Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով «Ողջամիտ Համաձայնութեան» Հասնելու Կոչ Ըրած Է (ASBAREZ)
Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով «Ողջամիտ Համաձայնութեան» Հասնելու Կոչ Ըրած Է
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ֆրանսիս պապը, Հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ Հայրապետական Սինոտի (բարձրաստիճան հոգեւորական ժողով) արքեպիսկոպոսներուն հետ հանդիպման ընթացքին կոչ ըրած է «ողջամիտ համաձայնութեան» հասնիլ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով: Հռոմի պապը ցանկութիւն յայտնած է «բուժելու վէրքերը եւ արագացնելու ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան ու հաշտեցման հաստատումը»: Ան արքեպիսկոպոսներուն յայտնած է, որ պատարագին ընթացքին պիտի աղօթէ զոհերու յիշատակին:
Նշենք, որ Հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ Հայրապետական Սինոտի արքեպիսկոպոսները Վատիկան ժամանած են ներկայ գտնուելու Կիրակի, Ապրիլ 12ին կայանալիք ու Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած պատարագին, որ պիտի մատուցուի Ֆրանսիս պապին կողմէ:
Վատիկան ժամանած են նաեւ Հայոց Առաքելական եկեղեցւոյ երկու վեհափառ հայրերը: