ՈՍԿԻ ՏԱՂՏԷԼԷՆԻ «ԵՐԱԶԱՆՔԻ ՊԱՀԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ՏԱՐԻՆԵՐԷՍ» ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ (Յակոբ Վարդիվառեան – Նիւ Եորք)

 

1yGZKNH0hPWJnIZ4mxBgI0bKSb

Ոսկին` Մեծարենցի նման կը փնտռէ իր յուշերը, որոնք
թարմ ու անջնջելի մնացեր են իր հոգիին մէջ, առաջի´ն յուշերն իսկ։
Դոկտ. Վարդ Շիկահեր
Երկա~ր ատենէ ի վեր նիւեորքահայ գրական շրջանակը ա´յսքան մարդաշատ չէր եղած։  Որքան ալ այս քաղաքի մշակութային միութիւնները միացած էին Էսաեան-Կեդրոնական սանուց միութեան այս ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակելու մտադրութեանբ, սակայն մեծարուող գրագիտուհին` 90ամեայ տիկին Ոսկի Տաղտէլէն (Մարզվանեան` Սեբաստիա ծնած) իր տարիներու կրթական կեանքով ու իր հարուստ անհատականութեամբ ի մի էր հաւաքել երբեմնի իր ուսանողները, ընթերցողները եւ գրասէրները։Փետրուար 23, 2013, Շաբաթ երեկոյեան բերնէ բերան լեցուն սրահի մը մէջ ըլլալու հաճոյքը վայելեցին ամէն անոնք, որոնք տակաւին այս ափերուն վրայ կը հաւատան հայերէն գիրքի տարածման առաքելութեան, հայերէն լեզուի պահպանութեան։  Անոնք եկած էին Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ «Գալուստեան» սրահը հաղորդուելու անգամ մը եւս մայրենի լեզուի անուշութեամբը։  Սրահին մէջ ակներեւ էր նաեւ շրջանի հայ մտաւորականներէն շատերու ներկայութիւնը. ծանօթ անուններ, հեղինակներ, երաժիշտներ. վերջապէս ընտրանի մը, որուն բաբախուն սիրտը կը տրոփէ միայն հայերէն լեզուով։  Ու այս՝ բարեբախտաբար։

Շնորհահանդէսը կը հովանաւորէր Արեւելեան Ամերիկայի բարեխնամ առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեանը:
Օրուան հանդիսավարը` գաղութի ազգայիններէն յարգուած Արթօ Խրիմեան (ատենապետը` սանուց միութեան) խնամեալ կերպով վարեց բաւականին ճոխ յայտագիրը։  Մօտ կէս ժամ տեւող տեսաերիզի ներկայացումով ներկաները ականատես եղան Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող շնորհահանդէսէն դրուագներու, ուր խօսք էին առած մեր զոյգ վարժարաններու տնօրէնուհիները` տիկիններ Սաթենիկ Նշան (Էսաեան) եւ Սիլվա Գույումճեան (Կեդրոնական), ինչպէս նաեւ` «Մարմարա» օրաթերթի խմբագիրը` Ռոպէր Հատտէճեան, որու տպարանին մէջ խմբագրուեցաւ ու շարուեցաւ գիրքը, հսկողութեանը տակ Մաքրուհի Յակոբեանի։  Գրագիտուհին ընդառաջելով իր հարազատներու խնդրանքին՝ արձանագրել սկսած էր իր կեանքի յատկանշական պատահարներ, պահեր ու դէպքեր, որոնք կը կազմէին Պոլիս ապրած իր օրերու ազգային կեանքի հեւքոտ բայց անուշ օրերը։  1986-էն սկսեալ գրի առած իր քրոնիկներն ու յուշագրութիւնը, որոնք այլապէս ալ հարստացուցած եղան պոլսահայ գրականութիւնը եւ որու ընդմէջէն ընթերցողը կը սկսի ճանչնալ Էսաեանը, Կեդրոնականը, Վոսփորի ափը։  Բացի այդ, նաեւ Նիւ Եորքի ազգային կեանքը, այս անգամ, պոլսահայ մամուլին միջոցաւ ծանօթացնելու թրքահայութեան։  Հոս եւս, կը տողանցեն մեր քաղաքի ամէնօրեայ վարժարանը, մեր տօնական ու ազգային օրերու հանդիսութիւնները, աւանդութիւնները, ամերիկահայ ապրուած կեանքը։

Բայց այս ամէնուն մէջ տիրականը կը մնան հայու հոգին ու հայոց լեզուն իրենց ամբողջական խոր իմաստովը, ինչպէս դար մը առաջ երգած էր Վահան Թէքէեան։  Աւանդապահ իր սերունդի վերջին մոհիկաններէն է տիկին Ոսկին, բայց երբ հետախոյզ աչք մը կը պտտցնէինք սրահին վրայ, կը նշմարէինք թէ տակաւին ոգին ու լեզուն պաշտպանողներու փաղանգ մը գոյութիւն ունի եւ որուն համար միայն կրնանք երջանիկ ըլլալ։

Գեղարուեստական յայտագիրով դաշնամուրի վրայ նուագեց երիտասարդ մեր տաղանդներէն Արթիւր Իբէք՝ հանդես գալով ամբողջութեամբ հայկական յայտագիրով։

Շնորհանդէսին գլխաւոր բանախօսն էր մեր համայնքի շնորհալի արուեստագիտուհիներէն ու ազգային կեանքի զանազան երեսներով իր մասնակցութիւնը բերած Զուարթ Պալըքճեան, որ իր կարգին ան շրջանաւարտ է Էսաեանէն։ Գիրքին յատկանշական երեսները վեր առաւ ան, մերթ ընդ մերթ կարդալով բաժիններ զանազան գլուխներէ։  Խնամեալ լեզուին, տրամաբանութեամբ ընթացող մտածումներու մէջ ազգային ոգիին շեշտաւորումը գնահատեց հեղինակին։

«Իր յուշագրութեանց մէջ կը տողանցեն կրթական մարզին մէջ նուաճումներ արձանագրած ուսուցիչներ, որոնց ազդեցութիւնը ա´յնքան ուժեղ եղած է։  Անոնք սերունդներ են դարբնած ուսման բաձր մակարդակով։  Անոնք ներկայացուած են իրենց դաստիարակչական եւ բնաւորութեան ծանօթագրութիւններով, պատկերացնելով այնպէս ինչպէս որ էին։ Այդպիսիներէն էր անմահանուն տնօրէն Աւետիք Մեսրոպեանը (1923¬1941), որ ըստ տիկին Ոսկիի՝ ան Զէյթունցիի հարազատ ներկայացուցիչ էր։»

«Իր յօդուածները լի են խրատական եւ փիլիսոփայական տողերով։ Դրական է իր բնաւորութեան գիծը։  Կը ջանայ լաւատեսութեամբ դիմաւորել կեանքի վերիվայրումները։  Բնածի՞ն է այդ գիծը` թէ արդի´ւնք ընտանեկան դաստիարակութեան. բայց եւ այնպէս իր կորովի եւ տոկուն խառնուածքով տիկին Ոսկին յաղթական քայլերով անցած է ու կը շարունակէ իր երթը կեանքի ճանապարհին։»

Հրաւիրուեցաւ իր սրտի խօսքը տալու տիկին Ոսկի Տաղտէլէն։  Ան մեզի յիշեցուց անցեալ դարու կէսերուն հանդիսութեանց մասնակիցներու բծախնդրութիւնը շնորհակալութեամբ յիշելու մէկ-մէկ յայտագրին բաժին վերցնողներու եւ կազմակերպող միութիւններու անունները, առանձին,առանձին ներկայ եղող հոգեւորականները (պոլսահայ սովորութիւն)։  Ապա կարճ դրուագներ Էսաեանի օրերէն, որ շատ նուրբ հիւմըրով մը ան եզրափակեց բաւական երկար տեւող հանդիսութիւնը՝ յիշելով իր ուսուցիչներէն մէկուն այլակերպուած գնահատական խօսքերու համովութեամբ։

Վայելչօրէն արտայայտուեցաւ նաեւ հեղինակին նիւեորքաբնակ դուստրը` Ռիթան, որուն քաջալերանքով ու մեկենասութեամբ ալ լոյս աշխարհ եկած էր այս գիրքը։

Խօսք առաւ եկեղեցւոյ հովիւ Աբրահամ քհնյ. Մալխասեան, որ անդրադառնալով այս գիրքին՝ ըսաւ, թէ հոգի ու միտք մատակարարող գործ մը ըլլալէ բացի, ան ուսանելի հատոր մը նկատեց։

Հուսկ խօսք առաւ առաջնորդ սրբազան հայրը` Խաժակ արքեպիսկոպոս, որ   այս հանդիսութեան նախաձեռնութեան մէջ ունեցած էր մեծ դեր, ու շարժառիթին անդրադառնալով՝ կոչ ըրաւ որ նմանօրինակ գրական հաւաքներ յաճախ կատարուին, պարտականութիւն տալով մեր մշակութային միութիւններուն, այսուհետեւ, նախաձեռնարկ ըլլալ։։  Հայերէն լեզուին ծարաւ սերունդ մը տակաւին հրապարակին վրայ այսօր կը շարունակէ բերել մասնակցութիւն ազգային կեանքին։  Էջմիածինէն բերած հայկական գորգ մը «այբուբեն»-ով հիւսուած որպէս յիշատակի ան նուէր յանձնեց տիկին Տաղտէլէնին։

Անակնկալ էր ներկաներուն տօնել Տիկին Տաղտէլէնի ծննդեան 90ամեակը պատրաստուած մասնաւոր կարկանդակով, որ հատեց երջնկութեամբ։  Ըսենք նաեւ որ այս շնորհահանդէսին մէջ նախաձեռնութեան իր բաժինը ունի Հիլտա Ատիլ եւս։

Կ’արձանագրենք համագործակցող կազմակերպութիւններուն անունները. Թէքէեան մշակութային միութիւն, Պոլսոյ Հայ հաստատութիւններու օժանդակութեան ընկերութիւն, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւն, «Հայ տուն» եւ Դպրեվանք սանուց միութիւն։

Մեծ Պահքի օրերուն պատշաճութեամբ ճոխ հիւրասիրութեամբ ներկաները երկար ժամեր համեցան սրահին մէջ։

Յակոբ  Վարդիվառեան
Նիւ Եորք

Share

Most Recommended