Ֆաթհիյէ Չեթին կը ժամանէ Լոս Անճելըս (UACLA)

Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ Մարմինի յատուկ հրաւէրով, այսօր՝ Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 12, 2014ին, Լոս Անճելըս ժամանեց իրաւաբան, գրող եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ֆեթհիյէ Չեթին։
Ֆեթհիյէ Չեթին եղած է Թուրքիոյ Սահմանադրութեան 301 յօդուածով մեղադրուած Հրանդ Տինքի դատական պաշտպանը: Ան մինչեւ օրս կը շարունակէ ներկայացնել Հրանդ Տինքի ընտանիքի բոլոր շահերը:

Չեթին հեղինակն է «Մեծ Մայրս» գիրքին, ուր կը նկարագրէ, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս բացայայտուած են իր մահացող մեծ մօր հայկական արմատները, իսկ իր համահեղինակած «Թոռները» գիրքին մէջ, ան կը պատմէ 1915-1923 թուականներուն թոռներու շուրթներով գրի առնուած՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ապրած եւ բռնի ուժով ինքնութիւնը կորսնցուցած հայերու յիշողութիւնները:

Լոս Անճելըսի եւ անոր շրջակայքը գտնուող համայն հայութեան կը տեղեկացնենք, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան Լոս Անճելըսի Միացեալ Մարմինը կազմակերպած է երեք ձեռնարկներ, որոնց ժամանակացոյցը կը ներկայացնենք ստորեւ.

ա.- Հրապարակային դասախօսութիւն, որ տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2014ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Ազգային Ֆերահեան վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ՝ 5300 White Oak Ave., Encino, CA, 91316:
Լոս Անճելըսի հայ համայնքը սիրով հրաւիրուած է լսելու Ֆեթհիյէ Չեթինի սոյն հրապարակային դասախօսութիւնը:

բ.- Ուսանողական հաւաք, որ տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2014ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի «Օվիէթ» գրադարանին մէջ՝ CSUN, Oviatt Library, 18111 Nordhoff Street, Northridge, CA 91330:

գ.- Միացեալ Մարմինս նաեւ կազմակերպած է ընթրիք-երեկոյ մը՝ ի պատիւ Ֆեթհիյէ Չեթինի. տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Նոյեմբեր 15, 2014ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, Պոլսահայ միութեան սրահին մէջ՝ 19726 Sherman Way Winnetka, CA 91306:
Տոմսերու համար, կը խնդրուի հեռաձայնել Ռազմիկ Յովհաննէսեանին՝ (818) 631-9110 թիւով: Տոմսերու գինն է 80 տոլար:
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ
ՄԱՐՄԻՆ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ

Share

Most Recommended