Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբին Դասախպօսական Երեկոն Եւ Տեսաժապաւէնի Ցուցադրութիւն (ASBAREZ)

Friday, October 17th, 2014 | Posted by Asbarez Staff

Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբին Դասախպօսական Երեկոն Եւ Տեսաժապաւէնի Ցուցադրութիւն

ՄԱՐԻԷԹ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ՕՀԱՆԷՍ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2014ի երեկոյեան ժամը 8ին, Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբը կազմակերպած էր վաւերագրական տեսաժապաւէնի ցուցադրութեան երեկոյ մը՝ հիւր ունենալով Պոլիսէն «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագիր եւ բաժնետէր, ինչպէս նաեւ IMC պատկերասփիւռի «Կամուրջ» յայտագիրի խօսնակ Արիս Նալճըն:
Միութեան մշակութային յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, սկսաւ ցուցադրութիւնը տեսաժապաւէնին, որ կը պատմէր 44 ուղեւորներու մասին, որոնք 36 ժամ մեծ ընտանիքի մը նման ուղեւորուեցան միեւնոյն հանրակառքին մէջ։
Տեսաժապաւէնին հիմնական նպատակն էր որոշ լոյս սփռել այն մարտահրաւէրներուն վրայ, որոնք դիմագրաւուած են հայ գաղթականներուն կողմէ, որոնք Թուրքիա եկած են Վրաստանի տարածքով, ինչպէս նաեւ՝ բարձրացնել իրազեկութիւնը այն ճանապարհորդական խնդիրներուն մասին, որոնք մասնաւորապէս կապ ունին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հետ:
Ցուցադրութենէն ետք, տոքթ. Աւետիքեան ընթերցեց Ա. Նալճըի կենսագրականը, շնորհակալութիւն յայտնեց հոգաբարձութեան ատենապետ իրաւաբան Էտուին Մինասեանին, գործադիր յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Մարուքեանին, մշակութային յանձնախումբի անդամներ Կարպիս Սարաֆեանին, Օհաննէս Սապունճուին, Ռիթա Սապունճուին, Թալին Սարաֆօղլուին եւ Լիզա Կայտային՝ անոնց աջակցութեան համար:
Ապա հրաւիրուեցաւ հիւր դասախօսը, որ բացատրութիւններ տուաւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի՝ երկու փակ երկիրներուն եւ երկու հեռու հարեւաններուն մասին, որոնք ողջ պատմութեան ընթացքին բաժնեկցած են նոյն հողը: «Այսօր, այդ երկու ժողովուրդները, թէեւ կ՛ապրին կողք կողքի, սակայն զիրար անտեսած են», ըսաւ Արիս Նալճը՝ ֆիլմարտադրիչ եւ ծրագիրի համակարգողը, որ կը հետապնդէ կեանքն ու պատմութիւնը ուղեւորներուն, վարորդներուն եւ հանրակառքերուն, որոնք կը ճանապարհորդուին Երեւանի եւ Պոլսոյ միջեւ՝ ամէն շաբաթ: Քանի սահմանը փակ է երկու երկիրներուն միջեւ եւ միայն մէկ ճանապարհ առկայ է, ուղեւորութիւնը կը տեւէ 36 ժամ՝ անցնելով Վրաստանի տարածքով:
Նալճը տեղեկացուց նաեւ արտահանցի Էրհան Արըքի մասին, որուն հետ ինք նկարահանումներ կը կատարէ, լրագրութեան նշանաբան ունենալով՝ «եթէ պիտի գրէ, ապա պէ՛տք է տեսնէ»ն:
Դասախօսը անդրադարձաւ Հայաստան իր կեցութեան, Լիբանան այցին, նաեւ Պոլսոյ եկեղեցիներուն, դպրոցներուն ու թեմերուն, եւ շեշտեց, թէ հայ երիտասարդները կը քալեն հանգուցեալ Հրանդ Տինքի սկզբունքներու ճամբայէն, անոր կտակը կիրարկելու մտօք:
Առիթ տրուեցաւ ներկաներուն ներկայացնելու զիրենք հետաքրքրող բոլոր հարցումները, որոնց պատասխանեց դասախօսը: Ապա միութեան հոգաբարձութեան ատենապետ իրաւաբան Էտուին Մինասեանը, բանախօս Նալճըն գնահատեց նուէրով մը՝ միութեան կողմէ նուիրուած:
Դասախօսութեան յաջորդեց պատշաճ հիւրասիրութիւն եւ լուսանկարում:
Նշենք, թէ դասախօսը այլ ելոյթներ ունեցաւ նաեւ Լոս Անճելըսի Occidental College-ին մէջ, ուր հրաւիրուած էր Հայ Յեղախոխական Դաշնակցութեան «Շան»չ ուսանողական միութեան կողմէ, «Հայ-թուրք յարաբերութիւնները» նիւթով դասախօսելու՝ «Հայերն ու յառաջադէմ քաղաքականութիւն» գիտաժողովին ընթացքին. նաեւ, անցեալ ամիս ան մասնակցեցաւ Մեսեչուսեցի Արուեստից հիմնարկին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան փոխհատուցման եւ Հայաստանի յառաջդիմական քաղաքականութեան մասին կայացած գիտաժողովին, խումբ մը ականաւոր այլ բանախօսներու կողքին:

ԱՐԻՍ ՆԱԼՃԸԻ ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆԸ

Ծնած է 1980 թուականին: Աւարտած է Մերամեթճեան հայ վարժարանը եւ Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանը, ապա՝ «Եըլտըզ» արուեստից համալսարանէն վկայուած է իբրեւ արհեստից երկրաչափ:
Սկսած է աշխատելու «Ակօս» շաբաթաթերթի հայկական թերթին մէջ, 1997էն մինչեւ 2011, որպէս խմբագիր եւ բաժնետէր: Ան գրած է յօդուածներ «Պիրկիւն» օրաթերթին, «Ռատիքալ» օրաթերթին եւ «Պէյօղլու» շաբաթաթերթին մէջ: Նաեւ՝ շատ այլ հայկական եւ թրքական թերթերու մէջ:
Բացած է իր առաջին ցուցահանդէսը՝ պարի լուսանկարչութեան մասին, Անգարայի մէջ, 2006ին: Նաեւ, արտադրած է Թուրքիոյ տարածքին շատ ընկերութիւններու համար եւ յաճախած է պարային ընկերութիւններու Lyon Dance Biennial հիմնարկը։
Խորհրդակցած եւ կառավարած է տասնեակ մը ծրագիրներ՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, ինչպէս՝ թուրք-հայկական երկխօսութիւնը, լրագրութեանց փոխանակում, գիտաժողովներ Թուրքիոյ մասին Հայաստանի մէջ, իսկ Հայաստանի մասին՝ Թուրքիոյ մէջ:
Մինչեւ հիմա ան կ՛աշխատակցի Թուրքիոյ IMC հեռատեսիլի կայանին, որպէս արտադրիչ եւ խմբագիր:
Նալճը 2011ին հիմնած է Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն մասին հեռատեսիլի առաջին ներկայացումը՝ «Կամուրջ» խորագիրով, որ տակաւին կը շարունակուի: Ան բեմադրած է կարգ մը վաւերագրական ժապաւէններ հայ ժողովուրդի հարցերուն, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն եւ խօսքի ազատութեան մասին, ինչպէս՝ «Avtobus» (2012) եւ «23 եւ Կէս Մը» (2013):

Share

Most Recommended