ՊՈԼ­ՍՈՅ ՊՈ­ՂԱ­ԶԻ­ՉԻ ՀԱ­ՄԱԼ­ՍԱ­ՐԱ­ՆԷՆ ՆԵՐՍ ԻՍ­ԼԱ­ՄԱՑ(ՈՒ)ԱԾ ՀԱ­ՅԵ­ՐՈՒ ԳԻ­ՏԱ­ԺՈ­ՂՈՎ

ՊՈԼ­ՍՈՅ ՊՈ­ՂԱ­ԶԻ­ՉԻ ՀԱ­ՄԱԼ­ՍԱ­ՐԱ­ՆԷՆ ՆԵՐՍ ԻՍ­ԼԱ­ՄԱՑ(ՈՒ)ԱԾ ՀԱ­ՅԵ­ՐՈՒ ԳԻ­ՏԱ­ԺՈ­ՂՈՎ

p2-3 new bolis-islamatsatz-hayer  ՊՈ­ԼԻՍ.- “Հրանդ Տինք“ի ան­ուան հիմ­նար­կին կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Մա­լաթ­ի­ա­ցի հա­յե­րու միու­թեան եւ Պո­ղա­զի­չի հա­մալ­սա­րա­նին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ, Շա­բաթ, Նո­յեմ­բեր 2-ին, Պո­ղա­զի­չի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ, կա­տար­ուե­ցաւ  բա­ցու­մը “Իս­լա­մաց“ու“ած հա­յեր“ նիւ­թով եռօր­եայ գի­տա­ժո­ղո­վը:
Առա­ջին եր­կու օրե­րու նիս­տե­րը, որոնց ըն­թաց­քին մեծ թիւով ակա­դե­մա­կան­ներ ելոյթ­ներ ու­նե­ցան, իւ­րա­քան­չիւ­րը` քսա­նա­կան վայրկ­եան, ար­դէն իրա­կա­նա­ցու­ցին հա­ւաք մը, ուր այ­լեւս ամէն մարդ, իր ամ­բողջ մեր­կու­թեամբ կը խօ­սէր Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ անոր հե­տե­ւանք­նե­րուն մա­սին: Այս տե­սա­կէ­տէն կա­րե­լի է ըսել, որ այս հա­մա­գու­մա­րը դարձ­եալ ակա­դե­մա­կան բարձր մա­կար­դա­կի վրայ դար­ձաւ հա­ւա­քոյթ մը, որ Թուրք­իոյ մէջ հայ­կա­կան թա­պու­նե­րը ամ­բող­ջո­վին կը փլցնէր ու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին ամէն ինչ օրա­կար­գի կը բե­րէր` մե­ծա­մաս­նու­թեամբ թուրք երի­տա­սարդ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու եւ պատ­մա­գիր­նե­րու բե­րա­նով: Հա­կա­ռակ անոր, որ հա­մա­գու­մա­րը կը կա­յա­նար հե­ռա­ւոր թա­ղի մը մէջ, նիս­տե­րուն հե­տե­ւե­ցաւ հոծ բազ­մու­թիւն մը: Ներ­կա­նե­րը ու­շադ­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան զե­կու­ցում­նե­րուն, ապա յատ­կան­շա­կան հար­ցում­ներ ուղ­ղե­ցին զե­կու­ցող­նե­րուն:
Հա­մա­գու­մա­րի բա­ցու­մը կա­տար­ուե­ցաւ Հրան­դի այրի­ին` Ռա­քէլ Տին­քի կող­մէ: Ան դի­տել տուաւ, որ հոս հա­ւաք­ուած են` բա­նա­լու հա­մար էջեր, որոնց մա­սին մին­չեւ այ­սօր ո՛չ մէ­կը խօ­սած է: “Հոս վկա­յու­թիւն պի­տի ընենք այն գաղտ­նիք­նե­րուն մա­սինորոնք ծա­ծուկ պահ­ուե­ցան մին­չեւ այ­սօրՃշմար­տու­թիւն­նե­րը եր­բե՛ք չեն կրնար մնալ մու­թի մէջԱյ­սօր այ­լեւս բարձ­րա­ձայն հնչե­լու սկսած ենփսփսուք­նե­րը բո­լոր անոնցորոնք սու­րե­րու ու սպանդ­նե­րու աւել­ցուք­նե­րը կը կոչ­ուէ­ին, ըսաւ Ռա­քէլ Տինք: Ան նշեց, որ մին­չեւ այ­սօր մար­դիկ չու­զե­ցին լսել անոնց պատ­մու­թիւն­նե­րը, չու­զե­ցին խօ­սիլ անոնց գո­յու­թեան մա­սին եւ բնաւ չըն­դու­նե­ցին Ցե­ղաս­պա­նու­թեան իրա­կա­նու­թիւնը: Բայց այ­լեւս ամէն ինչ երե­ւան ելած է, գաղտ­նի բան չէ մնա­ցած: Ան աւել­ցուց, որ Հրանդ շատ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կ՛ըն­ծա­յէր այս նիւ­թին եւ կը պնդէր, որ պէտք է խօս­ուի ո՛չ միայն մե­ռած­նե­րուն մա­սին, այ­լեւ անոնց մա­սին, որոնք ողջ են այ­սօր:p2 islamizedarm2
Բաց­ման ու­ղեր­ձէն ետք ելոյթ­ներ ու­նե­ցան Պո­ղա­զի­չի հա­մալ­սա­րա­նի տե­սուչ Կիւ­լէյ Պար­պա­րօղ­լու, Մա­լաթ­ի­ա­ցի հա­յե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Խոս­րով Քէ­օ­լէ­դա­ւի­թօղ­լու եւ Սա­պան­ճը հա­մալ­սա­րա­նէն Այ­շէ Կիւլ: Տե­սուչ Պար­պա­րօղ­լու ըսաւ.- Փսփսուք­նե­րով սկսող խօս­քե­րը հի­մա առա­տօ­րէն թող հո­սին: Իսկ Այ­շէ Կիւլ յի­շե­ցուց, որ առա­ջին ան­գամ այս մա­սին հրա­տա­րակ­ուած էր Սեր­տար Ճա­նի “ՄեծՄայ­րի­կիս Հէք­ի­աթ­նե­րը անուն գիր­քով, որ սա­կայն մեծ աղ­մուկ չէր կրցած բարձ­րաց­նել օրին: Իս­լա­մա­ցած հա­յե­րու խնդի­րը յայտն­ուե­ցաւ, երբ Տին­քի խմբագ­րած “Ակօս“ին մէջ, հրա­տա­րակ­ուե­ցաւ Սա­պի­հա Կէ­օք­չէ­նի հայ ըլ­լա­լուն լու­րը եւ երբ Ֆեթհիէ Չե­թին հրա­տա­րա­կեց իր Մեծ Մայ­րիկս անուն գիր­քը:
Փաս­տա­բան Ֆեթ­հի­յէ Չե­թին խօսք առ­նե­լով, իր մեծ մօ­րը կեան­քէն յու­զիչ ման­րա­վէ­պեր պատ­մեց: Ան ըսաւ, որ մեծ մայ­րը գի­տէր, թէ իր մայ­րը իր եր­կու թոռ­նե­րը խեղ­դած էր Տիգ­րիս գե­տի Հաւ­լե­րէ անց­նող ջու­րե­րուն մէջ եւ ան­կէ ետք ինք­զինք եւս գե­տին մէջ նե­տած էր: Այս ող­բեր­գու­թե­նէն ետք իր մեծ մայ­րը եր­կար տա­րի­ներ ապ­րած է տան մը մէջ, որուն պա­տու­հա­նէն շա­րու­նակ կը տես­նէր այդ Հաւ­լեր գե­տը:
Ակա­դե­մա­կան Իւ­միտ Քուրթ պատ­մեց, թէ իս­լա­մա­ցած հա­յե­րը տա­կա­ւին որ­քա՛ն կը վախ­նա­յին ու շա­րու­նակ կեա­ւուր կը նկատ­ուէ­ին: Անոնք կը մերժ­ուէ­ին հա­յե­րու կող­մէ եւս, քա­նի որ հա­յե­րը զա­նոնք կը կո­չէ­ին գը­լըճ ար­թը­ղը տա­ճիկ, այ­սինքն` սու­րի աւել­ցուք տա­ճիկ: Կա­յին նա­եւ հա­յեր, որոնք իս­լա­մա­ցած ըլ­լա­լով հան­դերձ` աւե­լի ուշ քրիս­տո­նէ­ու­թեան կը վե­րա­դառ­նա­յին, կը մկրտուէ­ին, բայց հայ­կա­կան ինք­նու­թիւն չէ­ին ըն­դու­ներ:
Նիւ Եոր­քա­հայ գա­ղու­թի հան­րա­ծա­նօթ դէմ­քե­րէն` հրա­տա­րա­կիչ եւ գրող Աւե­տիս Հաճ­եան, խօ­սե­ցաւ այն դա­սա­ւոր­ման մա­սին, զոր ատե­նօք Շնորհք պատր­ի­արք ըրած էր Անա­տոլ­ուի հա­յե­րուն ու այ­սօր­ուան իս­լա­մա­ցած հա­յե­րուն մա­սին: Շնորհք պատր­ի­արք չորս բա­ժին­նե­րով դա­սա­ւո­րած էր զա­նոնք.- Առա­ջին` կա­մո­վին մահ­մե­տա­կա­նա­ցած հա­յեր, երկ­րորդ` հա­յեր, որոնք Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն 3-4 սե­րունդ առաջ իս­լա­մա­ցած են եւ կ՛ապ­րին քիւրտ ցե­ղա­խում­բե­րու ձե­ւով, եր­րորդ` հա­յեր, որոնք Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք բռնի ու­ժով իս­լա­մաց­ուե­ցան, սա­կայն աւե­լի ետք` վե­րա­դար­ձան քրիս­տո­նէ­ու­թեան եւ չոր­րորդ` հա­յեր, որոնք հա­կա­ռակ դժուա­րին պայ­ման­նե­րու, Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք կրցան հայ մնալ:
Հաճ­եան դի­տել տուաւ, որ Շնորհք պատր­ի­արք չէր յի­շած, որ հին­գե­րորդ դա­սա­կարգ մըն ալ կար. ատի­կա կը բաղ­կա­նար այն հա­յե­րէն, որոնք այ­սօր­ուան հա­մա­գու­մա­րին նիւ­թը կը կազ­մեն եւ որոնք իս­լա­մա­ցած ու գաղտ­նի մնա­ցած հա­յերն են: Հաճ­եան դի­տել տուաւ, որ տա­կա­ւին կան հատ­ուած­ներ, որոնք կը շա­րու­նա­կեն պա­հել իրենց հայ­կա­կա­նու­թիւնը, բայց ազգ ըլ­լա­լու հա­մար կա՛մ­քը անհ­րա­ժեշտ է, ըսաւ ան ու յի­շե­ցուց. Հա­յը ա՛յն էորուն զա­ւակն ալ հայ է:
Տո­րիս Մել­քոն­եան անդ­րա­դար­ձաւ բա­նա­ւոր պատ­մու­թեան մար­զէն ներս կա­տար­ուած աշ­խա­տան­քին եւ պատ­մեց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան օրե­րուն հայ երե­խա­նե­րու ապ­րած կեան­քին մա­սին:p2-3 new 6islamized-armenians2-1
Պատ­մա­բան Ռո­նալտ-Գրի­գոր Սիւնիի ղե­կա­վա­րու­թեան ներ­քեւ կա­յա­ցաւ նիստ մը, որուն որ­պէս զե­կու­ցող մաս­նակ­ցե­ցաւ Վա­հէ Թաշճ­եան: Ան պատ­մեց, թէ ինչ­պի­սի՛ պայ­քար­ներ մղած էին Հա­լէ­պի շրջա­նի հայ կի­նե­րը` ողջ մնա­լու հա­մար: Թաշճ­եան այս տե­ղե­կու­թեան զա­նա­զան երես­նե­րը պատ­մեց, անդ­րա­դար­ձաւ նա­եւ այն նիւ­թին, թէ հայ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւնը ինչ­պէ՛ս կ՛ըն­դու­նէր այս հար­ցը:
Ար­տա Մել­քոն­եան իր կար­գին պատ­մեց, թէ հայ կի­նե­րը ահա­ւոր տա­ռա­պանք­նե­րու են­թարկ­ուե­ցան ողջ մնա­լու հա­մար:
Գեր­մա­նա­ցի Հիլ­մար Քայ­զըր, անդ­րա­դար­ձաւ ձուլ­ման այն գոր­ծըն­թա­ցին, որ բաց­ուած էր 1915-1917ին ապր­ուած աք­սոր­նե­րուն հե­տե­ւան­քով:
Իշ­խան Չիֆթճ­եա­նը, որ պաշտ­պա­նեց այն տե­սա­կէ­տը, թէ մահ­մե­տա­կան հա­յերը պէտք է ըն­դուն­ուին որ­պէս ըն­կե­րա­բա­նա­կան շերտ մը:
Վեն­տի Հա­մը­լինկ խօ­սե­ցաւ Սա­սու­նի հա­յոց երաժշ­տու­թեան մա­սին:
Նիս­տե­րէն մէ­կը ամ­բող­ջո­վին յատ­կաց­ուած էր Տեր­սի­մի նիւ­թին` օրա­կար­գի բե­րե­լով վի­ճա­կը այն հա­յե­րուն, որոնք քիւր­տե­րու հետ մի­ա­սին կը սպանն­ուէ­ին 1938ին, պե­տու­թեան կող­մէ կա­տար­ուած ջար­դին կամ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­թաց­քին: Ընդ­հա­նուր մեկ­նա­բա­նու­թիւնն այն էր, որ 1938ի սպան­դը կեր­պով մը շա­րու­նա­կու­թիւնն էր 1915ին: Նե­զա­հաթ Կիւն­տօղ­տու ու Քեա­զըմ Կիւն­տօղ­տու ամո­լին ան­ջատ զե­կու­ցում­նե­րը մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն ստեղ­ծե­ցին: Ամո­լը պատ­րաս­տած էր “Տեր­սի­մի Կորս­ուած Աղ­ջիկ­նե­րը անու­նով վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն մը, որուն հա­մար լայն ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կա­տա­րած էր Տեր­սի­մի մէջ:
Շրջա­նի պատր­ի­ար­քա­կան ար­խիւ­նե­րը ցոյց կու տան, որ մին­չեւ 1915,  Տեր­սի­մի մէջ, 16 հա­զար հայ կար` ցրուած մօ­տա­ւո­րա­պէս հա­րիւր գիւ­ղե­րու մէջ:  Կիւն­տող­տու յի­շեց Իս­մեթ Ինէ­օնիւի մէկ խօս­քը. Այս երկ­րին մէջ ապ­րող բո­լոր մար­դի­կը պի­տի թրքա­նան ու թրքե­րէնպի­տի խօ­սինիսկ անոնքորոնք պի­տի չհա­մա­կեր­պինպի­տի կո­տոր­ուինշպրտուին: Նե­զա­հաթ աւել­ցուց թէ հա­յե­րը Տեր­սի­մի մէջ, մին­չեւ 1938, կրցան ապ­րիլ որ­պէս քրիս­տոն­եա­ներ: Անոնք, ապ­րած ըլ­լա­լով լեռ­նա­յին ան­հա­սա­նե­լի վայ­րե­րու մէջ` 1915ին կրցած էին փրկուիլ, բայց 1938ին սպանն­ուե­ցան քրտա­կան տար­բեր վայ­րե­րու մէջ, որ­պէս­զի քրիս­տոն­եա­յի արիւնը չխառն­ուի իս­լա­մի ար­եան: Իսկ Քեա­զըմ Կիւն­տող­տու բո­լո­րո­վին նոր տու­եալ­ներ տուաւ Տեր­սի­մի մէջ Վանք կոչ­ուած Սուրբ Կա­րա­պետ եկե­ղեց­ւոյ մա­սին, որ 1938ին եղաւ պե­տու­թեան կող­մէ առա­ջին ռմբա­կոծ­ուած վայ­րը: Զե­կու­ցո­ղը եր­կար պատ­մեց Քա­հա­նա­յին ըն­տա­նի­քը կոչ­ուած ըն­տա­նի­քի պատ­մու­թիւնը, որ կ՛եր­կա­րէր մին­չեւ մեր օրե­րը: 30-40 հոգիէ բաղ­կա­ցած եւ իս­լա­մու­թիւնը ըն­դու­նած ըն­տա­նի­քի մը ճա­կա­տա­գիրն էր ատի­կա: Ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րէն ոմանք այժմ Եւ­րո­պա խոյս տուած են, սա­կայն հոն իսկ կը խու­սա­փին իրենց անց­եա­լին մա­սին խօ­սե­լէ:
Տեր­սի­մի մա­սին զե­կու­ցեց նա­եւ Հա­յաս­տա­նէն ժա­մա­նած Հրա­նոյշ Խա­ռատ­եան, որ հա­յե­րէն խօ­սե­ցաւ եւ որուն զե­կու­ցու­մը տեղ­ւոյն վրայ թարգ­ման­ուե­ցաւ թրքե­րէ­նի: Ան նշեց, թէ զանգ­ուա­ծա­յին կրօ­նա­փո­խու­թիւն­նե­րը իրա­կա­նա­ցան բռնի ու­ժով: Խա­ռատ­եան շատ եր­կար ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց ալաուի դար­ձած տեր­սիմ­ցի հա­յե­րուն մա­սին, ապա պա­տաս­խա­նեց իրեն ուղղ­ուած հար­ցում­նե­րուն:p2-3 new islamized-armenians2
Ատ­նան Չե­լիք, ման­րա­մաս­նօ­րէն պատ­մեց մահ­մե­տա­կա­նա­ցած հա­յե­րու կեան­քին մա­սին գրուած քրտե­րէն երեք վէ­պե­րուն մա­սին: Իսկ Ռա­մա­զան Արաս յայտ­նեց, թէ հա­յե­րը միշտ միւ­սը նկատ­ուած են եւ դա­ւա­ճան որակ­ուած: Ան աւել­ցուց թէ 1915էն փրկուե­լու մի­ակ ձե­ւը իս­լա­մա­կա­նա­նալն էր, եւ անոնք, որոնք կրցած էին ողջ մնալ, իս­լա­մու­թիւնը ըն­դու­նած էին, բայց միշտ ալ ըն­կե­րու­թեան կող­մէ ըն­դուն­ուե­ցան որ­պէս տար­բեր տե­սա­կի իս­լամ­ներ:
Ամե­րի­կա­հայ գիտ­նա­կան Ռու­բի­նա Փի­րում­եան չէր կրցած ըն­թացք տալ հրա­ւէ­րին, բայց ղրկած էր իր զե­կու­ցու­մը, որ եւս կար­դաց­ուե­ցաւ:
Ելոյթ­ներ ու­նե­ցան Հե­լիթ Անա­հիտ, Անոյշ Սիւ­նի, եր­կուքն ալ` հայ­կա­կան ծա­գու­մով: Հե­լիթ Անա­հիտ աւե­լի քան հինգ հա­րիւր հոգիի հետ հար­ցազ­րոյց­ներ ըրած է ու պատ­րաս­տած բա­նա­ւոր պատ­մու­թեան հա­ւա­քա­ծոյ մը: Իր հե­տա­զօ­տած գլխա­ւոր նիւ­թը հե­տեւ­եալն է. Ձե­զիի՞նչ զգաց­նել կու տայ Թուրք­իոյ մէջ հայ ըլ­լա­լու գա­ղա­փա­րը: Եւ այս հար­ցու­մին պա­տաս­խան­նե­րը մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն ստեղ­ծած են:
Անոյշ Սիւ­նի խօ­սե­ցաւ այն խնդիր­նե­րուն ու հո­գե­կան վէր­քե­րուն մա­սին, որոնք կը ստեղծ­ուին անուն­նե­րու բռնի փո­փո­խու­թե­նէն. բան մը, որ յա­ճախ կը պա­տա­հի, երբ կը կա­տար­ուի կրօ­նա­փո­խու­թիւն կամ ազ­գա­փո­խու­թիւն: Նոյ­նը կը պա­տա­հի նա­եւ տե­ղե­րու անուն­նե­րու պա­րա­գա­յին: Ան խօ­սե­ցաւ նա­եւ իրենց հայ­րե­նի­քէն կամ բնա­կա­վայ­րէն պար­տադ­րա­բար բաժ­նուող­նե­րուն ապ­րած ող­բեր­գու­թեանց մա­սին: Անոնք, իրենց կրօն­քէն կամ ազ­գու­թե­նէն ան­ջատ­ուած` իրենք զի­րենք առան­ձին ու ըն­կե­րու­թե­նէն ար­տաքս­ուած կը զգան:
Ապա ելոյթ ու­նե­ցան Պոլ­սոյ Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան եկե­ղեց­ւոյ հո­վիւ պատ­ուե­լի Գրի­գոր Աղա­պա­լօղ­լու, հրա­պա­րա­կա­գիր ու պատ­մա­բան` Ճե­մալ Ու­չաք եւ Հի­տա­յէթ Շեւ­քաթ­լը Էիւք­սէլ: Քննար­կողն էր Ռո­պէր Քոփ­թաշ:
Տպա­ւո­րիչ էր Գրի­գոր Աղա­պա­լօղլ­ուի ելոյ­թը: Ան յի­շեց կրօ­նա­կան այն պատ­գա­մը, թէ` ճշմար­տու­թիւնը քեզ ազատ պի­տի դարձ­նէ: Աղա­պա­լօղ­լու ըսաւ, որ ճշմար­տու­թիւնը գլխա­ւոր է կեան­քի մէջ. ճշմար­տու­թիւնը մար­դը կրնայ տա­նիլ մին­չեւ խաչ եւ մահ, ինչ­պէս տա­րաւ Քրիս­տո­սը, բայց այդ ճշմար­տու­թիւնն է, որ կը բարձ­րաց­նէ մար­դուս բա­րո­յա­կա­նու­թիւնը ու մար­դուս կու տայ ազա­տու­թեան զգա­ցում: Պա­տաս­խա­նե­լով Ճե­մալ Ու­չա­քի դի­տո­ղու­թեան, թէ` նա­ւա­կին թի­ե­րը պէտք չէ շատ խո­րունկ մխրճել, որ­պէս­զի անոնք տա­կը մնա­ցած ցե­խը չվերց­նեն` պատ­ուե­լին ըսաւ, որ կա­րե­ւո­րը թի­ե­րուն իջած խո­րու­թիւնը չէ, այլ կա­րե­ւո­րը ցեխն է, որով­հե­տեւ, եթէ ցեխ կայ, այդ ցե­խը պի­տի հո­տի` թի­ե­րը խո­րունկ մխրճես կամ չմխրճես: Աղա­պա­լօղ­լու ցնցիչ նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րով անդ­րա­դար­ձաւ 1915-ի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճշմար­տու­թեան ու ընդգ­ծեց, թէ այ­սօր եր­կի­րը պէտք ու­նի քա­ջա­րի մար­դոց:
Նշենք թէ Ու­չաք հա­ւա­սա­րակշռ­եալ ելոյթ մը ու­նե­ցած էր եւ գոր­ծա­ծած նա­խա­դա­սու­թիւն մը, զոր լսած էր հա­յե­րու բե­րա­նէն եւ շատ սի­րած: Այդ նա­խա­դա­սու­թիւնն էր` Ի՞նչ պէտք է ընենքոր­պէս­զի թուր­քե­րը ճիշ­դը գոր­ծադ­րեն“: Ըստ անոր` “Հա­յե­րը պէտք է խու­սա­փին շատ կարծր մօ­տե­ցում­նե­րէՈւ­րեմնպէտք էոր նա­ւա­կին թի­ե­րը շատ խո­րունկ չմխրճուինառայժմ ջու­րի եզեր­քէն շար­ժինոր­պէս­զի տա­կը նստած ցե­խը ար­գելք չհան­դի­սա­նայ:
Հի­տա­յէթ Շեւ­քաթ­լը իր կար­գին խօ­սե­ցաւ ո՛չ միայն իս­լա­մա­ցած հա­յե­րու ապ­րած ող­բեր­գու­թեան մա­սին, այլ նա­եւ վեր­լու­ծեց Անա­տո­լուցի­ին որոշ սո­վո­րու­թիւն­նե­րը եւ զգոյ­շու­թիւն­նե­րը: Ան կա­րե­ւոր տեղ տուաւ այս խնդի­րին մէջ մար­դոց ու­նե­ցած այն ան­հանգս­տու­թեան, զոր յան­ցա­գոր­ծը կ՛ու­նե­նայ, ու պատ­մեց, թէ Անա­տոլ­ուի մար­դը զգոյշ է ու մէ­կու մը հետ խօ­սե­լու ըն­թաց­քին ան­պայ­ման նախ կը հարց­նէ, թէ դի­մա­ցի­նը որ­տե­ղա­ցի է: Ան եւս իր կար­գին ընդգ­ծեց, թէ Թուրք­իոյ մէջ որ­քա՛ն դժուար է հայ ըլ­լա­լը:
Եռօր­եայ այս հա­մա­գու­մա­րի վեր­ջին հա­ւա­քը նուիր­ուած էր “Թոռ­նե­րը“ թե­մա­յին: Գլխա­ւոր թո­ռը ար­դէն փաս­տա­բան Ֆեթ­հի­յէ Չե­թինն էր, որ պի­տի հան­դի­սա­նար առա­ջին զե­կու­ցո­ղը: Այս հա­ւա­քոյ­թին հան­դի­սա­վարն էր Այ­շէ Կիւլ Ալ­թը­նայ, որ յայտ­նեց, թէ զե­կու­ցող­նե­րը կարճ պի­տի խօ­սին, որ­պէս­զի վեր­ջա­ւո­րու­թեան ներ­կա­ներն ալ կար­ծիք­ներ ար­տա­յայ­տեն ու հար­ցում­ներ ուղ­ղեն:
Չե­թին յի­շե­ցուց, որ այս հա­մա­գու­մա­րին ըն­թաց­քին շատ գոր­ծած­ուե­ցաւ “փսփսուք“ բա­ռը, որով կը բա­ցատր­ուէր, թէ իս­լա­մա­ցած հա­յե­րու ժա­ռան­գորդ­նե­րը կը վախ­նա­յին իրենց հայ­կա­կան ար­մա­տը բարձ­րա­ձայն հրա­պա­րա­կե­լէ ու հա­զիւ իրա­րու հետ փսփսու­քով կը խօ­սէ­ին: Հի­մա այ­լեւս կա­րե­լի է խօ­սիլ բարձ­րա­ձայն, եւ ատոր հա­մար ալ ան ըսաւ, թէ գոհ է, որ հա­մալ­սա­րա­նի մը եր­դի­քին տակ կը խօս­ուի այս նիւ­թին մա­սին: Չե­թին փա­փաք յայտ­նեց, որ շա­րու­նակ­ուի այս գոր­ծըն­թա­ցը: Ան մաս­նա­ւո­րա­բար դի­տել տուաւ, որ այս­պի­սի հա­մա­գու­մար­ներ պէտք է կազ­մա­կերպ­ուին մա­նա­ւանդ Անա­տոլ­ուի մէջ: Թէ՛ խօ­սե­ցանքթէ՛ լա­ցինք, ըսաւ Չե­թին` հա­մա­ռօ­տե­լով այս երեք օրե­րու իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը:
Զե­կու­ցող­նե­րէն մէ­կը բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ իս­լա­մա­ցած հա­յե­րու հետ կա­տար­ուած հար­ցազ­րոյց­նե­րուն մա­սին: Ան եւ իր ըն­կեր­նե­րը հար­ցազ­րոյց­ներ կա­տա­րած էին եւ տե­սած, թէ մար­դիկ այ­լեւս խօ­սե­լու ցան­կու­թիւն ու­նին եւ կ՛ու­զեն, որ իրենց խօս­քե­րը ար­ձա­նագր­ուին` ար­խիւ­նե­րու հա­մար: Իս­լա­մա­ցած­նե­րուն մէկ մա­սը այժմ կ՛ու­զէ վե­րա­դառ­նալ քրիս­տո­նէ­ու­թեան:
Հե­տաքրք­րա­կան էր համ­շէն­ցի եր­գիչ ու ար­ուես­տա­գէտ Հիք­մեթ Աք­չի­չե­քի ելոյթն էր, որ խօ­սիլ սկսե­լէ առաջ` Համ­շէ­նի բար­բա­ռով ու յայտ­նա­պէս հա­յե­րէն բա­ռե­րով յու­զիչ երգ մը եր­գեց: Ան ըսաւ, որ գի­տէ, թէ համ­շէն­ցի­նե­րուն ար­մա­տը հայ­կա­կան է, սա­կայն ասի­կա ըսելն իսկ մար­դուս գլու­խը փոր­ձան­քի կրնայ մատ­նել այս եր­կի­րին մէջ:
Տեր­սիմ­ցի հա­յե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Միհ­րան Փրկիչ Կիւլ­թե­քին, որ խօ­սե­ցաւ Տեր­սի­մի մէջ հայ ըլ­լա­լու մա­սին եւ ըսաւ, թէ ինք ոչ մէկ բա­նէ կը վախ­նայ ու ճշմար­տու­թիւն­նե­րը կ՛ա­ղա­ղա­կէ, նոյ­նիսկ եթէ այս ճամ­բան կրնայ մար­դը մին­չեւ մահ տա­նիլ: Ան բա­ւա­կան խիստ ոճով խօ­սե­ցաւ տեր­սիմ­ցի հա­յե­րու խնդիր­նե­րուն մա­սին:
Հա­մա­գու­մա­րին ըն­թաց­քին զա­նա­զան զե­կու­ցող­ներ յայտ­նած էին, որ իս­լա­մա­ցած հա­յե­րու շրջա­նակ­նե­րը կը պաշտ­պա­նեն իրենց աշ­խար­հը, միայն իրենց մի­ջեւ աղ­ջիկ կու տան-կ՛առ­նեն ու միայն իրենց շրջա­նա­կին մէջ կը խօ­սին իրենց խառն պատ­կա­նե­լիու­թեանց ու անց­եա­լին մա­սին:
Այս հա­մա­գու­մա­րը բա­ցա­ռիկ հե­տաքրք­րու­թիւն ստեղ­ծեց մա­նա­ւանդ այն շրջա­նակ­նե­րէն ներս, որոնք ըն­տա­նե­կան անց­եա­լին բե­րում­նով` կապ մը ու­նին գլխա­ւոր թե­մա­յին հետ, կամ որոնք այ­սօր կը մնան հա­յա­խօս հա­յե­րէ հե­ռու շրջա­նակ­նե­րու մէջ: Հա­մալ­սա­րա­նի ըն­դար­ձակ սրա­հը ծայ­րէ ի ծայր լեց­նող ունկն­դիր­նե­րու բազ­մու­թիւնը բո­լո­րո­վին նոր տե­սա­կի բազ­մու­թիւն մըն էր: Նա­եւ, հա­մա­գու­մա­րը շատ լաւ կեր­պով կազ­մա­կերպ­ուած էր, իսկ թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րը վայրկ­եա­նա­կան կը կա­տար­ուէ­ին:
Ան­կաս­կած նիւ­թա­կան ծանր ծախ­սե­րով իրա­գործ­ուած այս եր­կա­րա­շունչ հա­մա­գու­մա­րը եկաւ մար­դոց ցոյց տա­լու, թէ 1915ին հայ ժո­ղո­վուր­դը միայն մէ­կու­կէս միլի­ոն մարդ չէ, որ կորսն­ցուց մահ­ուան ճամ­բա­նե­րուն վրայ, այլ կորսն­ցուց նա­եւ շատ մեծ թիւով զա­ւակ­ներ, որոնք կ՛ապ­րէ­ին, բայց հայ չէ­ին այ­լեւս: Հի­մա, ամէն թուրք, որ արե­ւել­եան նա­հանգ­նե­րէ կու գար, կրնար ինքն իրեն հարց տալ, թէ արդ­եօք իր ըն­տա­նի­քի անց­եա­լին մէջ ալ հայ­կա­կան արիւն կա՞յ:

Share

Most Recommended