ՈՉ ԵՒՍ Է ՊԵՏԻ ԶԻՎԷՐ (Jamanak-Istanbul)

ՈՉ ԵՒՍ Է ՊԵՏԻ ԶԻՎԷՐ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է մեր հա­մայն­քի ե­րէց սե­րուն­դի շատ սի­րուած ու յար­գուած դէմ­քե­րէն մին՝ Պե­տի Զի­վէր։ Յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քի մէջ, դժբախ­տա­բար ան ու­նե­ցած է ա­ռող­ջա­կան վե­րի­վայ­րում­ներ, իսկ բո­լո­րո­վին վեր­ջերս ան­ցու­ցած ու­ղե­ղի ա­րիւ­նա­հո­սու­թիւ­նը անշր­ջա­դար­ձե­լի հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­ցած է իր տե­սա­կէ­տէ։ Հա­կա­ռակ բժիշկ­նե­րու մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րուն եւ հա­րա­զատ­նե­րու խնամ­քին, կա­րե­լի չէ ե­ղած Պե­տի Զի­վէ­րի կեան­քը փրկել։

Ինք­նու­րոյն նկա­րագ­րով, հա­ղոր­դա­կան բնա­ւո­րու­թեամբ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն էր Պե­տի Զի­վէր, որ մեծ հա­մակ­րանք կը վա­յե­լէր հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն մօտ։ Բա­րե­կամ­նե­րուն կող­մէ այն­քան սի­րուած եւ միշտ փնտ­­ռուած՝ գու­նա­ւոր անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն էր, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ կա­րե­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն բե­րած էր մեր հա­մայն­քին, մաս­նա­ւո­րա­բար կրթա­կան կա­լուա­ծէն ներս։ Անգ­լե­րէ­նի դա­սա­խօս էր թէ՛ մեր վար­ժա­րան­նե­րուն մօտ եւ թէ հա­մալ­սա­րա­նա­կան մա­կար­դա­կի վրայ։ «Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րա­նին մօտ դա­սա­ւան­դած էր եր­կար տա­րի­ներ եւ կը վա­յե­լէր հե­ղի­նա­կու­թիւն։ Սե­րունդ­ներ հաս­ցու­ցած էր Կեդ­րո­նա­կան եւ Մխի­թա­րեան վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ։ Եր­կար տա­րի­ներ ե­ղած էր նաեւ Գա­րա­կէօ­զեան Տան հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը։ Վար­չա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն ստանձ­նած էր Թրքա­հայ ու­սուց­չաց միու­թեան մօտ։ 1990 թուա­կա­նի պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան ժա­մա­նակ ընտ­րուած էր ազ­գա­յին պատ­գա­մա­ւոր՝ Ֆէ­րի­գիւ­ղէն։

Ան կը ճանչցուէր նաեւ մեր մշակոյթին նկատմամբ տածած նախանձախնդրութեամբ ու սիրով։

Պե­տի Զի­վէ­րի հրա­ժեշ­տը լուրջ կո­րուստ մըն է մեր հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ եւ իր յի­շա­տա­կը ան­թա­ռամ կը մնայ մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քէն ներս։

Այս տխուր առ­թիւ մեր խո­րազ­գած վշտակ­ցու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք իր կո­ղակ­ցին՝ նոյն­պէս ար­ժէ­քա­ւոր կրթա­կան մշակ Մե­րի Զի­վէ­րի, որ եւս դժբախ­տա­բար կը տա­ռա­պի ա­ռող­ջա­կան լուրջ խնդիր­նե­րէ։ Կը ցա­ւակ­ցինք նաեւ իր հա­րա­զատ­նե­րուն եւ բա­րե­կամ­նե­րուն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2015
.

Պոլսահայ Միութեան ՀոգաբարձութեանԳործադիր Յանձնախումբի,Մխիթարեան եւ Կեդրոնական Յանձնախումբերու եւ իրենց Սաներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր Յանձնախումբերուն եւ համայն անդամներուն անունով կըփոխանցենք մեր խորին ցաւակցութիւնները

Իր կողակցին՝ Մէրի Զիվէրի

Իր դուստրին՝ Տէր եւ Տիկին Արամ եւ Թիլլի Իշնար

 

 

On behalf of a grateful Organization of Istanbul Armenians; the Board of Trustees, the Executive Committee, Mekhitarian and Getronagan Alumni Committees and their Alumni and all the other committees and our entire membership we convey our heartfelt condolences 

to

His widow Ms. Mary Ziver

His daughter Mr. & Mrs. Aram and Tilly Işnar

Share

Most Recommended