Մխիթարեան Վարժարանի 6րդ եւ 7րդ դասարաններու աշակերտները, գլխաւորութեամբ վարժարանի նախակրթութեան բաժնի տնօրէն Գարեգին Պարսամեանի եւ փոխ-տնօրէն Թահսին Եըլտըրըմի, 19 Դեկտեմբեր 2013, Հինգշաբթի, ժամը 13.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։
Աշակերտները եկած էին ծանօթանալու, Հայ Համայնքի հոգեւոր կեդրոնին։ Նորին Սրբազնութիւնը, Պատրիարքական Աթոռոյ, Հայ Եկեղեցւոյ եւ Քրիստոնէութեան մասին հիմնական գիտելիքներ փոխանցեց մանուկներուն։ Անոնք առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու եւ հակիրճ տեղեկութիւններ ստանալու։ Այցելութեան աւարտին աշակերտներ միասնաբար երգեցին «Տէրունական Աղօթք»ը։ Նորին Սրբազնութիւնը գնահատեց զանոնք եւ իր օրհնութիւնները փոխանցեց։
Աշակերտներ ապա Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի ընկերակցութեամբ այցելեցին, Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի անուան Թանգարանը։