ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՈՂԲԱՑԵԱԼ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՑԵՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ  ՈՂԲԱՑԵԱԼ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՑԵՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

 

Շաբաթ, Յունուար 19, 2013ին կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, Մոնթէպէլլոյի Հայոց Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարողութեամբ հոգեւորականներ՝  Արժ. Տ. Յարութիւն Քհնյ. Թաշճեանին որ կը ներկայացնէր Արեւմտեան Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեանին, Վերապատուելի Յովսէփ Մաթոսեանին, Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Խաչատուրեանին: Իսկ խօսք առին Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ եւ Միութեան հոգաբարձու՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գ. Աւետիքեան, Գործադիր Մարմնի Վարչութեան ատենապետ՝ Գուրգէն Պէրքշանլար եւ The Armenian Observer շաբաթաթերթի տէր եւ տնօրէն՝ Փրօֆ. Օշին Քէշիշեան: Ներկայ էին Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան եւ միութեան անդամներ ու համակիրներ որոնք ծաղկեպսակ զետեղեցին ի յիշատակ Հրանդ Տինքին հոգւոյն:

 

ՄՈՄԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

 ՈՂԲԱՑԵԱԼ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Գրեց՝ Մարիէթ Մինասեան-Օհանէս

            Գիշերը յստակ եւ մեղմ էր: Վշտի արտայայտութիւնները զգալի էին եւ մրմունջները կը խզէին սրահին լռութիւնը, իսկ մոմերուն բոցերը կը լուսաւորէին մթութիւնը, որոնց ընդմէջէն ներկաներուն մտածումներն ու աղօթքները կ՛ուղղուէին ողբացեալ Հրանդ Տինքին:

            Այս էր տեսարանը Շաբաթ գիշեր, Յունուար 19, 2013ին, Պոլսահայ Միութեան «Հրանդ Տինք» սրահին մէջ ուր հաւաքուած էին միութեան անդամներ ու համակիրներ, մոմավառութեան եւ հսկումի արարողութեան, հանգուցեալ Հրանդ Տինքի յիշատակին: Բացման խօսքը կատարեց օրուան խօսնակ՝ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ բոլորը հրաւիրեց վայրկեան մը յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցանելու հանգուցեալին հոգւոյն: Ապա հրաւիրեց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Յարութիւն Քհնյ. Թաշճեանը որ կը ներկայացնէր Արեւմտեան Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը որպէսզի կատարէ Հոգեհանգստեան արարողութիւնը: Տէրունական աղօթքէն եւ հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, Քահանայ հայրը արտայայտուեցաւ ըսելով.« Զգացուած ենք եւ մեր հոգիներուն մէջ մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած Հրանդ Տինքի հոգւոյն ի հանգիստ: Ան եղաւ սպիտակ աղաւնին որուն խորհրդանիշը պայծառացած է բոլորիս սրտերուն մէջ: Հրանդին արդարութեան ձայնը Աստուծոյ խաղաղութեան մէջ կը ճախրէ եւ իր արդար վարձատրութիւնը կը ստանայ եւ այդ աղաղակող ձայնը մեր սրտերուն մէջ կը բաբախէ»:

Ապա Տոքթ. Աւետիքեան արտայայտուեցաւ թէ Հրանդ Տինքի անգութ եւ անարգ սպանութիւնը հետեւանք էր թուրք իշխանութիւններու կողմէ կատարուած ճնշումներուն, մի անգամ ընդ միշտ լռել տալու Տինքի արդար դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ, պահանջելով անոնցմէ ընդունիլ պատմական այս ճշմարտութիւնը: Ապա իր շնորհակալութեան խօսքերը արտայայտեց ձեռնարկին յաջողութեան բոլոր մասնակիցներուն, ապա հրաւիրեց Միութեան Գործադիր Մարմնի վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Գուրգէն Պէրքշանլարը:

Տիար Պէրքշանլար բացատրեց թէ Հրանդ Տինքի մահուան օրը նոր սկիզբ մը իմաստ առաւ ոչ թէ իբրեւ վերջակէտ, այլ՝ որովհետեւ այդ դժբախտ օրը պատճառ դարձաւ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս ապրող ժողովուրդին պոռթկումին, հարց տալով՝ ինչ:ու: Արդեօք ինչ:ու համար Հրանդին դէմ այս ահաբեկչական կապարը ուղղուած էր: Ի:նչ պատահած էր  1915ին: Հրանդ ի:նչ բանի համար պայքար կը մղէր որ նախընտրուեցաւ անոր անձայնացնել իր դէմ մահափորձ ուղղելով: Ան, բաղդատմամբ Սփիւռքի մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան մտաւորականներէն տարբեր ըլլալով, եղած էր ծանօթ ըմբոստ անձ մը Թուրքիոյ մէջ ապրող զանազան ժողովուրդ եւ փոքրամասնութեանց կողմէ: Իր այդ ըմբոստութիւնը դուրս տուած էր հայ ժողովուրդին դէմ եղած անիրաւութեանց նկատմամբ, սակայն միշտ ուշադիր ըլլալով որ իր գրութիւնները որեւէ կերպով թուրք ժողովուրդին անարգանքի ձեւով չ՛ըդունուին եւ անոնց զգացումները չվիրաւորուին:

Այդ պատճառով էր որ իր պայքարը տարբեր տեղ մը գրաւած էր ժողովուրդին սրտերուն մէջ: 100,000 անձեր  երբ կը քալէին իր յուղարկաւորութեան թափօրին ետեւէն, թրքերէնով կը պոռային. «բոլորս հայ ենք, բոլորս Հրանդ ենք» ցուցաբերելով իրենց գաղափարային մերձեցումը, հանդէպ Հրանդ Տինքին կեանքին ընթացքին մղած պայքարին:

Տիար Պէրքշանլար ըսաւ. «Այն փամփուշտը որ Հրանդ Տինքը սպաննեց, այդ օր ժողովուրդին զարթնումի սկսելու օրը եղաւ»: Ատենապետը շեշտեց թէ իբրեւ հայ ժողովուրդ, այն յարաբերութիւնները որ ունինք թուրք մեծերուն հետ, եթէ անոնց հետ համաձայն գործակցութիւն մը իրականացնենք, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունելու արդարութեան ինքնաճանաչման գծով Թուրք ժողովուրդին կողմէ, մեր այս աշխատանքին արդիւնքը աւելի կ՛արագանայ»:

Հրաւիրուեցաւ երգչուհի Լուսիա Մունը (Պապաեանց), որուն հակիրճ կենսագրականին ընթերցումէն ետք ան յայտնեց թէ ծարաւն ունէր տարբեր մշակոյթներուն մասին գիտնալու եւ իր երգած երգին մասին կարգ մը բացատրութիւններ տալէ ետք ընթերցեց ինքնագիր ոտանաւոր մը «Մենք ցրուած ենք սակայն միացած ենք» խորագրով որ ինքնին պատգամ մըն էր թուրք երիտասարդներուն: Ցուցադրուեցաւ Տէր Զօր անուն երգը իր երգեցողութեամբ:

Նաեւ, ցուցադրուեցաւ «Վերադարձ Հայաստան» հեռուստատեսիլի ծրագրի տէր մտաւորական Յարութիւն Պրոնոզեանի կողմէ առաջարկուած Հրանդ Տինքի մասին  կարճ տեսաժապաւէն մը, որ կ՛ընդրկէր մարդկային իրաւունքներուն եւ ցեղասպանութեան մասին, որուն մէջ Հրանդ Տինք կ՛արտայայտուէր ըսելով թէ ինչպէս հայը կռիւ ունի իր արմատներուն հետ որ թուրքերը կտրեցին: Թէ մենք պետութիւնը ճնշելու որեւէ բան չունինք, եթէ բան մը պիտի ըլլար ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, այդ էական բանը երկրին ժողովրդավարական շարժումին արդիւնքը պիտի ըլլար եւ իւրաքանչիւր հայ որ կ՛օգնէ այս շարժումին իրականութեան մէջ օգնած կ՛ըլլայ հայ ազատագրման շարժումին:Հրաւիրուեցաւ Երիտասարդաց յանձնախումբի անդամներէն՝ Ալեքս Ակինեանը, որպէսզի Հրանդ Տինքի մահուան եւ մարդկային իրաւունքներուն մասին իր վերլուծումները փոխանցէ: Ան յայտնեց թէ Հրանդ Տինք ի զուր չէ որ մահացաւ: Անոր մահով այն բոլոր խնդիրները որոնց համար ան պայքարեցաւ, են այսօր ինչպէս վեց տարիներ առաջ: «Դիւրին է կորսուիլ այս ողբերգութեան մէջ» ըսաւ Ալեքս, «ժամանակն է որ դէպի յառաջ երթանք, այդ հին հոգեբանութիւնը որուն մէջ կը տուայտինք բոլորս, պէտք է փոխուի եւ նոր նախադասութիւններ գրուին, միա՛սնաբար գրելով: Կատարեն՛ք միասնաբար ինչ որ Հրանդ Տինքը ըսաւ մեզի, պաշտպան՛ենք մեր մշակոյթը եւ ժառանգութիւնը եւ վերաշինե՛նք մեր ժողովուրդին գեղեցիկ պատմութիւնը, միշտ յիշելով որ պատահածը վիշտ կամ կորուստ չէ, այլեւ՝ հպարտանք եւ յարատեւութիւն: Այսպէ՛սով է որ կրնանք պատուել Հրանդ Տինքը ցոյց տալով որ իր մահը ի զուր չէր, գովաբանելով զայն մեր միասնականութեան եւ յաջողութեան ընդմէջէն»:

Ցուցադրուեցաւ «Մի՛ կորսուիք տղաք» տեսաժապաւէնը Կարապետ Օրունուզի պատրաստութեամբ: Տեսաժապաւէնը կը պատմէր «Արմէն ճամբար»ին մասին ուր որբեր տեղաւորուած էին եւ ուր եղբայր մը եւ իր քոյրը որոնք տարբեր ընտանիքներէ եկած որբեր ըլլալով, հոն  գտնուած էին: Տասնըհինգ տարիներ վերջ, ուղարկուած նամակով մը կը հասկնան որ իրենք քոյր եւ եղբայր են եւ նոյն տեղը զիրար կը միանան: Նշենք թէ սոյն ճամբարին մէջ Հրանդ Տինք եւ իր կողակիցը Րաքէլը՝ հասակ առած են, ուր ապա Հրանդ պաշտօն ստանձնած է իբրեւ փոքրերու վերակացու: Սոյն ճամբարը պետութիւնը հայոց ձեռքէն բռնագրաւած էր եւ անվճար ըլլալով տրուած է ուրիշներուն:

Ձեռնարկի գիշերը ներկաներուն մէչ գտնուող ազնիւ համակիր մը՝ Տիար Վահէ Յովհաննէսեան, Պոլսահայ Միութեան նուիրեց Հրանդ Տինքի իր գեղանկարած դիմանկարը:Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

Share

Most Recommended