ՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա» կը յայտնէ, որ Ֆէրիգիւղի «Մէրամէթճեան» վարժարանի «մայնտ լապ»ի խումբը, երրորդ անգամ Թուրքիոյ ախոյեան հանդիսացած էր եւ իրաւունք շահած Թուրքիան ներկայացնելու «մայնտ լապ»ի միջազգային ողիմպիականներու մէջ։
Մէրամէթճեանցիները, 2009ին Վենետիկի մէջ երկրորդ հանդիսացած էին, իսկ անցեալ տարի ալ կրկին յաջող արդիւնքներ ապահոված էին Պուտափեշթի մէջ։
Այս անգամ միջազգային ողիմպիականները, Յունիս 15-19 կայացան Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ եւ աշխարհի չորս ծագերէն 12 խումբեր պայքարի մտան մրցանակային տեղերու համար։ Մէրամէթճեանցի աշակերտներն էին՝ Թարաքճըօղլու, Սէր