ԿԵՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՓՈՂՈՑԻՆ ՄԷՋ ԿՐԱԿՈՒՄ – GEDİKPAŞA ERMENİ KİLİSESİ SOKAĞINDA SİLAHLI SALDIRI ( Պատրիարքութիւն Հայոց – Ermeni Patrikligi)

ԿԵՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՓՈՂՈՑԻՆ ՄԷՋ
ԿՐԱԿՈՒՄԿետիկփաշայի Հայոց Եկեղեցւոյ փողոցին մէջ 05 Մայիս 2013, Կիրակի օր կատարուած կրակումի լուրերը տեղ գրաւել սկսած են մամլոյ սիւնակներուն մէջ։

Առաջին հերթին հրապարակուած են զանազան լրատուութիւններ՝ ըստ որոնց Պատրիարքարանի եւ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ վրայ գործուած է զինեալ յարձակում։

Իրականութիւնը այն է, թէ Պատրիարքարանի եւ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ վրայ զինեալ յարձակում մը չէ գործուած։ Այլ ըստ ստացուած տեղեկութեանց դէպքը պատահած է Կետիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ փողոցին մէջ, Կիրակի միջօրէին։ Դատարկապորտ անձեր, երկու կամ երեք հոգի, օդին մէջ կրակելով անցած են փողոցէն։ Տակաւին յայտնի չէ դէպքը եկեղեցւոյ հետ կապ ունի՞ եւ կամ ոչ։ Ապահովութեան ուժերը քննարկումներու սկսած էն յանձագործին եւ կամ յանձագործերու ինքնութիւնը ստուգելու ու օրինական հետապնդման ձեռնարկելու համար։

.
GEDİKPAŞA ERMENİ KİLİSESİ SOKAĞINDA SİLAHLI SALDIRIGedikpaşa Ermeni Kilisesi sokağında 5 Mayıs 2013, Pazar günü vukuu bulan silahlı saldırı haberleri basında yer aldı.

Yayılan ilk haberlere göre, Patrikhane ve Patriklik Kilisesi üzerine silahlı bir saldırı yapılmıştı.

Esasında, Patrikhane ve Patriklik Kilisesi üzerine herhangi bir silahlı saldırı gerçekleşmemiştir. Edinilen son bilgilere göre, olay Pazar günü Gedikpaşa Ermeni Kilisesi sokağında cereyan etmiştir. İki veya üç kişiler tabancalarını havaya kuru sıkı ateşleyerek sokaktan geçmişlerdir. Olayın kilise ile ilgisinin olup olmadığı henüz kesinlik kazanmış değildir. Gerekli soruşturmalara başlayan güvenlik güçleri, zanlıların yakalanması için çalışmalarını yürütmektedirler.

Share

Most Recommended