Գրիգոր Նարեկացին Հռչակուեցաւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ (ASBAREZ)

Գրիգոր Նարեկացին Հռչակուեցաւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ

ՎԱՏԻԿԱՆ, «Արմէնփրես».- Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած պատարագի ընթացքին Հռոմի Ֆրանսիս պապը Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ:

Սրբադասման դատաւորութիւններու կարդինալ Անճելօ Ամատօն իր խօսքի մէջ նշեց, որ Գրիգոր Նարեկացին իր կեանքով եւ վարդապետութեամբ քարոզած է գեղեցկութեան վարդապետութիւնը եւ անոր խօսքի գեղեցկութիւնը եւ վարդապետութիւնը գնահատած է ժողովուրդը:
«100 տարի առաջ Արեւելեան եկեղեցւոյ հայրապետներէն մէկը՝ Սբ. Եփրեմ Ասորին հռչակուեցաւ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ: Այժմ կը խնդրենք, որ Արեւելեան եկեղեցւոյ հայրապետներուն տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ յայտարարել Գրիգոր Նարեկացին:

Ան իր կեանքով եւ իր վարդապետութեամբ քարոզած է գեղեցկութեան աստուածաբանութիւնը, անոր խօսքի գեղեցկութիւնն ու աստուածաբանական միտքը միշտ մեծապէս գնահատուած են եւ՛ ժողովուրդի, եւ՛ խորիմաստ աստուածաբաններու կողմէն: Անոր տեւական ժողովրդականութիւնը կապուած է իր գլխաւոր աշխատութեան՝ «Մատեան Ողբերգութեան» հետ, զոր հայ ժողովուրդը կ’անուանէ «Նարեկ» եւ այն հայ ժողովուրդի մէջ կը համարուի անոր ամենատարածուած գրութիւնը: Անոր միտքը եւ խօսքը համեմատելի է Յովհաննէս Ոսկեբերանի եւ Գրիգոր Լուսաւորիչի հետ: Ահա այս պատճառներէն մեկլնելով՝ բազմաթիւ եպիսկոպոսներ դիմած են Հռոմի պապին, որ ան հռչակուի Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ: Բոլոր աստուածաբանները սուրբերու սրբադասման դատավարութեան ժողովին տուած են իրենց դրական կարծիքը եւ ստորագրած այն հռչակագրի տակ, որ Գրիգոր Նարեկացին ստանայ այդ պատուաբեր տիտղոսը: Բոլոր կարդինելներու կողմէն եւս տրուած է այդ համաձայնութիւնը»,շեշտեց ան: Ան նշեց նաեւ, որ այս տարի նաեւ առաջին հարիւրամեակն է այն սարսափելի չարիքի, որուն զոհ գնաց հայ ժողովուրդը եւ այս ողբերգութեան մէջ եւս Գրիգոր Նարեկացին հանդէս եկաւ, իբրեւ յոյսի եւ խաղաղութեան կերտող: Այնուհետեւ Թուրքիոյ մէջ հայ կաթողիկէ առաջնորդը գերաշնորհ Տէր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զեքեան կարդաց Նարեկացիի համառօտ կենսագրութիւնը՝ բացատրելու համար ներկաներուն, հիմնաւորումը, որուն համար այդքան բազմաթիւ կարդինալներ խնդրած են զինք հռչակել տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ: Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետի կոչումը բարձրագոյնն է, զոր կրնայ շնորհել Հռոմի պապը:

Share

Most Recommended