ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Սթար» թերթին մէջ հրատարակուած լուրի մը համաձայն, Թուրքիոյ մշակոյթի նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ յայտնած է, թէ քիւրտ հեղինակներէն Ֆաքիհի Թէյրանի մէկ գիրքին առընթեր, նախարարութիւնը պիտի տպէ նաեւ հայերէն եւ ասորերէն գիրքեր։ «Ամէն տարի, նման քանի մը գիրք պիտի տպենք», ըսած է նախարարը։
«Առայժմ, անշուշտ յայտնի չէ, թէ նախարարը ո՞ր գիրքերուն կ՛ակնարկէ», կը գրէ «Մարմարա»: