Գրեց՝ Մարիէթ Մինասեան-Օհանէս
Անցնող 37 տարիներու ընթացքին մարդասիրական առաքելութիւն ծաւալած Պոլսահայ Միութիւնը, տարուէ տարի աւելի եւս կ՛ընդարձակէ իր աշխատանքները մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, յատկապէս Հայ համայնքին մէջ:
Կազմակերպութեամբ Լոս Անճէլըսի Պոլսահայ Միութեան, Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Գերշ. Արամ Արք. Աթէշեան հիւրընկալուեցաւ Միութեան մէջ, Երկուշաբթի Մայիս 20, 2013ին իրեն ընկերակից ունենալով Պոլսոյ Պատրիարքարանի միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական բաժնի վարիչ՝ Սահակ Եպսկ. Մաշալեան: Ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի բարեխնամ առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, եւ Վէն Նայսի Ս. Պետրոս Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տէմիրճեան, Միութեան Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Իրաւաբան Էտվին Մինասեան, կարգ մը նախկին Ատենապետներ եւ Պատուոյ անդամներ, Վարչութեան անդամներ, Պոլսահայ Միութեան հովանիին ներքեւ աշխատող ատենապետներ եւ յանձնախումբի անդամներ, ինչպէս նաեւ կարգ մը գործօն անդամներ: Ճաշկերոյթը կազմակերպուած էր շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, Գերշ. Արամ Արք. Աթէշեանի Արեւմտեան Թեմ իր պաշտօնական այցելութեան մասին Հոգաբարձութիւնը տեղեակ պահուելէն անմիջապէս վերջ:
Ձեռնարկը սկսաւ Արամ Սրբազան Հoր ճաշօրհնէքով ապա համադամ ուտելիքներու ճաշակումով, որմէ ետք բացման խօսքը կատարեց Միութեան Գործադիր Մարմնի վարչութեան անդամուհի՝ Տիկ. Թալին Սարաֆօղլու, հրաւիրեց վերոյիշեալ վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Գուրգէն Պէրքշանլարը որ Միութեան զոյգ վարչութիւններուն անունով մեծ հաճոյքով ողջունեց Սրբազան Հայրերը, յայտնելով որ «մենք իբրեւ սփիւռքահայեր անհուն ուրախութեամբ կը հիւրընկալենք Գերշ. Արամ արք. Աթէշեանը որ դժուար պայմաններու տակ այս այցելութիւնը կ՛իրականացնէ»: Տիար Պէրքշանլար հաւաստիացուց թէ պատրիարքարանին մտահոգութիւնները միակողմանի չեն, այլեւ՝ բոլոր հայութեան կը պատկանին, տրուած ըլլալով որ Սրբազան Հօր ներկայացուցած Ս. Աթոռը համայն հայ ժողովուրդին ժառանգն է:
Ատենապետը տեղեկութիւն տուաւ Պոլսահայ Միութեան հիմնադրութեան մասին, որուն հիմնական նպատակը եղած է ըլլալ այն հայ օճախն ու գաղթակայանը ուր հազարաւոր մղոններէ եկած հայորդիներ հոս հաստատուած են, նաեւ, թէ ինչպէս փոփոխուող միջավայրին հետ քայլ պահելով, Պոլսահայ Միութիւնը կը պատրաստուի Համահայկական Միութիւն մը դառնալ, ունենալով հետեւեալ հիմնական նպատակակէտերը.
ա. Հայրենիքի բարգաւաճում
բ. Ընդարձակել եւ տարածել Պոլսոյ արեւմտահայկական մշակոյթը Սփիւռքի մէջ
գ. Հայապահպանման համար անխտիր պայքար մղել «ճերմակ ջարդ»ին դէմ
Տիար Պէրքշանլար խօսեցաւ նաեւ վերջին տարիներուն ընթացքին Պոլսահայ Միութեան իրականացուցած ձեռնարկներուն մասին: Ապա ան հիւրերուն առաջարկեց յաջողութեան մաղթանքի ցանկութիւններով յոտնկայս բարձրացնել բաժակները՝ ի նպաստ հայ ժողովուրդին, իրենց հայ համայնքէն եւ գաղութէն ներս:
Ամպիոն հրաւիրուեցաւ Բարեխնամ առաջնորդ՝ Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեան որ իր սրտի խօսքին մէջ յայտնեց թէ Գերշ. Արամ Արք. կը ներկայացնէ Կոստանդնուպոլսոյ փառաւոր կոթողը որուն ծննդեան 552րդ տարեդարձն է որ կը տօնախմբուի: Ապա շարունակեց ըսելով թէ, «սոյն աթոռը ունեցած է որոշիչ դերակատարութիւն եւ բարերար ազդեցութիւն իր տեսլապաշտ եկեղեցականներով, նուիրեալ ծառայողներով եւ հաւատացեալ ժողովուրդով: Պոլսահայութիւնը հրաշալիօրէն իր մէջ կը նորոգէ հաւատքի գիտակցութիւնը դէպի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցի, եւ իր եռանդուն հաւատքի գործունէութիւնն է, որ ուր որ Պոլսահայութիւնը ոտք կը դնէ այդ կեանքը նոր սկիզբ կ՛արձանագրէ եւ կը դառնայ նոր հանգրուան մը, եկեղեցին դարձնելով իրենց կեանքին մէջ այն ժայռը որուն վրայ հիմնուած է իրենց հաւատքը եւ այդ գիտակցութիւնն է որ տարակոյս չունինք որ այս գիշեր Պոլսահայոց հոգիներուն մէջ նոր տեսիլք կը դառնայ երբ դուք ներկայ էք սիրելի Սրբազան: Իւրաքանչիւր այցելութիւն որ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանէն կու գայ, խթան հանդիսացած է ամրացնելու մեր ժողովուրդին զաւակները որպէսզի կառչած մնան Հայաստանեայց Առաք. Ս. եկեղեցւոյ, ի գին ամէն զոհողութեան, որովհետեւ եկեղեցիով է որ պիտի արժեւորուի մեր կեանքը»: Սրբազան Հայրը մաղթեց որ Տէրը միշտ զօրավիգ կանգնի Հիւր Սրբազանին որպէսզի շարունակէ իր հովանիին ներքեւ բոլոր պատասխանատուութիւններն ու պարտականութիւնները հաւատքի քաջութեամբ լուծել, որպէսզի մեր ժողովուրդը իր հոգեւոր կեանքը շարունակէ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքարանին հովանիին ներքեւ:
Սրբազան Հօր խօսքէն ետք, սահիկներով ցուցադրուեցաւ Պոլսահայ Միութեան 37 տարիներու պատմութիւնը, եւ մինչեւ այսօր իր յանձնախումբերու գործունէութիւններն ու կատարած աշխատանքները:
Ապա հրաւիրուեցաւ հիւր Սրբազան Արամ Արք. Աթէշեանը որ իր ուրախութիւնը յայտնեց իրեն հանդէպ ցուցաբերուած սիրոյն եւ յարգանքին համար: Ան ըսաւ որ անուրանալի է թէ Պոլսահայութիւնը մեծ դեր կատարած է ազգային, հոգեւոր, մշակութային եւ պատմութեան կեանքին մէջ, առանց որոնց ազգային եւ եկեղեցական կեանքը աչքառու պիտի չ՛ըլլար:
Սրբազան Հայրը խօսեցաւ Հայոց կեանքին մասին Թուրքիոյ մէջ: Թէ ինչո±ւ համար Պատրիարքական ընտրութիւններ տեղի չեն ունենար: Այսօր այն դժուարութիւնները որոնց մէջ արգելափակուած են պատրիարքական ընտրութիւններու նկատմամբ, Թրքական իշխանութիւններու պատճառով չէ որ տեղի չեն ունենար, այլ՝ հայ համայնքին մէջ գտնուող տարրերու շարքերուն, որ հակառակ եկեղեցւոյ բարձր մարմիններու որոշումին որն էր՝ ընտրել աթոռակից պատրիարք մը, այն յանձնախումբը զոր նշանակուած էր անուանելու պատրիարքական փոխանորդի հնարաւոր թեկնածուները, դիմումնագիր մը յղած է պետութեան՝ ընտրելու համար նոր պատրիարք մը:
Սրբազան Աթէշեան բացատրութիւն տուաւ Հայոց թիւին մասին ըսելով թէ Թուրքիոյ մէջ կան 70,000 հայեր, իսկ միւս ոչ մահմետական փոքրամասնութիւնները կը կազմեն փոքր թիւերը: Փոքրամասնութիւններուն մեծ մասը կ՛ապրի Իսթանպուլի մէջ, իսկ հայերու թիւը կը տարուբերի, 70,000 հայերէն 99 տոկոսը կ՛ապրի Իսթանպուլի մէջ իսկ մնացեալը` տարբեր վայրերու մէջ: Կան 100,000է աւելի կրօնափոխ հայեր, որոնցմէ շատերը կը վախնան, որ քրիստոնէութիւն ընդունելով՝ պիտի հեռացուին իրենց աշխատանքէն: Արամ Արք. Աթէշեանի համաձայն՝ երկրին մէջ պայմանները կը փոխուին եւ կրօններու նկատմամբ յարգանքը կ՛ընդարձակի՝ համարձակութիւն ներշնչելով, որ ծպտեալ հայեր պատրիարքարան դիմեն, մկրտուին ու իրենց քրիստոնէական արմատներուն վերադառնան։
Ան յայտնեց թէ իր շրջանին է որ Աղթամար եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ Ս. Խաչը տեղադրուեցաւ, իսկ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ զանգակատուներէն մին՝ որ մզկիթի մը մինարէէն աւելի բարձր ըլլալուն համար Թուրքերուն կողմէ ականահարուած էր, դարձեալ իր տեղը դրուած էր:
5-6-7 տարեկան առանց դպրոցի եւ ուսման մնացած Հայաստանէն գաղթած փոքրերուն համար որոնք իրաւունք չունէին Հայկական վարժարաններ յաճախելու Թրքահայ չ՛ըլլալնուն համար, իր երկու տարուայ պայքարին մասին խօսեցաւ ան, զոր մղած էր կրթական նախարարութեան հետ եւ ի վերջոյ յաջողած եւ արտօնութիւն ստացած որ հայկական վարժարանին մէջ անոնք որպէս հիւր աշակերտ ուսանին:
Երեսուն տարիներէ ի վեր հայկական կալուածներուն բռնագրաւման մասին պատրիարքներ ու փաստաբաններ որոնք զբաղեցան Ս. Խաչ դպրեվանքին իրաւունքը վերստանալու համար եւ ոչ մէկ արդիւնքի յանգած էին, այս տարի Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան խնդրանքին վրայ նախարարէն ժամադրութիւն առնելով հանդիպում ունեցաւ ան եւ փոխադարձ զիջումներ ընելով դպրեվանքին իրաւունքը պահանջելով երկու օր վերջ թուղթը ստացուեցաւ:
Իսկ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցը «այժմ կը դասուի առաջին տասը հիւանդանոցներու շարքին», ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ 100ի վրայ 98.7 վստահելի հիւանդանոցն է:
Սրբազանը յիշեց Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող օրաթերթերն ու շաբաթաթերթերը, երգչախումբերու, Սանուց միութիւնները, Տիկնանց Յանձնախումբերն ու այլ կազմերը:
Իր վերջին խօսքով ան աղօթքի մաղթանքով փակեց իր խօսքը որպէսզի այս պետութիւնը մնայ եւ այն բոլոր բռնագրաւուած կալուածները մեզի վերադարձուին որոնցմէ 100/5ը արդէն վերստացանք:
Պահպանիչ աղօթքով ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ: Տեղի ունեցաւ յիշատակի նկարահանում:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Տէր եւ Տիկին Րաֆֆի եւ Էրլին Մարուքեանին, Տէր եւ Տիկին Էտի եւ Թալին Սարաֆօղլուին, Միութեան Գործադիր Մարմնի Վարչութեան անդամներուն Տիկնանց ու Ընկերային Ձեռնարկներու Յանձնախումբին, սոյն ձեռնարկին իրենց բացառիկ օգնութիւնը բերած ըլլալնուն համար:
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի աւարտին Սրբազան Հայրերն ու իրենց ընկերակիցները հրաժեշտ առին Պոլսահայ Միութենէն։
Թէ՛ Սրբազան Հայրերուն հայրական այցելութիւնը եւ թէ՛ Պոլսահայ Միութեան անդամներուն սիրոյ ներկայութիւնը գօտեպնդիչ զօրաւոր ազդակներ են, մարդասիրական գործին թափ տուող ու այս գործին նուիրեալ մարդոյժը քաջալերող:
____________________________________
Patriarchal Vicar of Constantinople
Archbishop Aram ATESHIAN
VISITED THE ORGANIZATION OF ISTANBUL ARMENIANS
By Mariette Minassian-Okhanes
Over the past 37 years, The Organization of Istanbul Armenians has been a center for Armenian Culture, expanding its activities year over year into the life of Diaspora Armenians.
On Monday, May 20, 2013, OIA hosted The Patriarchal Vicar of Constantinople Archbishop Aram Ateshian who visited the OIA Center with his fellow Bishop Sahag Mashalian, Director of the Inter-Religious and Inter-Ecclesiastical Department of the Patriarchate. Present were, Primate of the Armenian Diocese of North America Archbishop Hovnan Derderian, Former Primate Archbishop Vatche Hovsepian and Pastor of St. Peter Armenian Apostolic Church Archpriest Fr. Shnork Demirjian, Chairman of OIA Board of Trustees Mr. Edvin Minassian, Esq., several former Presidents and Honorary Members of OIA, OIA Board members, chairs and members of each committee under OIA’s umbrella, as well as some of our active members. The event was organized in a very short period of time; right after the OIA Board of Trustees was notified about the official visit of Archbishop Aram Ateshian to the Western Diocese.
After blessing for the food, the attendees enjoyed the delicious dinner and deserts. The opening remarks were presented by Mrs. Talin Sarafoglu, member of OIA Executive Board, who invited the President of the Board Mr. Kurken Berksanlar for his welcoming remarks. Mr. Berksanlar, on behalf of OIA Board of Trustees and Executive Board, welcomed the Patriarchal Vicar General, our Primate, and the other clergy and guests, stating that it was a great joy to host in our home Archbp. Aram Ateshian, who is visiting us under current difficult circumstances. He stated, “Please be assured that the concerns and issues of the Patriarchate are not unilateral, but belong to all Armenians since the Sea of Constantinople and the Patriarchate Chair is part of our heritage and it is the concern of all Armenians.” The Executive Board President gave information regarding OIA’s foundation, current mission, and goals moving forward. He stated, “Although initially the main purpose was to be an “Armenian Home” for all Armenian immigrants from Turkey, today OIA is slowly transforming into a Pan Armenian Organization whose current mission can be summarized as:
Primate of the Western Diocese of the Armenian Apostolic Church His Eminence Archbp. Hovnan Derderian, in his speech, stated, “Archbp. Ateshian represents Constantinople’s glorious monument whose 552nd anniversary is being celebrated. Every visit that comes from the Patriarchate of Constantinople has been an impulse to strengthen the Armenians to stay close to the Armenian Church.”
Following the Primate’s speech, a slide show presentation was held about the history of OIA, and the accomplishments of its committees.
Lastly, Archbp. Aram Ateshian was invited to state his impressions and share his thoughts with the audience. He expressed his joy for the love and respect that was shown towards him and stated, “This love extended to me is the reflection of your respect towards the chair which I happen to represent.” He appreciated all the Bolsahays for playing a major role in the national, religious and cultural life of the Armenian community everywhere they go. He mentioned the Armenian life in Turkey and overall conditions surrounding his Patriarchate. Regarding the patriarchal elections, he stated, “Today, the impasse which the Sea of Constantinople is in at the patriarchal elections –that became indispensable due to Patriarch Mutafyan’s ailing health- is not caused by the mingling of Turkish authorities into Armenian affairs, but the incoherence among the Armenian community of Istanbul. In spite of the church consuls’ decision to elect a co-patriarch, the committee that was appointed to nominate the possible candidates for a co-patriarch, eventually made an application to the state to elect a new patriarch.” According to the Patriarchal Vicar General, the conflict between the two committees was the true underlying cause of today’s situation. He stated, “The role of the Armenian Patriarchate in Turkey is a very important one. It is through the Patriarchate that the entire Armenian community is represented vis-à-vis the government.” There are 70,000 Armenians in Turkey, whereas the other Non-Muslim minorities comprise much smaller numbers.
Archbp. Ateshian also mentioned several accomplishments that were conceived under his leadership including the placement of Holy Cross on the dome of Akhtamar’s Surp Khatch Church, the renovation of Surp Guiragos Church, and the replacement of the bell tower. Surp Guiragos Church in Diyarbekir (Dikranagert) is the largest church in the Middle East with its seven altars. The bell tower had been bombarded by Turkish militants around 1915. Archbp. Ateshian stated that the Patriarchate gives great importance to the preservation of Surp Khatch Church on Akhtamar Island even though it is currently a museum. He added, “This church, which is a valuable piece of art, is a cultural monument that belongs to the whole humanity.”
Archbp. Ateshian also mentioned his struggle with the Ministry of Education to place the young children of Armenian immigrants from Armenia into Armenian schools in Istanbul to obtain their education, since they were not allowed to attend these schools due their legal status – only children with Christian Armenian descent who are Turkish citizens, are allowed to attend Armenian schools according to the Turkish law. And regarding the properties that once belonged to our church but have fallen into the hands of Turkish authorities, he stated, “Although progressing at a slow pace, the process has started, and some of these historic properties are being returned to Armenian charity organizations. A petition including the list of these properties was submitted to the authorities and community organizations are currently waiting for their response with the hope that some of these properties will rightfully be returned to our Patriarchate.”
The evening closed with a prayer, followed by a photography session.
We would like to express our thanks to Mr. & Mrs. Raffi and Erlin Marukian, Mr. & Mrs. Edi and Talin Sarafoglu, as well as Executive Board members and Ladies Auxiliary and Social Events Committee, for their exceptional help to this event.