեւ Խրախունիի ձեռագրերուն։ Անմիջապէս աչքիս առջեւէն սահած էին այդ սրբագրութիւններով ձեռագիրները։ Այդ վաստակին ու համագործակցութեան համար այսօր կը կրկնենք մեր երախտագիտութիւնը՝ իր յաւիտենական ուղեւորութեան ընդառաջ։ Գրական ակումբի տարիներէն վերջ շատ ցանցառ եղած էին մեր հանդիպումները։
Այդ ընթացքին պատահած էր, որ մէկ կամ երկու առիթով այցելէի բնակարանը։ Իր մականունին հետ նոյն անունով շէնքի մը մէջ յարկաբաժին մըն էր՝ քաղաքի սրտին վրայ։ Կատարեալ հիւրընկալի մը դերին մէջ էր, իւրաքանչիւր շարժումով, ըրածով ու չըրածով յայտնի էր՝ որ այդ դերը խորթ չէր իրեն։ Քաղաքի եւ թէ մեծ քաղաքի կենցաղով թրծուած կերպար մըն էր։ Իր կորուստով մեր իրականութենէն կը պակսի նաեւ այդ կենցաղի վառ ներկայացուցիչներէն մին։ Եւ, անշուշտ, այս առումով եւս անփոխարինելի է պակասը։ Մեծ քաղաքներու ժխորին մէջ արդի ժամանակներուն տեղքայլ կ՚արձանագրեն որակն ու մակարդակը, իսկ Խրախունի անհատը չափանիշ մըն էր այդ տեսանկիւնէն։ Այսօր քանի՞ հոգի կրնայ իրեն նման ստեղծել տպաւորութիւնը այնպիսի անձի մը, որ կը գիտակցի, թէ ո՛ւրկէ կու գայ ու կ՚երթայ դէպի ո՛ւր։ Ամբոխավար մը չէր Խրախունին, սակայն դժուար թէ իր իւրացուցած կենցաղին բերումով վանէր մարդոց։
Բանաստեղծ մը անդենական ուղեւորելու տխուր պահուն, բնականաբար, ուշադրութեան կիզակէտին է իր գրական ժառանգը, արտադրական վաստակը։ Անկարելի է անտեսել, սակայն, որ Խրախունին նաեւ ուսուցիչ մըն էր։ Չէ՞ որ, գրչի մշակին ու կրթական մշակին ճանապարհը յաճախ կը խաչաձեւուի մեր իրականութեան մօտ՝ մտքի մշակի հասարակաց յայտարարին վրայ։ Խրախունիի պարագան ալ չէր եղած բացառութիւն մը։ Իրականութեան մէջ, իր կերպարը շատ աւելի կը համապատասխանէր ուսուցչին։ Մարդ կրնար պահ մը տատամսում ապրիլ Խրախունիի անձին մէջ բանաստեղծ մը տեսնելու համար, քանի որ ան հեռու էր առ երեւոյթ բանաստեղծներուն վերագրուած պոհէմութիւններէն, սակայն առաջին իսկ հայեացքով կարելի էր զինքը ուսուցիչ համարել, որովհետեւ կը մարմնաւորէր լրիւ ուսուցողական կերպար մը։ Լաւ արժեւորուած տասնամեակներով գիտակցական կեանքի մը ցոլքերը միշտ նշմարելի էին իր մօտ։
Խրախուիին հետ, Գրական ակումբին առընթեր, միասին աշխատած էինք նաեւ՝ Հայ մամլոյ 200-ամեակի յոբելեանի Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբին մէջ։ Հիմա յստակ պիտի չյիշեմ, բայց կա՛մ այդ յոբելեանին ժամանակ էր եւ կամ Գրական ակումբի կազմակերպած երեկոյթին ժամանակ։ Փափաքած էր, որ ձեռնարկը անպայման սկսի նշանաւոր «Ազգ փառապանծ»ի երգեցողութեամբ։
Եւ այսօր հայոց փառապանծ ազգի ծոցէն հասած եզակի բանաստեղծ մը կը լքէ մեզ. յուզումն է համակած պոլսահայ իրականութիւնն ու հայ գրականութեան անդաստանը։
Հողը թեթեւ գայ Խրախունիին վրայ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
«Մարմարա»-ի խմբագրատունէն ուղարկուած տեղեկատուական թղթածրար մը կը գուժէր մահը հոգածու եղբօր մը, սիրելագոյն անձի մը, ազնուական հոգիի մը, իսկական պոլսեցիի մը, ժամանակակից արեւմտահայ գրականութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներէն, սփիւռքահայ ամէնէն վաւերական բանաստեղծներէն եւ պոլսահայութեան ազգային ջիղն ու գիտակցութիւնը լաւագոյնս դրսեւորող, մեսրոպաշունչ խրամատի առաջամարտիկ` Արթօ Ճիւմպիւշեանը. գրական անունով` Զարեհ Խրախունին:
Պատկառելի բանաստեղծի, արձակագիրի, յուշագիրի, թատերագիրի, թարգմանիչի, լեզուական պատշաճեցումի վաստակներուն առընթեր, Խրախունին ունէր նաեւ պատկառելի մանկապատանեկան պատշաճեցումի հարուստ արտադրութիւն: Դասաւորուած աշխատանքի եւ աշխատաժամի հաւատարիմ բանաստեղծը յատուկ ջանադրութեամբ կը վերականգնէր Վարուժանի եղերական մահուամբ ընդհատուած հայ գրականութեան ազգային-աւանդական գիծը եւ կու տար յատկանշական ստեղծագործութիւններ: Հակառակ իր նշանակալի ներդրումին, հրատարակուած բներգական հատընտիրներու մէջ տեղ չէր տրուած «Ստուեր եւ արձագանգ»-ի եւ մանաւանդ «Հոգեհանգիստ»-ի անզուգական հեղինակին:
Խրախունիին մտերմութեան վայելքը առանձնաշնորհում նկատած, փոխան յաւուր պատշաճի արտայայտութեան, կը համարձակիմ մէջբերել իր 26 նոյեմբեր 2006 թուականակիր նամակէն հատուած մը, ուր Խրախունին խրախունիական ոճով մը կը ներկայացնէ իր գրական վաստակն ու հաւատամքը –
«Յիրաւի, 18 տարեկանէս ի վեր, երբ Մխիթարեան լիսէն աւարտեցի Դ. Վարուժանի մասին շուրջ 25 վայրկեան տեւող աւարտաճառ մը կարդալով, իտէալս եղաւ անոր ուղղութիւնն ու գործը շարունակել, միաւորելով Վ. Թէքէեանի սահուն, հանգիստ, տեղ տեղարձականման ոճին հետ:
«Ես ոչ ոքէ «գոփի քաշեցի» … նորարարութիւններ փորձեցի` առանց ոեւէ մէկը ընդօրինակելու, պարզապէս` դարուն յառաջընթացին հետ քայլ պահելու եւ մեր լեզուին արտայայտութեան միջոցները զարգացնելու համար: Միշտ հաւատացի բանաստեղծութեան մտքի ու մշակոյթի հիմնական սնունդներէն մէկը ըլլալուն, եւ ջանացի հեռու պահել զայն սրամտութեան կամ զուարճախօսութեան պատառիկներ ըլլալը, – որքան ալ քաղցրահամ ու հաճելի ըլլան անոնք: Բայց հիմա ափսոսանքով կը տեսնեմ, որ – բացի մէկ ձեռքի մատներու վրայ համրուող քանի մը բանիմաց ու անաչառ հոգիէ – գրեթէ ոչ ոք կ՛անդրադառնայ իմ այս կեցուածքին ի ողջութեան, որ մեր դպրութեան մայր հոսանքին պաշտպանութիւնն ու առաւել խորացումն ու ընդարձակումն է, փոխանակ` խոտորեցումի եւ ճապաղեցումի»:
-
-
-
-
-