Կիրակի, Յունուար 22, 2012ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30ին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ ծաղկեպսակի զետեղում, հանգուցեալ նահատակ Հրանդ Տինքի հոգւոյն համար, Մոնթեպելլոյի Հայոց Յուշարձանին առջեւ:
Բացման խօսքը արտասանեց Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, բացատրութիւններ տալով Հրանդ Տինքի նահատակութեան եւ դատավարութեան շրջանի վերջաւորութեան մասին: Հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարեց եւ Տինքի հերոսութեան մասին խօսք առաւ նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի նախկին առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Կուժ Սրկ. Խաչ