ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, «Մարմարա», «Արմէնփրէս», «Էրմենիհապեր».- Անցած շաբաթավերջին հաղորդուեցաւ, որ պոլսահայ գրող, լրագրող, հրապարակախօս Էթիէն Մահճուպեան նշանակուած է Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի գլխաւոր խորհրդական:
«Միլլիյէթ» կը տեղեկացնէ, թէ Մահճուպեան, որ ակադեմական աշխատանքի շրջանէն դասընկեր ու բարեկամ եղած էր Տաւութօղլուի, «գոհունակութեամբ» ընդունած է այս առաջարկը։ Թերթը կը նշէ, որ երբ Տաւութօղլու կը պաշտօնավարէր իբրեւ արտաքին գործոց նախարար, յաճախ կը խորհրդակցէր Մահճուպեանի հետ։
Մահճուպեան սիւնակագիր եղած է թրքական ընդդիմադիր «Զաման» օրաթերթին մէջ, ապա տեղափոխուած է իշխանամէտ «Աքշամ» օրաթերթ: Ան անդամ է քրտական հարցի կարգաւորման առաջարկներու մշակման համար 2013ին ստեղծուած «Իմաստուններու խորհուրդ»ին, որուն մէջ ներառուած են ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու, գիտական ու լրագրական շրջանակներու աւելի քան վեց տասնեակ ներկայացուցիչներ:
Իշխանամէտ օրաթերթերէն «Սապահ»ը կը գրէ, որ նախկին վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի՝ հայութեան յղած ցաւակցական ուղերձէն ետք, Տաւութօղլուի խորհրդականի պաշտօնին ազգութեամբ հայ մտաւորականի մը նշանակումը կարեւոր քայլ է՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը զարգացնելու համար:
Ըստ «Սապահ»ի՝ Մահճուպեան այդ պաշտօնը ստանձնելու առաջարկը ստացած է անձամբ վարչապետէն՝ անցեալ շաբաթ, երբ տեղի ունեցած է «Իմաստուններու խորհուրդ»ի հերթական ժողովը, որուն աւարտին Տաւութօղլու հանդիպած է Մահճուպեանի հետ եւ անոր առաջարկած է ստանձնել գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնը: Մահճուպեան ընդունած է առաջարկը:
Տաւութօղլու կարեւոր նկատած է Մահճուպեանի ունեցած ներդրումը Թուրքիոյ ժողովրդավարացման եւ քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորման մէջ: Կը նշուի նաեւ, որ Մահճուպեան դերակատարութիւն պիտի ունենայ հայկական հարցի կարգաւորման գործին մէջ, մանաւանդ որ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք, «Ակօս» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրի պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին, ան արդէն իսկ ձեռք բերած էր հանրային լայն ճանաչում:
Սակայն, Մահճուպեան հերքած է մամուլին մէջ տեղ գտած այն տեղեկութիւնները, թէ ինք ազգային փոքրամասնութիւններուն եւ յատկապէս հայերուն առնչուող հարցերուն ուղղութեամբ խորհրդական ծառայութիւններ պիտի մատուցէ՝ աւելցնելով, որ անցեալ շաբթուան հանդիպումին ընթացքին, ինք վարչապետին հետ չէ խօսած Հայկական Հարցին մասին ու որեւէ յատուկ հարցի վրայ կանգ չեն առած:
Նշենք, որ Մահճուպեան առաջին ոչ իսլամն է, որ կը նշանակուի Թուրքիոյ վարչապետի գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնին:
Թրքական «Էվրենսել» թերթի լրագրող-երգիծանկարիչ Սեֆեր Սելվին յատուկ ծաղրանկար մը գծած է այս կապակցութեամբ՝ նշանակումը կապելով հայերու նկատմամբ նախագահ Էրտողանի բացասական եւ խտրական արտայայտութեան: Ծաղրանկարին մէջ պատկերուած են Տաւութօղլուն եւ Մահճուպեանը. անոր մէջ Թուրքիոյ վարչապետը ներկայացնելով իր նոր գլխաւոր խորհրդականը՝ կ՛ըսէ. «Կը ներէք, ա՛յս ալ իմ խորհրդական Մահճուպեանն է»:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններուն համար տարուած քարոզչութեանց ժամանակ, Էրտողան յայտարարած էր, որ իր քաղաքական գործունէութեան ընթացքին բազմաթիւ վիրաւորական արտայայտութիւններ կատարուած են իր հասցէին, իրեն յոյն, վրացի, քիւրտ եւ նոյնիսկ աւելի վատ բաներ ըսած են. «Կը ներէք, բայց ինծի նոյնիսկ հայ անուանած են», աւելցուցած էր ան:
Իր կարգին, «Հիւրրիյէթ»ի յօդուածագիր Ահմետ Հաքան գրած է, որ գոնէ մէկ պատճառով շատ ուրախացած էր Մահճուպեանի նշանակումով։ «Ասկէ ետք, կը կարծեմ, որ ո՛չ մէկ պետական անձ հայ բառը արտասանելէ առաջ ներողութիւն խնդրելու կարիքը պիտի զգայ, որովհետեւ պիտի մտածէ, որ այդպիսի արտայայտութիւն մը պիտի վիրաւորէ Էթիէն Մահճուպեանը։ Էթիէն Մահճուպեանի նշանակումը միայն այս օգտակարութիւնն իսկ ունենայ եթէ, արդէն բաւարար է», նշած է Ահմետ Հաքան։
Միւս կողմէ, «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ» հակահայ կազմակերպութիւնը կոչ ըրած է Թուրքիոյ վարչապետին, որ վերատեսութեան ենթարկէ իր այս որոշումը, յատկապէս որովհետեւ Էթիէն կը ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ իր յօդուածներուն մէջ կոչ կ՛ընէ թուրքերուն, որ ներողութիւն խնդրեն անոր համար։ Ըստ կազմակերպութեան՝ Մահճուպեանի նշանակումը «շատ մտահոգի»չ է։
Turkish-Armenian journalist Etienne Mahchupian
ANKARA—Etienne Mahchupian, an ethnic Armenian journalist in Turkey, has been appointed as a senior advisor to Turkey’s new prime minister and former foreign minister Ahmet Davutoglu.
Mahchupian (born 1950 in Istanbul) writes as a columnist for the Turkish newspapers Taraf and Zaman. Mahchupian also headed the Turkish-Armenian newspaper Agos weekly from 2007 to 2010, following Hrant Dink’s assassination. He was earlier a member of the Wise People Committee, a public-private committee which was set up in 2013 to elaborate proposals for resolving the “Kurdish issue.”
Turkey’s Sabah news agency describes the move as an attempt toward thawing relations between Armenia and Turkey.
The publication says that Mahchupian received the proposal directly from the prime minister last week and that Mahchupian accepted.
Davutoglu reportedly praised Mahchupian’s contribution to Turkey’s democratization and civil society building efforts, attaching importance to his constrictive position on state and public issues.
A graduate of Boğaziçi University, Mahchupian studied chemistry and later economics at the University of Ankara, where he lectured as a professor until 1980. From 1980 to 1996 he worked as an entrepreneur, heading various businesses.
Mahchupian said following his appointment that he is hopeful that he can contribute to the development of Turkey in a new direction in his new position, Turkey’s Cumhuriyet newspaper reported.
It has been noted that Prime Minister Ahmet Davutoglu and Etienne Mahchupian have been closely acquainted for some time, including when Davutoğlu was foreign minister. Davutoğlu told media representatives that he made the decision on Mahchupian’s appointment for his “intellectual identity”.
Mahchupian said that he will support the Turkish Prime Minister by carrying out works in the direction of “democracy,” “government and public relations” and “minorities.” Mahchupian is the first non-Muslim person among the Advisors of the Turkish President and Prime Minister