ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԳԵՐՇ. ՏԷՐ ՇԱՀԱՆ ԱՐՔԵՊՍ. ՍՎԱՃԵԱՆԻ

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԳԵՐՇ. ՏԷՐ ՇԱՀԱՆ ԱՐՔԵՊՍ. ՍՎԱՃԵԱՆԻ

Աւազանի անունով Սիմոն, ծնած է 15 Սեպտեմբեր 1926ին, Սկիւտար, Ստանպուլ։ Որդին է Թորոսի եւ Մարթայի։ Կը մկրտուի Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Կ՚ուսանի Ներսէսեան-Երմոնեան եւ Ճեմարան վարժարաններուն մէջ։ Զինուորական պարտականութիւնը կը կատարէ Սամսունի մէջ, 1946-1948 շրջանին, որմէ յետոյ, 1949ին կը մեկնի Երուսաղէմ եւ կ՚աշակերտի Ժառանգաւորաց Վարժարանին։

Դպրութեան չորս աստիճանները կը ստանայ 1948ին, Պատրիարքական Տեղապահ Գէորգ Արքեպիսկոպոս Արսլանեանէ, Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ։ Սարկաւագ կը ձեռնադրուի 5 Մայիս 1951ին, Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց Մայր Տաճարի մէջ, Հալէպի առաջնորդ Զարեհ Եպիսկոպոս Փայասլեանի (ապա Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) ձեռամբ։ 1 Օգոստոս 1954ին, Պայծառակերպութեան Տօնին, Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց Մայր Տաճարի մէջ Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի (ապա Պատրիարք Հայ Երուսաղէմի) ձեռամբ կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի, օծակից ունենալով Գէորգ Գըպրըսլեանը (ապա Վազգէն Եպիսկ., ապա կարգաթող)։

Կ՚ուսուցչագործէ Երուսաղէմի Ս. Թարգմանչաց Վարժարանին մէջ, իսկ 1954-1957 շրջանին կը ստանձնէ Եաֆայի եւ Հայֆայի համայնքներու հոգեւոր հովուութիւնը։

Գարեգին Ա. Պատրիարք, Մարտ 1957ին զինք Ստանպուլ հրաւիրելով կը նշանակէ Ս. Խաչ Դպրեվանքի փոխ-տեսուչ։ Նոյն տարին (23 Յունիս) Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ իրեն կու տայ վարդապետութեան գաւազան։

1957-1960 շրջանին կը նշանակուի Կրօնական ժողովի անդամութեան։ 1959-1962 տարիներուն տեսչութիւնը կը վարէ Ս. Խաչ Դպրեվանքի։

Երուսաղէմի Եղիշէ Պատրիարքի ձեռամբ, 1961ին Եաֆայի Ս. Նիկողայոս Վանքին մէջ կը ստանայ ծայրագոյն վարդապետութեան գաւազան։

Երանաշնորհ Գարեգին Ա. եւ Շնորհք պատրիարքներու շրջաններուն կþանդամակցի Կրօնական Ժողովին, որուն ատենապետութիւնը կը վարէ 19 Մայիս 1965 – 1990 թուականներու միջեւ։

Քսան տարիներ կ՚ուսուցչագործէ Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան եւ Ֆերիգիւղի Մերամէթճեան վարժարաններուն մէջ, դասաւանդելով կրօնագիտութիւն, բարոյագիտութիւն եւ հայերէն։

Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ 13 Նոյեմբեր 1966ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ եպիսկոպոս կ՚օծուի, օծակից ունենալով Խոսրով Ծ. Վրդ. Էմիրզէանը։

Շնորհք Պատրիարքի վախճանումէն անմիջապէս յետոյ, մինչեւ Գարեգին Բ. Պատրիարքի ընտրութիւնը, կը վարէ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդութեան պաշտօնը։

Գարեգին Բ. Պատրիարք Գազանճեանի կողմէ 6 Նոյեմբեր 1990ին կը նշանակուի Պատրիարքական Փոխանորդ եւ սոյն պաշտօնին մէջ կը մնայ մինչեւ 16 Մարտ 1998։ Նոյն շրջանին, Գարեգին Պատրիարքի կողմէ կը նշանակուի Խորհրդակցական Մարմնի Փոխ Նախագահ, Մեսրոպ Եպիսկոպոս Մութաֆեանի (այժմ Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ) հետ։

Վազգէն Ա Կաթողիկոսի 12 Նոյեմբեր 1991 թուակիր կոնդակով կը ստանայ Արքութեան պատիւ։

Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի կողմէ կը նշանակուի Պատրիարքական Փոխանորդ (2000)։

Էջմիածնի իր սեփական բնակարանը կը նուիրէ Մայր Աթոռին, իսկ իր երեք յարկաբաժինները կը նուիրէ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական Վարժարանին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ եւ Մերամէթճեան Վարժարանին, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ եւ Վարժարանին։

Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի հիւանդութեան շրջանին, ընդառաջելով Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի խնդրանքին, կը գլխաւորէ Կրօնական Ժողովը, մինչեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդի ընտրութիւնը (1 Յուլիս 2010)։

Մինչեւ իր առողջութեան վատթարացումը, վարեց քարոզչական պաշտօն Ստանպուլի Ս. Եկեղեցեաց մէջ։ 2013 տարւոյ Ս. Ծննդեան տաղաւարէն յետոյ սկսաւ վայելել Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի ասպնջականութիւնը, ուր իր բարի հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ կ՚աւանդէ 23 Սեպտեմբեր 2013, Երկուշաբթի առաւօտ։

2004ին համայնքային չափանիշով կը տօնուի իր քահանայութեան յիսնամեակը, որուն համար լոյս կը տեսնէ յուշամատեան մը։ Նոյն առթիւ, Գարեգին Բ. Կաթողիկոսէ կը պարգեւատրուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շքանշանով։

Ունի հրատարակուած երկու գիրք. Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Պատարագը (1969) եւ Ուխտագնացութիւն՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին (1993), նաեւ յօդուածներ Ստանպուլահայ մամուլի սիւնակներուն մէջ։

Իր վախճանումով Հայ Եկեղեցին կը կորսնցնէ իր աւագագոյն եպիսկոպոսը։ Ան, իր պաշտօնավարութեան շրջանին եղաւ նախանձախնդիր եւ պահպանողական եկեղեցական մը, որ բառին իսկական առումով կը դողար Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան աւանդութեանց վրայ։ Նաեւ եղաւ անյիշաչարութեան տիպարը մերօրեայ եկեղեցական կեանքին մէջ։

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆ

Share

Most Recommended