ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՐԻՒՐ ՏԱՐԵԿԱՆ (Պատրիարքութիւն Հայոց – Ermeni Patrikligi)

Photo: ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՐԻՒՐ ՏԱՐԵԿԱՆ

Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան հարիւրամեակը կը զուգադիպի ներկայ 2013 տարւոյս։

2003ին Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը փափաքած էր նշել իր ծննդեան 90 ամեակը։ Այս հանգրուանը նշուեցաւ ծրագրուած ձեռնարկներով։

Պատրիարքական Աթոռս սկսած է ծրագրել Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան 100 ամեակը զանազան ձեռնարկներով։

Արուեստագէտ Գրիգոր Սահակեան այս առթիւ պատրաստած է 100 ամեակի լոկոն։

Դարադարձի առթիւ ծրագրուած է հոգեւոր համերգ մը, յառաջիկայ 9 Դեկտեմբեր 2013, Երկուշաբթի գիշեր, Կալաթասարայի Սէնթ Անթուան Լատին Եկեղեցւոյ մէջ։ Համայնքիս երկու երիտասարդ ու սիրուած արուեստագէտները՝ Յարութիւն էտվին Կալիպեան եւ Արթիւր Պաղտասարեան պիտի սարքեն հոգեւոր համերգ մը, առաջինը՝ երգեհոնով, իսկ երկրորդը՝ իր ձայնով։

Այս ձեռնարկին պիտի յաջորդեն Երանաշնորհ Պատրիարքի գիրքերուն վերհրատարակութիւնը, որպէս «Շնորհք Պատրիարք - 100» մատենաշար։

Վստահ ենք, թէ այս հանգրուանը առիթ պիտի ըլլայ, վառ պահելու յիշատակը Երանաշնորհ Պատրիարքին, որ մօտ երեսուն տարի հովուեց իր մականին յանձնուած ժողովուրդը։

Երբ այսօր կայ ժողովուրդի հատուած մը, որ իր կենդանի աչքերով տեսած, իր աջն ու օրհնութիւնը առած եւ անոր յիշատակը կենդանի կը պահէ իր ներաշխարհին մէջ, զայն պիտի փոխանցէ յաջորդ սերունդներուն։

Եկէք միասնաբար արտասանենք այն աղօթքը, որ Երանաշնորհ Հայրապետը կ՚արտասանէր Երուսաղէմի մէջ, ամէն սուրբի յիշատակութեան.

«Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։ ...
Ս. Աթոռոյս յիշատակ ընծայողաց Ինքն ողորմեսցի»։
ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՐԻՒՐ ՏԱՐԵԿԱՆԵրանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան հարիւրամեակը կը զուգադիպի ներկայ 2013 տարւոյս։

2003ին Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը փափաքած էր նշել իր ծննդեան 90 ամեակը։ Այս հանգրուանը նշուեցաւ ծրագրուած ձեռնարկներով։

Պատրիարքական Աթոռս սկսած է ծրագրել Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան 100 ամեակը զանազան ձեռնարկներով։

Արուեստագէտ Գրիգոր Սահակեան այս առթիւ պատրաստած է 100 ամեակի լոկոն։

Դարադարձի առթիւ ծրագրուած է հոգեւոր համերգ մը, յառաջիկայ 9 Դեկտեմբեր 2013, Երկուշաբթի գիշեր, Կալաթասարայի Սէնթ Անթուան Լատին Եկեղեցւոյ մէջ։ Համայնքիս երկու երիտասարդ ու սիրուած արուեստագէտները՝ Յարութիւն էտվին Կալիպեան եւ Արթիւր Պաղտասարեան պիտի սարքեն հոգեւոր համերգ մը, առաջինը՝ երգեհոնով, իսկ երկրորդը՝ իր ձայնով։

Այս ձեռնարկին պիտի յաջորդեն Երանաշնորհ Պատրիարքի գիրքերուն վերհրատարակութիւնը, որպէս «Շնորհք Պատրիարք – 100» մատենաշար։

Վստահ ենք, թէ այս հանգրուանը առիթ պիտի ըլլայ, վառ պահելու յիշատակը Երանաշնորհ Պատրիարքին, որ մօտ երեսուն տարի հովուեց իր մականին յանձնուած ժողովուրդը։

Երբ այսօր կայ ժողովուրդի հատուած մը, որ իր կենդանի աչքերով տեսած, իր աջն ու օրհնութիւնը առած եւ անոր յիշատակը կենդանի կը պահէ իր ներաշխարհին մէջ, զայն պիտի փոխանցէ յաջորդ սերունդներուն։

Եկէք միասնաբար արտասանենք այն աղօթքը, որ Երանաշնորհ Հայրապետը կ՚արտասանէր Երուսաղէմի մէջ, ամէն սուրբի յիշատակութեան.

«Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։ …
Ս. Աթոռոյս յիշատակ ընծայողաց Ինքն ողորմեսցի»։

Share

Most Recommended