[ASBAREZ] (Arm) Dink Murderer Sentenced to 22 Years

ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Յուլիս 25ին, Պոլսոյ անչափահասներու յատուկ ատեաններէն մէկը, 22 տարուան եւ 10 ամսուան բանտարկութեան դատապարտեց «Ակօս» թերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթը:


Ոճիրը տեղի ունեցած էր Յունուար 19, 2007ին, որմէ ետք տասնեակներով կասկածելիներ ձերբակալուած են:


Ամբաստանեալներու շարքին կան նաեւ Սամասթը այս սպանութեան մղած ազգայնամոլներ եւ ոստիկաններ, ինչպէս նաեւ ոստիկանապետներ, որոնք գիտնալով հանդերձ, թէ Տինքի կեանքը վտանգուած է, բաւարար քայլերու չէին դիմած անոր ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար:


Սամասթ, որուն դատավարութիւնը սկսած էր չափահասներու ատեանի մը մէջ, աւելի ուշ սկսած էր դատուելու անչափահասներու ատեանի մը մէջ, որովհետեւ ան 18 տաŒ

Share

Most Recommended