ԻՐԱՒԱԲԱՆ ՎՌԱՄ ԾԵՐՈՒՆԵԱՆԻ ՆՈՐ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ – (USC Website)

ԻՐԱՒԱԲԱՆ ՎՌԱՄ ԾԵՐՈՒՆԵԱՆԻ  ՆՈՐ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

 

Ուրախութեամբ կը յայտարարենք թէ Պոլսահայ Միութեան անդամներէն՝ Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Այտա Ծերունեանի զաւակը՝ Rolling Hills Estate քաղաքի քաղաքապետ եւ Իրաւաբաններու Կաճառի նախկին ատենապետ, Պոլսահայ Միութեան Կրթաթոշակի Յանձնախումբի նախկին անդամներէն եւ USC  համալսարանի հանրային քաղաքականութեան աւագ գիտաշխատող՝ Իրաւաբան

 Վռամ Ծերունեան, մասնակցեցաւ ՄԱԿ – ի (UN) գիտաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Պահրէյնի Թագաւորութեան մէջ, թեմա ունենալով «Ձեւափոխելի eGovernment եւ Նորարարութիւնը, ստեղծելով աւելի լաւ ապագայ մը բոլորին համար»:

 Ներկայ էին 700 մասնակիցներ, որոնց կարգին բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, կառավարական բարձրաստիճան ղեկավարներ, Պահրէյնի ներկայացուցիչներ, քաղաքապետեր, ակադեմականներ, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ, գործարար տնօրէններ, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Ծերունեան աւելի քան երկու օրեր,  ներկայացուց երկու դասախօսութիւններ ըսելով. «Որպէս հանրային ծառայող, այս մեծ պատիւ է մեր խոնարհ փորձը բաժնեկցիլ հանրային ծառայողներու հետ ամբողջ աշխարհի տարածքին»: «Այս շատ լաւ ձեւով կը ծանօթացնէ  USCն աշխարհին՝ ցոյց տալով որ մենք մէկն ենք հանրային քաղաքականութեան լաւագոյն դպրոցներէն»: Սոյն գիտաժողովէն ետք, Ծերունեան հրաւէրներ ստացաւ ծրագիրներ կառավարելու Ասիոյ եւ Ափրիկէի մէջ, ուր աւելի քիչ զարգացած երկիրներ կը գտնուին:

Պոլսահայ Միութեան կողմէ կը շնորհաւորենք Իրաւաբան Վռամ Ծերունեանը, իր այս պատուաբեր աշխատանքին համար մաղթելով իրեն ապագայի նորանոր յաջողութիւններ: 

 

Թարգմանուած՝ USC  կայքէջէն

===========================================================

We are pleased to announce that OIA member

Mr.  & Mrs. Hagop  Zerunyan’s son, Mayor of Rolling Hills Estate, Former Chairman of the Board of Governors of the worldwide Armenian Bar Association and former member of OIA Scholarship Committee Frank Zerunyan, Esq. a USC Price School of Public Policy senior fellow, took part in a United Nations (U.N.) forum and expand USC’s global footprint by building human capacity in public service which was held in  Kingdom of Bahrain. The theme of the annual United Nations Public Service Forum Day and Awards Ceremony was “Transformative eGovernment and Innovation: Creating a Better Future for All.” with  700 participants in attendance including high-level U.N. officials, representatives of Bahrain, senior government leaders, mayors, academics, civil society representatives, business executives and representatives from international and regional organizations.

Zerunyan said. “As a public servant, it is an honor to share our humble experience here in the United States with public servants around the world.” “This is very good exposure for USC Price to show the world that we are one of the best public policy schools in the country and the world,” Zerunyan said. “It also gives me access to the highest echelon of executives around the world to help them increase public sector capacity and foster leadership. Following the U.N. forum in Bahrain, he received requests to conduct programs in Asia and Africa where many lesser-developed countries are located.

 

On behalf of Organization of Istanbul Armenians, we congratulate Frank Zerunyan, Esq.,

for his  honorable job, wishing him success in his future endeavours.

 

USC Website

Share

Most Recommended