Բարեկենդան , բառացի իմաստով կը նշանակէ , կենդանութիւն,բարի կեանք : Սովորաբար բարեկենդան կը կոչուի նաեւ Շաբաթապահքերու եւ Մեծ Պահքի նախընթաց օրը: Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ մի շարք բարեկենդաններ, Բարեկենդան Վարդավառի Պահոց, Բարեկենդան Աստուածածնի Պահոց, Բարեկենդան Սուրբ Խաչի Պահոց, Բարեկենդան Սուրբ Գիրգոր Լուսաւորիչի Պահոց,Բարեկենդան Առաջաւորաց Պահոց , Բարեկենդան Եղիական Պահոց :
Հայաստանեայց Եկեղեցին առանձնակի ճոխութեամբ կը նշէ յատկապէս Բուն Բարեկենդանը.
Մեծ Պահքի բարեկենդանը կը կոչուի ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ, քանի որ կը նախորդէ ամենակարեւոր պահքին: Բարեկենդանը , կենդանական եւ ճոխ ուտելիք գործածելու վերջին օրն է, մարդու երջանկութեան յիշատակնէ, որը դրախտի մէջ Ադամն եւ Եւան վայելած էին:Ան նախ դրախտային կեանքի օրինակ է, ուրտեղ մարդուն արտոնուած էր,ճաշակել բոլոր պտուղները. Բարեկենդանն առաքինութիւնների արտայաայտութիւննէ, այդ օրը մարդիկ սուգէն կ’անցնին ուրախութեան , չարչարանքէն խաղաղութեան:Այս ընկալումով է որ իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ անհատի համար ,խոնարհումով , ապաշխարութեամբ, պահքով եւ ողորմութեան յոյսով կ’սկսի Մեծ Պահքի ճանապարհը, եւ ան կը տեւե 48 օր, Բարեկենդանէն մինջեւ Սուրբ Յարութեան ( Սուրբ Զատիկի )տօնը:
Մեծ Պահքի անմիջապէս յաջորդող շաբաթը կը կոչուի <Աւագ Շաբաթ>, եւ կ’ընդգրէ , Փրկիչի երկրային կեանքի վերջին կարեւորագոյն իրողութիւնները, Յաղթական Մուտքը Երուսողեմ ( Ծաղկազարդ), Վերջին Ընթրիքը , Մատնութիւնը, Չարչարանքը, Խաղաղութիւնը, Մահը, Թաղումը, եւ ի վերջոյ հրաշափառ Յարութիւնը, Սուրբ Զատիկը.
Բարեկենդանին թոյլատրուած է չափաւոր վայելքներ , խրախճանքներ, խաղեր եւ ուտելիքներ, Եւրոպական լեղուով կը կոչուի <Քարնավալ>.
Պահքի շրջանին կ’օգտագործուին բուսական ծագում ունեցող սննդամթերք, պահքի ընթաղքին կը հրաժարուի ոչ միայն որոշակի կերակուրներէն , այլ նաեւ մոլի սովորութիւններէն, շատախօսութիւններէն, ստախօսութիւններէն , Հայհայանքներէն, եւ այլ մեղքերէն.
Ըստ Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցւոյ 2013 թուակիր օրացոյցին 10 Փետրուար2013 կիրակի ,<<Բուն Բարեկենդան>> օրն է,իսկ յաջորդ օր 11 Փետրուար 2013 երկուշաբթի օրը,Մեծ Պահքի առաջին օրն է ,<Սկիզբ Մեծի Պահոց > է:
Պահքի կամ պասի շրջանին կ’օգտագործուի բուսական ծագում ունեցող սննդամթերք, այս ընթացքին, կամաւ կը հրաժարուի ի յանուն հագւոյ զօրացման,ոչ միայն որոշակի կերակուրներէն , այլ նաեւ աշխարհիկ հաճոյքներէ,շատախօսութիւնէ, ստախօսութիւնէ, մոլի սովորութիւններէ, եւ այլ մեղքերէ:
Պահքի 40 օրը կը խորհդանշէ , Քրիստոսի քառասունօրեայ անապատի մէջի աղօթքը,ծոմապահութեան եւ ապաշխարհութեան շրջանը, քառասունօրեայ պահքին կը յաջորդէ մէկ շաբթուայ պահքի շրջան մը որն է<<Աւագ Շաբաթ>>ը:
Մեծ պահքը ունի ութ յիշարժան կիրակիներ, Բուն Բարեկենդան,Արտաքսման Կիրակի,Անառակ Որդիի Կիրակի,Անիրաւ Տնտեսի Կիրակի,Անիրաւ Դատաւորի Կիրակի,Գալստեան Կիրակի , Ծաղկազարդ:(Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդութեան Օրացոյց)
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
ՊԱՀՔ-ի տեսակները(*)
Պահքի օրերը կը բաժնուին երկու խումբերու` Օրապահք եւ Շաբաթապահք: Շաբթուան երկու պահքի օրերը օրապահք կը կոչուին, իսկ հինգ օրերու պարագային` շաբաթապահք: Սովորաբար պահքի օրերը ապաշխարութեան խորհուրդին յատկացուած ըլլալուն համար տօն չեն համարուիր:
- Շաբթուան բոլոր Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը:
- Առաջաւորաց պահքը (ժողովուրդի բացատրութեամբ ` Ս. Սարգիսի Պահք):
- Մեծ Պահքը (ամենէն ժողովրդականը):
- Եղեական պահքը:
- Լուսաւորչի պահքը:
- Վարդավառի պահքը:
- Խաչի պահքը:
- Վարագայ խաչի պահքը:
- Յիսնակի շաբաթապահքը:
- Ս. Յակոբի շաբաթապահքը:
- Ծննդեան շաբաթապահքը:
Ի՞նչ է Մեծ ՊԱՀՔ-ը
Պահքի գաղափարին առաջին անգամ կը հանդիպինք հրեայ ժողովուրդին կրօնական կեանքին մէջ: Երբ կարդանք Ղուկասու Աւետարանը` այնտեղ Փարիսեցիին եւ Մաքսաւորին առակին մէջ կը տեսնենք թէ Փարիսեցին շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահէր:
Քրիստոնէութեան մէջ, պահքի գաղափարը առաջին անգամ կը տեսնենք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մօտ, երբ իր մկրտութենէն ետք անապատ քաշուեցաւ եւ 40 օրեր ծոմ պահեց:
Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան նախալուսաւորչեան շրջանին, երբ քրիստոնէութիւնը հալածանքի ենթակայ էր, կը հանդիպինք սուրբերու եւ ճգնաւորներու, որոնք պահեցողութեամբ եւ ծոմապահութեամբ կ’անցընէին իրենց կեանքի օրերը: Հին սովորութեան համաձայն, պահքի շրջանին ոչ մէկ ուտելիք արտօնուած էր: Այս ժամանակաշրջանին հաւատացեալը կը հրաւիրուէր խիստ պահեցողութեան:
ժամանակի ընթացքին պահքի եւ ծոմապահութեան օրէնքները փոփոխութեան ենթարկուեցան: Պահքին արգիլուեցան կենդանական արտադրութիւնները (միս, կաթ, պանիր, իւղ եւ այլն) եւ ըմպելիքները:
Այս բոլոր արգելքները հիմնուած են Ս. գրքի այն սկզբունքներուն վրայ, ըստ որոնց կերուխումը դուռ կը բանայ մարդկային մոլութիւններու: Հետեւաբար, Մեծ Պահքը «Սուգի» շրջան մըն է, ինքզինքին տրուած կամաւոր պատիժ մը, որուն գլխաւոր նպատակն է նախապատրաստել հաւատացեալը Աւագ Շաբթուան, ուրախութեամբ տօնելու համար Ս. Յարութեան տօնը:
Պահեցողութեան Արժէքը
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցին պահքը հաստատած է երկու նպատակներով`
- Հոգեւոր զօրութեան
- Մարմնական առողջութեան:
Պահք պահելով, մենք միայն կրօնական սովորութիւն մը կամ հայ եկեղեցւոյ ծէսը կատարած եւ յարգած չենք ըլլար: Պահքը մեզի համար թէ հոգեւոր եւ թէ ֆիզիքական օգտակարութիւն կը բերէ:
1. ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՐԺԷՔԸ
Բացի մարմնական օգտակարութենէն, պահեցողութիւնը մարդ արարածի հոգիին եւ հոգեկան առողջութեան կը նպաստէ: Եթէ ինքնազրկումը չխախտենք եւ դիմանանք ըստ պատշաճի պահելով պահքը` մեր կամքին զօրացման համար մարզանք ըրած եւ օգուտ բերած կ’ըլլանք: Ուժեղ կամքի տէր անձն է ան, որ կրնայ պահել պահքը, հեռու պահել իր հոգիէն չար մտածումները եւ կիրքերը:
2. ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔԸ
Պահքի ժամանակ մենք որոշ սննդեղէններէ հեռու կը մնանք, չենք ուտեր զանոնք: Ոմանք կը կարծեն թէ անոնցմէ զրկուելով մարմինը կը վնասուի, կը տկարանայ: Ընդհակառակը, բժշկականօրէն օգուտ է եւ թելադրելի, մարմնի ներքին կազմին եւ արեան մաքրութեան:
Արդարեւ պահք պահելով, հոգ տարած կ’ըլլանք մեր մարմնի եւ հոգիի առողջութեան հաւասարապէս:Մեր մարմինը առողջ կ’ըլլայ, հաւատքը` ամուր, խիղճը` հանգիստ, կամքը` պինդ: Մեր ուշադրութիւնը կը դարձնենք մարդկային, հոգեւոր եւ Աստուածային ճշմարտութիւններու եւ արժէքներու վրայ:
Բոլորին ամենայն բարիք:
Տքթ.Սարգիս Ատամ
(*)Քաղուածք:
Պահք ու Պահեցողութիւն Հայ Եկեղեցւոյ Կեանքի Մէջ:(Հայազատ Քհնյ.Մարտիկեան)