ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ (OIA)

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

 

Սիրելի Անդամներ եւ Բարեկամներ,

 

Մինչ կը ձեռնարկենք Պոլսահայ Միութեան համար նոր շրջանի մը, կ՛ուզենք նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց որոնք իրենց ծառայութիւնը ամբողջացուցին իրենց Վար-չութիւններուն եւ յանձնախումբերուն մէջ, նաեւ կ՛ուզենք բարի գալուստ մաղթել անոնց որոնք ընտրուած են կամաւոր ծառայութիւն բերելու: (Հոգաբարձութեան եւ Գործադիր Յանձնախումբի ներկայ անդամներուն ցանկը պիտի տեսնէք Միութեան լրատուին մէջ): Բարի գալուստ կը մաղթենք նաեւ նորակազմ «Յատուկ Ձեռնարկներու Յանձնախումբին» իրենց  ուժեղ մասնակցութեան համար Միութեան ձեռնարկներուն ծառա-յութեան, ինչպէս նաեւ մեր համայնքին: «Ձկնորսներու Գիշերուան» անցած խրախճանքը լրիւ յաջողութիւն էր որ Միութեան ֆոնտերու նիւթական կարիքին բաւարար օգուտ ունեցաւ:

Այս նոր շրջանին կ՛ակնկալենք մեր անխոնջ աշխատանքով նուազեցնել միութեան շինարարութեան մնացեալ պարտքը, շարունակելով մեր հաստատուն գնացքը դէպի ամուր ելեւմտական ապագայ: Անշուշտ շատ ուշադիր մնալով մեր անդամներուն եւ համայնքին հանդէպ, մեր մշակոյթը պահպանելու համար ձեռնարկներ կազմակերպելով: Միութեան Մշակութային Յանձնախումբը Քոյր Միութիւններու աջակ-ցութեամբ, Տիկնանց եւ միւս Յանձնախումբերը ապագայ ծրագիրներ ունին կրկնապատիկ ձեռնարկներու: Նոր Տարուան սկզբնաւորութեան, մեր առանցքային միջոցառումը պիտի ըլլայ հանգուցեալ Հրանդ Տինքի սպանութեան եօթներորդ ոգեկոչումը, որուն համար պիտի կազմակերպենք շատ հարուստ եւ դաստիա-րակչական ձեռնարկ մը: Հպարտ ենք յայտարարելու թէ այս տարի մենք պիտի շնորհենք Հրանդ Տինքի Կտակին մեր առաջին Ազատութեան մետալն ու մրցանակը: Ծանուցումը պիտի յայտարարուի մօտ ատենէն: Նաեւ, մենք ըլլալով շատ գործօն անդամ մը  Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճէլըսի Միացեալ Մարմնին, պիտի ունենանք գլխաւոր մասնակցութիւն՝ Հարիւրամեակի ոգեկոչումներուն առթիւ Մոն-թէպէլլոյի Հայոց յուշարձանին առջեւ:

Բոլորս միասնաբար կ՛աշխատինք զանազան յայտագիրներով ծառայելու մեր համայնքին, ըլլան անոնք փոքրերու, տարեցներու եւ միջին տարիքի, պարի դասընթացքներով, թատերական խումբեր կազմելով, Կեդրոնը բաց պահելով ընդհանուր անդամակցութեան եւ բարեկամներու, Հայկական ճաշեր հրամցնելով: Այս բոլորը աշխատանքի ընթացքի մէջ են: Նաեւ, ծրագրուած է կազմակերպել դաստիա-րակչական սեմինարներ, ինչպէս նաեւ դպրոցներու եւ այլ աշխատանքներու վերաբերեալ համացանցեր մեր երիտասարդ ուսանողներուն եւ մասնագէտներուն համար: Միութեան կայքէջն ալ բարեփոխման վիճակի մէջ է, միշտ ուշադիր մնալով մեր բարեսիրական նպատակներուն: Հակառակ մեր նիւթական դժուարու-թիւններուն, մենք կը շարունակենք կրթաթոշակներ  եւ նիւթական օգնութիւններ յատկացնել արժանի աշակերտներուն:

Հաճեցէք միանալ մեզի, կամաւոր աշխատանք բերելով մեր զանազան Յանձնախումբերուն մէջ, ձեր նիւթական օժանդակութեամբ եւ ներկայ գտնուելով միութեան ձեռնարկներուն, նաեւ, քաջալերելով ձեր զաւակները մասնակցելու, որովհետեւ անոնք են Պոլսահայ Միութեան ապագան: Եթէ որեւէ առաջարկներ, յանձնարարութիւններ եւ կառուցողական քննադատութիւններ ունիք, կրնաք զանոնք մեզի փոխանցել, տրուած ըլլալով որ բարելաւութիւններու նկատմամբ միշտ պատրաստակամ ենք, որպէսզի այս միութիւնը լաւագոյնը կարենայ ըլլալ:

ՊՈԼՍԱՀԱՅ  ՄԻՈՒԹԵԱՆ

 

Հոգաբարձութեան                            Գործադիր Յանձնախումբի

                                                       Ատենապետ                                                   Ատենապետ

                                                 ԷՏՎԻՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ                                  ՌԱՖՖԻ  ՄԱՐՈՒՔԵԱՆ

Share

Most Recommended