13:41 • 09.03.12
Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի «Մենք ու Մերոնք» սիւնակի տակ Բագրատ էսդուգեանի ստորագրութեամբ կը կարդանք.
«…Հայը գնում է կնճիռը ճակտին, — Ո՞ւր ես գնում Հայ շինական — Դէպի Պանդխտութիւն, դէպի պանդխտութիւն…»
Հեռաւոր ափերէ եկած ել-նամակին հեղինակը սրտցաւ սփիւռքահայ մըն էր։ «29 տարի առաջ հեռացայ Թուրքիայէն, որովհետեւ հայ ըլլալով Թուրքիա ապրելէ յոգնեցանք»,- ըսելով սկսած էր տողերը։ Հետեւելով Խոջալուի սպանդին 20ամեակին առիթով կագմակերպուած հակահայ ցnյցին լրատւութեան, կը մտահոգուէր մեզի՝ թրքահայերուս համար։
«Թողեցէք այդ երկիր